Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան զօրութիւնը իր ժողովուրդին, իրեն հաւատարիմ հայորդիներուն հաւատքին, պատրաստակամութեան եւ իրեն նկատմամբ անոնց տածած վստահութեան մէջ կայացած է միշտ: Ասիկա վաղեմի իրականութիւն մըն է, որ, բարեբախտաբար, կը շարունակէ առկայ մնալ նաեւ այսօր:
Արդարեւ, երէկ` կիրակի, 8 մայիսին, քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն առաջին օրը լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս առանց տատամսելու եկաւ իր ձայնը տալու Դաշնակցութեան, զօրակցելու ՀՅԴ-ի թեկնածուներուն` այն վստահութեամբ, որ հաւաքական շահերու պաշտպանութեան լծուած է կուսակցութիւնը եւ պիտի շարունակէ այդպէս:
«Ազդակ»-ի թղթակիցները կարճ զրոյցներ ունեցան լիբանանահայ ընտրողներուն հետ` Պէյրութի ընտրական տարբեր կեդրոններ եւ ՀՅԴ-ի ակումբներ տուած մեր այցելութեան ընթացքին: Քաղաքացիի գիտակցութեամբ օժտուած լիբանանահայերը հաստատեցին, որ իրենք կ՛ուզեն հայութեան զօրութեան դրսեւորման մասնակից դառնալ, ինչպէս նաեւ ցոյց տալ, որ կշիռ են Պէյրութի մէջ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր զրոյցներուն հիմնականները:
«Ես արդէն իսկ համոզուած էի, որ պէտք է Պէյրութի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն մասնակցիմ, սակայն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի վերջին խօսքն ու պատգամը` «Ազդակ»-էն ու «Վանայ ձայն»-էն, աւելի քաջալերական էին եւ գիտակցութեան կը մղէին համայն լիբանանահայութիւնը: Եկած եմ իմ պարտականութիւնս եւ պարտաւորութիւնս կատարելու, որովհետեւ մենք պէտք է փաստենք, որ լիիրաւ քաղաքացիներ ենք այս երկրին մէջ, մեր պարտքը կ՛ընենք, որպէսզի նաեւ իրաւունքները պահանջենք»:
ՃՈՐՃ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
«Քուէարկութիւնը ամէն քաղաքացիի համար պարտականութիւն եւ պարտաւորութիւն է: Եկած եմ, որպէսզի իմ քուէս տալով մասնակցիմ քաղաքապետական եւ թաղապետական ցանկի յաջողութեան: Կը վստահիմ ՀՅԴ-ի առաջադրած ցանկին, որովհետեւ կը գիտակցիմ, որ ան հայութեան թեւ ու թիկունքն է եւ մեր ձայնին հարազատ թարգմանը»:
ՎԵՐԺԻՆ ՍԻՒՆՊԻՒԼԵԱՆ
«Ամէն հայ իր քաղաքացիական պարտաւորութիւնը լիովին եւ սիրայօժար պէտք է կատարէ: Հայ համայնքը ընտրական պայքարէն միակամ եւ յաջող դուրս պիտի գայ, որովհետեւ կը հաւատայ, որ քուէն ուժ է, քուէով պիտի փաստէ իր ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ»:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ
«Ազատ ընտրութիւնը առանձնաշնորհում է: Ամէն մարդ պէտք է իր մասնակցութիւնը բերէ ընտրութեան, որպէսզի հաւասարակշռուած հասարակութիւն ունենանք եւ մեր ձայնը լսելի դառնայ պետական շրջանակներուն մէջ: Ան մաղթեց, որ համերաշխութեամբ ընթանան ընտրութիւնները` հեռու արհամարհական ոճէն»:
ՓՕԼԻՆ ՍԱՂԸՐԵԱՆ
«Իբրեւ հայ համայնք` մեր քուէները, ընտրութեան մասնակցութիւնը կարեւոր են, որպէսզի չկորսնցնենք մեր իրաւունքները եւ մեր ներկայացուցիչները թաղապետական եւ քաղաքապետական մակարդակի վրայ: Մեր արդար իրաւունքն է մեր ինքնութիւնը փաստել: Հայ թեկնածու, հայ թաղապետ ունենալը մեր արդար իրաւունքն է: Անոնք մեր իրաւունքները պիտի պաշտպանեն»:
ՅԱԿՈԲ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
«Ընտրութիւնը ժողովրդավարական արտայայտութիւն է: Աշխարհի մէջ ժողովրդավարութիւնը այսօր շրջանէ-շրջան, ըստ մակարդակի, ըստ երկիրներու` քաղաքակրթութեան մակարդակի չափանիշ է` առողջութեան եւ քաղաքակիրթ ըլլալու: Մեր այսօրուան պայմաններուն մէջ բոլորս ալ գիտենք, որ մեր ժողովրդավարական ընտրութիւնները իտէալական չեն, բայց որքան մօտենանք իտէալական վիճակին, որքան նմանինք այլ երկիրներու, ուր ժողովրդավարութիւնը իր բացարձակ իմաստով իր գագաթնակէտին հասած է, այդքան բաւարարութիւն կը ստանանք: Շատեր կը դժկամին քուէարկել պատրուակելով, թէ նախօրօք որոշուած կ՛ըլլայ ամէն բան, բայց ասիկա պատճառ չէ, որ մենք քայլ մը առաջ երթանք, աւելի կազմակերպ եւ ժողովրդավար ըլլանք: Մեր պարագային Լիբանանի մէջ եթէ նոյնիսկ մեր ընտրութիւնը իտէալական չէ, մեզի համար հաւաքական կամքի արտայայտութեան մէկ ձեւ է»:
ՄԱՐՏԻԿ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ
«Մենք` իբրեւ հայ համայնք, մեր ձայնը պէտք է ունենանք Լիբանանի մէջ: Մեր ձայնով մենք մեր իրաւունքները պիտի պաշտպանենք, տէր պիտի կանգնինք մեր համայնքին»:
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊԱՐՏԻԶՊԱՆԵԱՆ
«Ընտրութեան կը մասնակցինք գիտակցելով մեր քաղաքացիական պարտականութիւնը կատարելու կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ պահպանելու եւ յարգելու համար հայկական միասնականութիւնն ու մայրաքաղաքի մէջ գոյացած համախոհութիւնը»:
ԶԱՒԷՆ ԹՂԸԼԵԱՆ
«Մենք այս ընտրութիւններուն մեր մասնակցութիւնը կը բերենք, որովհետեւ գիտակից ենք մեր քաղաքացիական պարտականութեան: Մենք համոզուած ենք ՀՅԴ-ի յանձնարարած ընտրական ցանկերով եւ պիտի քուէարկենք, որովհետեւ հայ ենք եւ կ՛ուզենք հայ մնալ: Որքան ալ մեզի ըսեն, որ արդիւնքները արդէն իսկ յստակ են, մենք պիտի քուէարկենք: Ես պատրաստ եմ ՀՅ Դաշնակցութեան կոչին ընդառաջելու, նոյնիսկ եթէ ինձմէ խնդրուի Ղարաբաղ երթալ»:
ՅԱՐՈՒԹ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ
«Այսօր յատկապէս շատ անհանգիստ եմ, սակայն կը գիտակցիմ պարտականութեանս եւ քաղաքացիական պարտաւորութիւններուս: Մեր քուէարկութիւնը կարեւոր է, որպէսզի իբրեւ հայ մեր գոյութիւնը փաստենք եւ շարունակենք գոյատեւել: Վարձքը կատար բոլորին եւ կը յուսանք, որ օրը կ՛աւարտի լաւ արդիւնքներով»:
ՈՎՍԱՆՆԱ ՊԱԼԹԱՅԵԱՆ
«Քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն մեր մասնակցութիւնը անհրաժեշտ է եւ կարեւոր: Ինչպէս բոլոր ընտրութիւնները, այս անգամ եւս իմ մասնակցութիւնս պիտի բերեմ, սակայն այս պահուս ստանձնած եմ այլ աշխատանք մը` ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղի իբրեւ անդամ կը մասնակցիմ մեր տղոց ուտելիքներու պատրաստութեամբ եւ կէսօրէ ետք պիտի կատարեմ քուէարկութեան պարտականութիւնս: Կը յուսամ, որ ընտրութիւններուն արդիւնքները ի նպաստ լիբանանահայութեան շահերուն ըլլան»:
ՎԱՐԴՈՒԿ ԿԷՕՔՇԷՆԵԱՆ
«Բոլոր քաղաքացիներուն համար կարեւոր է մասնակցիլ ընտրութիւններուն, որովհետեւ ժողովրդավարական այս գործողութեան ընթացքին է, որ անոնք կրնան արտայայտել իրենց կամքը: Կը յուսամ, որ ՀՅ Դաշնակցութեան թեկնածուները ընդգրկող համախոհական ցանկերը յաջողութիւն արձանագրեն»:
ՄԱՏԹԷՈՍ ԶՈՒԼԱՄԵԱՆ
«Մենք ընտրութիւններուն կը մասնակցինք, որովհետեւ մեր ազգային եւ քաղաքացիական պարտականութիւնն է: Որքան ալ մեզի ըսեն, թէ այս ընտրութիւններուն արդիւնքը յստակ է, մենք կը հաւատանք մեր քուէի ուժին եւ գիտենք, որ մեր կամքը արտայայտելով կրնանք յաջողութիւն արձանագրել: Կը մաղթեմ, որ բոլոր հայորդիները կատարեն իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը»:
ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԺԱՆԻԿԵԱՆ
«Ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը կարեւոր է, եւ մենք կը քուէարկենք մեր կամքով եւ ընտրանքով: Անշուշտ մենք վստահութիւն ունինք ՀՅԴ-ի զօրակցած ընտրացանկերուն վրայ եւ ըստ այնմ կու գանք ակումբ, որպէսզի քուէարկութեան մեր մասնակցութեան հոլովոյթը դիւրին ըլլայ: Մենք համոզուած ենք, որ ճիշդ ցանկին կը քուէարկենք»:
ԺԱՄԻԼ ՕՀԱՆՆԷՍԵԱՆ
«Միշտ ալ մասնակցած եմ ընտրութիւններուն, ըլլան անոնք քաղաքապետական, թաղապետական, թէ երեսփոխանական: Համոզուած եմ, որ պէտք է ընտրենք, եւ կը մաղթեմ, որ այս ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք երկրին քաղաքական կեանքը աւելի խաղաղ եւ հանդարտ կը դառնայ»:
ՍԻՐԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ
«Ընտրութեան մասնակցութիւնը կարեւոր է` ցոյց տալու համար լիբանանահայութեան քաղաքական ուժը: Ես համոզուած եմ, որ ճիշդ ցանկին ի նպաստ քուէարկած եմ: Բոլոր քաղաքացիները պէտք է ընտրեն, որովհետեւ իրենց քուէն իր կշիռը եւ կարեւորութիւնը ունի»:
ՍԻԼՎԱ ՇԻՐԻՆԵԱՆ
«Իւրաքանչիւր հայու պարտականութիւնն է մասնակցիլ ընտրութիւններուն: Մենք տարիներէ ի վեր կը կատարենք մեր քաղաքացիական պարտականութիւնը եւ միշտ ալ կը դիմենք ՀՅ Դաշնակցութեան, որ լիբանանահայութեան շահերէն մեկնելով կու տայ իր որոշումները: Մենք վստահութիւն ունինք մեր կուսակցութեան վրայ եւ կը սպասենք մեր յաղթանակին լուրը»:
ՐԱՖՖԻ ՏԵԿԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
«Ներկայացայ «Իշխան» կոմիտէութիւն: Պատասխանատու տղաքը ճշդեցին, թէ ես ո՛ւր պիտի քուէարկեմ, եւ իմ տրամադրութեանս տակ դրին ինքնաշարժներէն մէկը, որ ինծի տարաւ քուէարկութեան կեդրոն: Ճամբուն վրայ շատեր փորձեցին մեզի այլ թղթիկներ տալ: Անշուշտ մենք մերժեցինք եւ առինք միայն մեր ակումբէն տրուած ցանկերը: Մեր բոլոր տղաքը Դաշնակցութեան զինանշանով թի շըրթներ հագած էին եւ կը դիւրացնէին մեր աշխատանքը: Ընտրասենեակներուն մուտքին ապահովական ուժերը ստուգեցին մեր անձնաթուղթերը, առանց որոնց կարելի չէ ներկայանալ քուէարկութեան: Շատ դիւրին եղաւ: Նախ քուէարկեցինք քաղաքապետական, ապա թաղապետական ցանկին: Այսքան պարզ էր»:
ԳՕԳՕ ԱՒԱԳԵԱՆ
«Մեծ խանդավառութեամբ եկած եմ իմ քաղաքացիական պարտականութիւնս կատարելու: Մեր բոլոր ընկեր-ընկերուհիները հոս են եւ ճիգ չեն խնայեր դիւրացնելու մեր քուէարկութիւնը»:
ՄԱՐԻԱ ԱՒԱԳԵԱՆ