Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այնճարի Մէջ. Վարուժան Արք. Հերկելեանի Հրատարակութիւններուն Նուիրուած Գրական Երեկոյ

August 15, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

kin-1_8-14-15

Երէկ` ուրբաթ, 14 օգոստոս 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» Ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի յոբելենական ձեռնարկներու շարքին, տեղի ունեցաւ գրական երեկոյ մը` նուիրուած Վարուժան արք. Հերկելեանի հրատարակութիւններուն:

Ձեռնարկը նուիրուած էր Մուսա լերան հերոսամարտի Նահատակ Սամուէլ Պոյաճեանի յիշատակին:

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75 ամեակի կեդրոնական մարմինին, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին կողմէ:

Ձեռնարկին ներկայ էին գիւղի հոգեւոր հայրերը, քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն եւ արուեստասէր հասարակութիւն մը:

kin_8-14-15

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Եսայի Հաւաթեան: Ան յայտնեց, թէ ձեռնարկը նպատակ ունի մեր ժողովուրդին ցոյց տալ Վարուժան արք. Հերկելեանի հրատարակչական բեղուն գործունէութիւնը, որ ծաւալած է անցնող 45 տարիներուն ընթացքին: Ան յայտնեց նաեւ, թէ ձեռնարկը առիթ պիտի ըլլայ մեր ժողովուրդին ծանօթացնելու սրբազանին վերջին հրատարակութիւնները, որոնք լոյս տեսած են Կիպրոսի մէջ եւ անծանօթ մնացած են շատերուն:

Բացման խօսքէն ետք, յատուկ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի տօնակատարութիւններուն մասնակցելու համար Հայաստանէն եկած մուսալեռցի երիտասարդներու խումբի անդամ խաչիկ Թոսունեան ներկայացուց Վարուժան արք. Հերկելեանի կենսագրականը` անդրադառնալով անոր հրատարակութիւններուն եւ խմբագրական գործերուն`  Լիբանանի եւ Կիպրոսի մէջ:

Վանիկ Աբէլեան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց «Գառնի» մատենաշարի անցած ճանապարհը, որուն ընթացքին հրատարակուած են աւելի քան 40 հատորներ, ինչպէս նաեւ «Արծիւ» շաբաթաթերթի անցած երկար ճանապարհը:

kin-2_8-14-15

Ապա Յակոբ Այնթապլեան ներկայացուց Վարուժան արք. Հերկելեանի 2010-էն ետք հրատարակուած գործերը, անոր կատարած ուսումնասիրութիւններն ու նամականիները: Ան կազմակերպիչ զոյգ յանձնախումբերուն անունով Այնթապլեան ըսաւ, թէ «սրբազան Հերկելեան կատարած է յոյժ գնահատելի աշխատանք մը եւ իր լուրջ ու բծախնդիր աշխատանքին իբրեւ արդիւնք այսօր ընդհանրապէս հայ մշակոյթին գանձարանը եւ ի մասնաւորի Կիպրոսի հայոց թեմը, կ՛օժտուին անփոխարինելի գանձերով, եւ իւրաքանչիւր հատոր իբրեւ իւրայատուկ կոթող կը կանգնի իւրաքանչիւր հայու սրտին վրայ: Ան շնորհաւորեց սրբազանը իր կատարած ազգանուէր գործունէութեան համար:

Յասմիկ Այնթապլեան սրինգի վրայ նուագեց երկու հայկական մեղեդիներ,  իսկ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղի անդամ Քարոլ Վարդանեան կարդաց սրբազանին արձակ գրութիւններէն  հատուած մը:

kin-3_8-14-15

Ապա կատարուեցաւ սրբազանին վերջին շրջանին հրատարակուած գործերուն շնորհահանդէսը` գիւղի հոգեւոր հայրերուն ձեռամբ, որմէ ետք Վարուժան արք. Հերկելեան ուղղեց իր սրտի խօսքը:

kin-4_8-14-15

Վարուժան սրբազան շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչ զոյգ յանձնախումբերուն եւ Այնճարի մշակութասէր ժողովուրդին, որոնք տարիներու ընթացքին վառ պահեցին հայկական մշակոյթը, եկեղեցին, հաւատքը եւ ինչ որ հայ ազգին ոգին կը թելադրէր: Ան ըսաւ, որ առանց ժողովուրդի գրականութիւն կարելի չէ երեւակայել, իսկ առանց գրականութեան ժողովուրդը կը դառնայ փճացած: Ան աւելցուց, որ «հայ դպրոցները, ուսուցիչները եւ ծնողները պարտականութիւն ունին գիրքին եւ գրականութեան սէրը արթնցնելու նոր սերունդին մէջ»:

Ձեռնարկի աւարտին ներկաները առիթը ունեցան տեսնելու սրբազանին ցարդ իրագործած հրատարակութիւնները:

Նախորդը

Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Գաբրիէլ Փանոսեանի Լուսանկարներու Ցուցահանդէսը

Յաջորդը

Ապէ Համաշխարհային Բ. Պատերազմի Տարիներուն Ճափոնի Արարքներուն Համար «Խոր Ցաւ» Կը Յայտնէ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.