Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ի Ակումբներուն Մէջ Աշխատանքները Կը Շարունակուին

Մայիս 5, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Dikran_50416Azadamard_50416

ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին «Տիգրան Ծամհուր» եւ «Ազատամարտ» ակումբներուն մէջ նախընտրական աշխատանքները գրեթէ իրենց լրումին հասած են, եւ ամէն բան պատրաստ է կիրակի, 8 մայիսին տեղի ունենալիք Պէյրութի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն համար: Այս առիթով «Ազդակ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին «Տիգրան Ծամհուր» ակումբին մէջ գործի լծուած խումբէն Արփի Մինասեան ըսաւ, որ ամիս մը առաջ արդէն իսկ բոլոր դասաւորումները կատարուած են, ցանկերը ստուգուած են, անհրաժեշտութեան պարագային իրենք դիմած են համապատասխան անձերու` միշտ տէր եւ օժանդակ ըլլալով շրջանի հայութեան:

«Շրջանի ազգայինները սիրայօժար կ’ընդառաջեն կիրակի օր քուէարկութեան մասնակցելու մեր խնդրանքներուն, առանց որեւէ նկատողութեան: Անոնք լիովին պատրաստ են երթալու եւ քուէարկելու, անոնց միակ հարցումը կ’ըլլայ այն, թէ ո՛ւր պիտի ուղղուին, որպէսզի քուէարկեն, իսկ մենք ընթացքը դիւրացնելու համար խորհուրդ կու տանք, որ գան ակումբ, ուր մենք պիտի ճշդենք ընտրական կեդրոնին գտնուած վայրը եւ մեր տրամադրութեան տակ եղած ինքնաշարժներով զանոնք փոխադրենք տուեալ կեդրոնը: Ընտրական աշխատանքները շատ լաւ ձեւով կ’ընթանան, այս քանի մը օրուան ընթացքին արդէն իսկ բոլորին կապուած եւ ժամադրուած ենք, որպէսզի իւրաքանչիւր ազգայինի յարմար ժամուն երթան քուէարկելու: Կը յուսանք, որ արդիւնքները մեր նախատեսածէն ալ լաւ կ’ըլլան, եւ կ’ունենանք որակաւոր ընտրութիւններ եւ լաւ արդիւնքներ»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ անհրաժեշտ է քուէարկութեան մասնակցիլ` նախ իբրեւ լիբանանցի, ապա, նաեւ իբրեւ լիբանանահայ, Արփի Մինասեան ըսաւ, որ ասիկա ոեւէ անձի համար նախ եւ առաջ քաղաքացիական պարտականութիւն է, իսկ իբրեւ լիբանանահայ պէտք է քուէարկենք ու զօրակցինք առաջադրուած հայ թեկնածուներուն, որպէսզի փաստենք, որ մենք լիբանանահայ քուէարկողներուն թիւն ու ուժը ցոյց տանք լիբանանեան իրականութեան մէջ եւ կառավարութեան` իբրեւ ներկայութիւն եւ իրաւունք ունեցող համայնք»:

«Ազատամարտ» ակումբին մէջ Մարալ Թոքաթլեան յայտնեց, որ ամիսներ առաջ արդէն իսկ աշխատանքները սկսած էին, իսկ նախորդ ամիս գետնի վրայ լուրջ եւ հետեւողական գործունէութիւնը ընթացք առած է. ան հաստատեց, որ շրջանի ազգայինները սիրով կ’ընդառաջեն քուէարկութեան մասնակից դառնալու վերաբերեալ իրենց դիմումին, պատրաստակամութիւն յայտնելով զօրակցիլ ՀՅԴ-ին կողմէ առաջադրուած թէ՛ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն եւ թէ՛ հայ թաղապետներուն:

Մարալ Թոքաթլեան դիտել տուաւ, որ իւրաքանչիւր լիբանանահայու պարտականութիւնն է մասնակից դառնալ քուէարկութեան` իբրեւ տիպար եւ իր պարտաւորութեան գիտակից քաղաքացի. ան աւելցուց, որ հայ թաղապետ ունենալու իրաւունքը պաշտպանելու կոչուած է իւրաքանչիւր լիբանանահայ, որպէսզի կարելի ըլլայ ունենալ մեր շահերն ու իրաւունքները հետապնդող հայ թաղապետ, այլապէս իբրեւ լիբանանահայութիւն կրնանք կորսնցնել առիթը հայ թաղապետներ ունենալու:

Պուրճ Համուտի մէջ եւս աշխատանքները կ՛ընթանան բնականոն կերպով: ՀՅԴ «Ռուբէն» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վարդան Մամիկոնեան ըսաւ, որ ընտրութեան օրուան նախորդող հանգրուանի գործունէութիւնը մեծ թափով կը շարունակուի, շրջանի ընկերները կը ջանան արդէն իսկ ամբողջական վիճակի մէջ դնելու ցանկերուն պատկերը: Ան կոչ ուղղեց բոլոր լիբանանահայերուն` մասնակցելու քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւններուն եւ  իրենց քուէն տալու ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածուներուն:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի անդամ Բէկի Տիարպի բացատրեց, որ պատրաստած են ընտրական տախտակները, ապա այցելած են հայորդիներու բնակարանները, որպէսզի բոլոր մանրամասնութիւնները ունենան: Նոյն մասնաճիւղի անդամ Միսաք Գանտահարեան դիտել տուած է, որ իրենք մնայուն կերպով նեցուկ եւ օժանդակ են շրջաններու կոմիտէներուն` հաստատելով, որ կիրակի օր եւս պատրաստ պիտի ըլլան իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ եւ իրենց վստահուած պարտականութեան համաձայն օգտակար ըլլալու ընտրական հոլովոյթի դիւրացման: Ան կարեւոր նկատեց քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն մասնակցիլն ու հայ թեկնածուներուն ընտրութիւնը ապահովելը, որովհետեւ անոնք եւս իրենց կարգին ապագային պիտի հոգան հայ ժողովուրդի կարիքները:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Ներկայացուցիչը

Յաջորդը

Այնճարի Արդէն Իսկ Ընտրուած Թաղապետները

RelatedPosts

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Հոկտեմբեր 25, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?