Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութեան Ամառնային Դպրոցի Հանդէս

Օգոստոս 14, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ka1r_8-13-15

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան գործունէութեան տարեկան ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, երէկ` հինգշաբթի, 13 օգոստոս 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պուրճ Համուտի «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հաստատութեան ամառնային դպրոցի եզրափակիչ հանդէսը:

1960-ականներու եւ 1970-ականներու սերունդներու հայերէն շատեր վստահաբար կը յիշեն, թէ ինչպէ՛ս իրենց մանկութեան օրերուն, յետմիջօրէներու թէ ազատ ժամերուն կը յաճախէին Պուրճ Համուտի երբեմնի հայաբնակ համեստ թաղամասին մէջ գտնուող «Գարակէօզեան» կեդրոն կամ «Փափա» (ինչպէս ծանօթ էր այդ օրերուն) եւ ուր սպիտակ լուբիայի հատիկներով տուներ ու քարտէսներ կը ձեւաւորէին, գունաւոր կաւերով զանազան խամաճիկներ կը պատրաստէին ու կը խաղային զանազան մարզախաղեր: Ամավերջի հանդիսութեան այդ բոլորը կը ներկայացուէին յատուկ ոճերով եւ պատրաստութեամբ` մեծ գոհունակութիւն եւ հպարտութիւն պատճառելով իրենց ծնողներուն:

Վերջին տասնամեակին այս կեդրոնը նաեւ ունեցաւ իր ամառնային դպրոցը, որ նոյնպէս կը յատկանշուի յատուկ եզրափակիչ հանդէսով:

Ահա այս ամառնային դպրոցի 9-րդ տարուան եզրափակիչ հանդէսը տեղի ունեցաւ յատուկ կազմակերպուածութեամբ եւ գեղարուեստական հաճելի յայտագիրով:

kar_8-13-15

Լիբանանեան ու հայկական քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, օրուան հանդիսավար, հաստատութեան պատասխանատուներէն ընկերային ծառայող Քրիստին Սարգիսեան իր բացման խօսքով ողջունեց ներկաները եւ պատմական յետադարձ ակնարկով նշեց «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան հիմնադրութեան պայմանները 1921-ին: «Այսօր, 2015-ին, ձուլումի բարոյական արժէքներու անկման եւ ազգային անտարբերութեան դիմաց, իբրեւ ղեկավարներ կամ իբրեւ ժողովուրդ, ի՞նչ են մեր առաջնահերթութիւնները, հայ դպրոցը, եկեղեցին եւ հայ ընտանիքը ո՞ւր են մեր առօրեային մէջ, մեր նախնիներուն նման պատրա՞ստ ենք մեր նիւթական եւ բարոյական ներդրումը բերելու ազգային մեր հաստատութիւններուն մէջ», հարց տուաւ Քրիստին Սարգիսեան: Այս առիթով ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց այս ձեռնարկի յաջողութեան նպատակներուն, յատկապէս Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի տնօրէն Յովիկ Պերթիզլեանին, եկեղեցւոյ թաղականութեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանին, Համազգայինի պարարուեստի դպրոցի տնօրէնութեան, Թորոսեան վարժարանի տնօրէնութեան, «Ժպիտ» կազմակերպութեան, «Շիրակ» տպարանի տնօրէն Վիգէն Հաննէսեանին, «Կարօ Ֆլաուըրզ»-ի եւ ծնողներուն:

kar3_8-13-15
Շահէ եպս. Փանոսեան
Սերոբ Օհանեան
Սերոբ Օհանեան
Քրիստին Սարգիսեան
Քրիստին Սարգիսեան

Իր կարգին, խօսք առաւ «Հ. Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները անդրադարձաւ հաստատութեան գործունէութեան եւ ժողովուրդին մատուցած ծառայութիւններուն, ըստ որոնց, ամսական երկու հազար հիւանդներ, հայեր եւ ոչ հայեր (լիբանանցի եւ սուրիացի արաբներ) կու գան եւ բժշկական հոգածութեան կ՛ենթարկուին: Անոնցմէ 500-ը կ՛արժանանան ընկերային ծառայողներու ուշադրութեան եւ յատուկ հոգածութեան: Դպրոցական տարեշրջանի ընթացքին մօտաւորապէս յիսուն աշակերտներ կը հետեւին յատուկ ուսուցիչներու օգնութեամբ յատուկ վարժութիւններու` իրենց դասերը զօրացնելու նպատակով: Աւելի քան 370 աշակերտներ նախակրթարանի եւ մանկապարտէզի ամառնային յատուկ ծրագիրի կը հետեւին: 150 ուսումնական մասնաւոր կարիքի փոքրիկներ կը ստանան մասնագիտութեան ընտրանք եւ դարմանում: Նաեւ` երեք հարիւր հայ կիներ հերթաբար կը հաւաքուին կեդրոնը` ստեղծելով «Գարակէօզեան»-ի տիկնանց խմբակը եւ իրագործելով համայնքային, բարգաւաճման, ընկերային, առողջապահական ծրագիրներ` չմոռնալով տարեցները եւ կարօտեալները: Հաստատութեան մէջ կը գործէ 150 հոգինոց անձնակազմ մը, որմէ 25-ը` բժիշկ, 50-ը` հիւանդապահուհի, ընկերային ծառայող եւ պաշտօնեաներ, 20-ը` հոգեբան, 10-ն` սերտարանի ուսուցիչ, եւ 40-ը` ամառնային դպրոցի կամաւոր ծառայող:

Օհանեան վերյիշեց, թէ ինչպէս Միհրան եւ Զապէլ Գարակէօզեան ամոլը 94 տարիներ առաջ իր ամբողջ հարստութիւնը յատկացուցած էր` ստեղծելով այս հաստատութեան հիմնադրամը` ի յիշատակ 14-ամեայ վաղամեռիկ զաւկին` Հաուըրտին: Այսօր, հաստատութիւնը Պուրճ Համուտի կողքին համանուն կեդրոններ ունի նաեւ Այնճարի եւ Ֆանար-Լէյլաւանի հայաշատ շրջաններուն մէջ: «Նպատակը մէկ է` ապահովել հայ մանուկին ֆիզիքական, մտային, ընկերային աճումն ու զարգացումը: Շեշտը կը դրուի հայ ընտանիքի կեանքին բարելաւման վրայ», ընդգծեց Օհանեան` շնորհակալութիւն յայտնելով ամառնային դպրոցի յաջողութեան նպաստող անձնաւորութիւններուն եւ մարմիններուն: «Ցեղասպանութեան 100-ամեակի «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» կարգախօսին կ՛աւելցնենք` «Կը ծառայեմ» արտայայտութիւնը», եզրափակեց Սերոբ Օհանեան` խոստանալով 2016-ին յատուկ հանդիսութեամբ նշել ամառնային դպրոցի 10-ամեակը:

Այս առիթով իր սրտի խօսքը փոխանցեց նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ բարձր գնահատեց անցնող եօթը շաբաթներու ամառնային դպրոցի «հունձքը» եղող այս հանդիսութիւնը, որ «իրականացաւ շնորհիւ ծրագրումի, աշխատանքի եւ հաւատքի»: «Քանի մը սերունդներ առաջ մեր փողոցները աւելի ապահով էին, ապահով էին, որովհետեւ թաղեցին ի՛նքը մեր ժողովուրդն էր, բոլոր հարազատները, մեր զաւակներուն հետեւողներ կային: Ցաւօք սրտի, այսօր, արդի կեանքի պայմաններուն բերումով, բոլորն ալ կարծէք չքացան: Հետեւաբար պէտք է նոր ձեւեր գտնենք, որպէսզի մեր երեխաները շարունակեն ըլլալ իրարմով, ստանան ֆիզիքական, մտաւոր եւ հոգեւոր առողջ դաստիարակութիւն որպէսզի իբրեւ մարդ ըլլան առողջ` հոգինով եւ մարմնով», ընդգծեց սրբազան հայրը` նշելով, որ հայ ժողովուրդը երախտագիտական ոգիով պէտք է ընդունի իրեն ընծայուածը եւ երախտագիտութեամբ նաեւ իր կարգին մասնակցութիւն բերէ:

Այս առիթով ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ուր ամառնային դպրոցի 370 աշակերտները խումբ առ խումբ ելոյթ ունեցան հայկական յատուկ պարերով եւ երգերով` ղեկավարութեամբ Սրբոց Վարդանանց եկեղցւոյ դպրապետ, խմբավար Երուանդ Քէշիշեանի: Ներկայացուեցաւ նաեւ Յովհաննէս Թումանեանի «Ոսկի կարաս»-ը ինչպէս նաեւ` փոքրիկն Մարք Մազաքեան ասմունքեց Ապրիլ 24-ի յատուկ արտասանութիւն մը:

 

 

Նախորդը

Հայ Վիրաւոր Մը` Հալէպի Մէջ

Յաջորդը

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակին Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 75-Ամեակին Առիթով. «Անձեռնմխելի Արմատներ» Խորագիրով Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի  Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ»  Կ՛ըսէ Փութին
Գլխաւոր լուրեր

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ» Կ՛ըսէ Փութին

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?