Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակին Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 75-Ամեակին Առիթով. «Անձեռնմխելի Արմատներ» Խորագիրով Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

Օգոստոս 14, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

MousaLer1__8-13-15

Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակին եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակին առիթով հինգշաբթի, 13 օգոստոս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Անձեռնմխելի արմատներ» խորագիրով ժապաւէնին ցուցադրութիւնը:

Ձեռնարկին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի կեդրոնական մարմինի ատենապետ Եսայի Հաւաթեան: Ան ըսաւ, թէ 2004-ին եւ 2010-ին մուսալեռցիք բախտաւորութիւնը ունեցան այցելելու իրենց պապենական գիւղը, որ երկար տարիներ չէին կրցած այցելել: Ապա յայտնեց, թէ ներկայացուելիք վաւերագրական ժապաւէնը ծնունդ առած է առաջարկէ մը եւ իրականութիւն դարձած  շնորհիւ դոկտ. Մարալ Պոյաճեանին, Լիզա Տորտուլեանին եւ Ասօ Մախուլեանին, ինչպէս նաեւ 24 երիտասարդներու, որոնց բոլորին  շնորհակալութիւն յայտնեց:

Եսայի Հաւաթեան
Եսայի Հաւաթեան
Դոկտ. Մարալ Պոյաճեան
Դոկտ. Մարալ Պոյաճեան

Բացման խօսքին յաջորդեց դոկտ. Մարալ Պոյաճեանի խօսքը: Ան խօսեցաւ Մուսա լեռ ուխտագնացութեան եւ վաւերագրական ժապաւէնի պատրաստութեան հանգրուաններուն մասին, թէ ինչպէ՛ս խումբ մը ուսանողներ եւ սկաուտներ  որոշեցին մեկնիլ Մուսա լեռ` Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան 40 օրերը» վէպին ընթերցումէն ետք, որ առաջարկուած էր «Էն. Տի. Եու.» համալսարանի դասախօս դոկտ. Եուճին Տապպուսի կողմէ :

Մարալ Պոյաճեան անդրադարձաւ նաեւ իրենց կատարած ուխտագնացութիւնը վաւերագրական ժապաւէնի վերածելու որոշումին եւ այդ գծով իրենց տարած աշխատանքներուն եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն:

Մօտ 40 վայրկեան ներկաները հետեւեցան ժապաւէնին, որ կը ներկայացնէր մուսալեռցիներուն պատմութիւնը, 1915-ի հերոսամարտին անոնց կրած տառապանքը, կատարած քաջագործութիւնները եւ այլն:  24 ուխտաւորները յաջողեցան բարձրանալ Մուսա լերան գագաթը, ուր իրենց երգերն ու աղօթքները բարձրացուցին աւերակ Մուսա լերան յուշարձանին կողքին, այնտեղ քարերով կազմեցին խաչքար մը, ապա պարզելով Եռագոյնը պարեցին նաեւ աւանդական շուրջպարը: Ուխտաւորները յայտնեցին նաեւ իրենց ունեցած ապրումներն  ու յուզմունքը պապենական հողին վրայ: Ժապաւէնի աւարտին կորուսեալ պապենական տարածքը փոխարինուեցաւ Այնճարով, որ է  Նոր Մուսա լեռը բոլոր մուսալեռցիներուն համար:

 

 

 

Նախորդը

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութեան Ամառնային Դպրոցի Հանդէս

Յաջորդը

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակին Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 75-Ամեակին Առիթով. «Դէպի Նոր Հարիւրամեակ» Խորագիրով Հաւաքական Ցուցահանդէս

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 15, 2025
Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 15, 2025
Շինծու Գործերով Ձերբակալուած  ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու  Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Շինծու Գործերով Ձերբակալուած ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու Մամլոյ Ասուլիսը

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?