Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ի Ակումբներուն Մէջ Դաշնակցութեան Ընտրական Մեքենան Պատրաստ Է Ընտրութիւններուն

May 7, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

elections1_50616elections2_50616Միայն մէկ օր մեզ կը բաժնէ Պէյրութի եւ Պեքաայի  մէջ տեղի ունենալիք քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններէն: Դաշնակցութեան ընտրական մեքենան, որ տիրական ներկայութիւն է ՀՅԴ-ի բոլոր ակումբներուն մէջ, արդէն իսկ մօտեցած է իր նախապատրաստական աշխատանքներու վերջին հանգրուանին, կապ հաստատուած է բոլոր հայորդիներուն հետ, փաստաթուղթերու եւ անձնական տեղեկութիւններու ամբողջացում կատարուած է եւ ժամադրութիւնները ճշդուած են, որպէսզի իւրաքանչիւր լիբանանահայ իր նախասիրած ժամուն ուղղուի քուէատուփ եւ իր քուէն տայ Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուներուն:

elections3_50616elections4_50616«Ազդակ»-ի եւ «Վանայ ձայն»-ի թղթակիցը այցելեց ՀՅԴ «Թեհլիրեան», «Դրօ» եւ «Իշխան» կոմիտէութիւններ, ուր զրուցեց կոմիտէներու անդամներուն եւ աշխատանքի լծուած անձերու հետ: Ստորեւ կը ներկայացնենք անոնց կարծիքները:

Մօտաւորապէս 25 օրէ ի վեր մենք սկսած ենք մեր աշխատանքին, ամէն բան շատ հեզասահ կ՛ընթանայ: ԼԵՄ-ականներ, համակիրներ, ընկերուհիներ եւ ընկերներ սիրայօժար կերպով կ՛օժանդակեն մեզի, եւ մեր համակիրներն ու ժողովուրդը շատ մեծ  սիրով կ՛ընդառաջեն ընտրական տախտակները ամբողջացնելու գործին: Անոնք, որոնք տուեալներ չունին մեր տախտակներուն մէջ, անոնց հետ կը կապուինք հեռաձայնով եւ ժամադրութիւն ստանալէ ետք անոնց տուները կ՛երթանք ու կ՛ամբողջացնենք ընտանեկան տախտակները: Մասնաւոր հարցեր չկան, ամէն ինչ ընթացքի մէջ է, գումակային աշխատանքներն ալ կը կատարուին: Մենք կը սպասենք 8 եւ 15 մայիսի օրերուն, որպէսզի մեզի վստահուած աշխատանքը կատարենք:

ՊԱՂՏԻԿ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ
ՀՅԴ «Թեհլիրեան» կոմիտէութիւն

 

Մենք արդէն իսկ 2 ամիսէ ի վեր կը կատարենք ընտրական աշխատանքը: Մօտէն հետեւեցանք մեր ժողովուրդին եւ անիկա մեր կողքին է:  Կը խնդրենք մեր ժողովուրդէն, որ կիրակի օր մասնակցի քուէարկութեան` թէ թաղապետական եւ թէ քաղաքապետական ընտրութիւններուն, այս կիրակի եւ յառաջիկայ կիրակի: Յաջողութիւն կը մաղթեմ ձեզի եւ վարձքերնիդ կատար:

ԿԱՐՕ ԱՍՏՈՒԱԾԱՏՈՒՐԵԱՆ
ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէութիւն

 

Արդէն ամիսէ մը ի վեր լծուած ենք աշխատանքի, շրջանի բոլոր ընտանիքներուն տուները այցելեցինք եւ  ընտրական տախտակները ամբողջացնելու աշխատանք կատարեցինք: Մեր շրջանին մէջ այս գործը շատ լաւ կատարուած է: Յոյս եւ հաւատք ունինք, որ կիրակի օր պիտի յաղթենք:

ԱՒՕ ԱՒԵՏԱՆԵԱՆ
ՀՅԴ «Թեհլիրեան» կոմիտէութիւն

 

Ընտրական աշխատանքը աւելի մեծ թափով ընթացք առաւ, երբ հաստատուեցաւ, որ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան: Արդէն շատ լաւ տեղ հասած ենք` շրջանի բնակչութեան տուեալները մէկտեղելով: Մեր աշխատանքին օժանդակեցին ԼԵՄ-ի ընկերները, ԼՕԽ-ի ընկերուհիները եւ շրջանէն համակիրներ: Արդէն աշխատանքի երկրորդ հանգրուանին մէջ ենք. կը պատրաստենք ընտրութեան օրուան կտրօնները: Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդին, որ կիրակի օր ուղղուի դէպի քուէատուփ:

ՀԱՅԿ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ
ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէութիւն

 

Մեր ընտրական աշխատանքը լաւ ընթացքի մէջ է. մեր տղաքը բաւական աշխուժ են: Ընտրական տախտակները, կտրօններուն աշխատանքը ամբողջացուցած ենք արդէն: Կը մնայ ըսել, որ այս աշխատանքին եւ յատկապէս ընտրութեան պէտք է մասնակցինք բոլորս, ամբողջ լիբանանահայութիւնը, որովհետեւ այս ընտրութիւններով մենք պէտք է փաստենք մեր ներկայութիւնը, ուժը…

ՀՐԱՅՐ ՊԷՊԷՃԵԱՆ
ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէութիւն

 

Իբրեւ շրջանի երիտասարդներ, ԼԵՄ-ականներ արդէն 3 շաբաթէ ի վեր գործի անցած ենք եւ կ՛օժանդակենք կոմիտէի աշխատանքներուն: Կ՛այցելենք տուները, կ՛ամբողջացնենք ընտրական տախտակները, եւ արդէն աշխատանքը շատ լաւ տեղ հասցուցած ենք: Կը սպասենք կիրակի օրուան…

ՎԱՐԴԱՆ ՊԱՅՐԱԳՏԱՐԵԱՆ
ԼԵՄ-ԱԿԱՆ

 

«Ազիրեան» ակումբին մէջ եռանդուն մթնոլորտը կայ 1,5 ամիսէ ի վեր: 50-է աւելի երիտասարդներ կը մասնակցին այս աշխատանքին: Մեր աշխատանքը արդէն աւարտած է, որովհետեւ վերջին 1 ամիսը անընդհատ կ՛աշխատէինք: Կը սպասենք, որ հայ քաղաքացիները կիրակի օր ուղղուին իրենց ընտրական կեդրոնները եւ մասնակցին քուէարկութեան:

ԽՈՐԷՆ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէութիւն

elections7_50616

elections6_50616

Նախորդը

Խմբագրական, Ներհայկական Միասնականութիւնն Ու Միջհամայնքային Համաձայնութիւնը` Միակ Ուղին

Յաջորդը

ՀՅԴ Ակումբներու Հեռաձայնի Թիւերը

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.