ՀՅԴ-ի ակումբներու դռներուն մուտքէն արդէն իսկ պատասխանատուները տիրական ներկայութիւն էին, կը հսկէին ամբողջ գործընթացին` այբէն մինչեւ օ եւ ֆէ, ցուցմունքներ կու տային եւ կը փորձէին ընել այնպէս, որ ամէն ինչ կատարուի կանոնաւոր, կազմակերպուած եւ ճիշդ կերպով:
«Ազդակ»-ի թղթակիցները այցելեցին ՀՅԴ-ի բոլոր ակումբներն ու ընտրական կեդրոնները` լիբանանեան գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ, հետեւեցան տարուած աշխատանքներուն եւ զրուցեցին պատասխանատուներուն հետ: Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր զրոյցներուն հիմնականները:
Օրուան ընթացքին այցելեցինք ընտրական տարբեր կեդրոններ եւ տեսանք, որ մեր տղաքը աչքի կը զարնեն իրենց աշխուժութեամբ, ինչ որ քաջալերող եւ գօտեպնդող երեւոյթ է: Մենք հետեւողական կերպով աշխատանք տարինք, որպէսզի կարելի եղածին չափ մեծ թիւով քուէարկողներ առաջնորդենք ընտրական կեդրոններ, մեր տղաքը պատրաստ էին հայորդիներուն օգտակար դառնալու, առաջնորդելու իրենց սնտուկները:
Պէյրութի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները շատ կարեւոր են, որպէսզի նախ փաստենք, թէ իբրեւ հայ քրիստոնեայ համայնք մենք ներկայութիւն ենք, ազդեցիկ դեր ունինք Պէյրութի մէջ ու մեզ կարելի չէ անտեսել: Ասիկա ապացոյց է, որ քաղաքական կեանքին մէջ մենք ազդեցիկ ենք:
ՀԱՄԲԻԿ ՄԻՍԱՔԵԱՆ
«Ռոստոմ» կոմիտէի ներկայացուցիչ
Երկու ամիսէ ի վեր արդէն աշխատանքները ընթացք առած էին, տարիներու վրայ կուտակուած մեր փորձառութենէն մեկնած այսօր մեծ աշխատանք կը տանինք, որպէսզի կարենանք մեր թեկնածուները յաջողցնել, որովհետեւ կարեւոր է, որ հայ ներկայացուցիչներ ունենանք Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդին մէջ, ինչպէս նաեւ հայ թաղապետները յաղթանակ ապահովեն, որպէսզի մեր ազգային շահերուն տէր կանգնին:
ԱԼԵՔ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
«Ռոստոմ» կոմիտէի ընտրական պատասխանատու
Այս երկրին մէջ իրենց գտնուած հարիւր տարիներուն ընթացքին հայերը մեծ ներդրում ունեցած են, անոնք եղած են հիմնադիրները Լիբանանի առաջին օրաթերթին, իսկ երբ տակաւին լիբանանեան կուսակցութիւններ չկային, արդէն իսկ կը գործէր Զաւարեան ուսանողական միութիւնը: Տասնամեակներու ընթացքին մենք միշտ փաստած ենք, որ Լիբանան համայնքային կառոյց ունեցող այն երկիրն է, ուր, հակառակ համայնքային բաժանումներուն, մենք ժողովրդավարութեամբ գործող ու լիբանանեան ամբողջականութեան մասին մտածած եւ գործած կուսակցութիւն ու համայնք ենք: Շատ լաւ կը յիշեմ, որ 1957 թուականին Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամներ մեզի ինքնաշարժներ կը տրամադրէին, որպէսզի լիբանանահայերը քուէատուփ առաջնորդէինք: Այդ ատեն լիբանանահայութիւնը մեծ թիւ կը կազմէր, եւ այդ ժամանակներէն է, որ այս երեւոյթը սովորութեան վերածուած է հայութեան համար:
Այսօր եւս նոյնն է պատկերը: Քանի մը տարիէ ի վեր արդէն նախագահական ընտրութիւն չկայ, խորհրդարանը ինքզինք կը նորոգէ. այս կը նշանակէ, որ այս երկու կարեւոր հաստատութիւնները գոյութիւն չունին իբրեւ աշխուժ ներկայութիւն եւ դերակատարութիւն, բայց եւ այնպէս շատ կարեւոր են թաղապետական եւ քաղաքապետական այս ընտրութիւնները, որոնց կայացման շուրջ որոշ համաձայնութիւն գոյացաւ այս երկիրը ղեկավարող կողմերուն միջեւ: Հայութիւնը վստահօրէն անմասն չմնաց այս հոլովոյթէն. անկախ արդիւնքէն, մենք միշտ փաստած ենք ու կը փաստենք, որ կը հաւատանք յաւիտենականութեան, որովհետեւ հող կորսնցուցած ազգ ենք, գիտենք հողին արժէքը: Մենք հաւատացող ենք ժողովրդավարութեան, ընկերվարութեան եւ այս երկրին միասնականութեան ու միջհամայնքային դրութեան պահպանման:
Ժողովուրդին հաւատարմութիւնն ու ՀՅԴ-ի կոչերուն ընդառաջումը արժէքաւոր է: Համակիրներ իրենք կը դիմեն ՀՅԴ-ի ակումբներ, որպէսզի երթան քուէարկելու: Մեր ուժը մեզի զօրակցող հաւաքականութեան եւ զանգուածին մէջ է, որ լաւապէս կը գիտակցի ու կը զգայ, թէ մեր հաւաքական կամքի արտայայտիչն ու շահերուն պաշտպանը Դաշնակցութիւնն է:
ՅՈՎՍԷՓ ԷՍՔԻՃԵԱՆ
Առաւօտեան կանուխ ժամերէն մեր ներկայացուցիչներուն հետ ժողովուրդը սկսաւ հասնիլ քուէատուփ` այն հաւատքով, որ իւրաքանչիւրին քուէն կարեւոր է մեր հայ թեկնածուները յաջողութեան հասցնելու համար: Շատ հետաքրքրական եւ յատկանշական է, որ տարեցները կատարեցին ընտրութեան բացումը, քալելու անկարող ծերունիներ շարժական աթոռներով եկան ընտրութեան եւ մեր տղոց հետ բարձրացան համապատասխան յարկ` քուէարկելու: Այս երեւոյթը իսկապէս սրտապնդիչ է եւ երիտասարդներուն համար պատգամ փոխանցող:
ՄՈՍԻԿ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Ռըմէյլի ընտրական մեքենայի
պատասխանատուներէն
Առաւօտեան կանուխ ժամերէն մեր տղաքը բծախնդիր աշխատանք տարին, տրուած ժամադրութիւններուն համաձայն քուէարկողները առաջնորդուեցան քուէատուփ` իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը կատարելու: Վարձքը կատար մեր ժողովուրդին, մեր տղոց, մանաւանդ մեր երէց սերունդի ներկայացուցիչներուն, որոնք առանց դժկամելու գացին եւ քուէարկեցին: Յատկանշական էր նաեւ այն, որ հայորդիներէն ոմանք, որոնց հետ չէինք կրցած կապ հաստատել, իրենք եկան եւ համապատասխան տուեալները ճշդելէ ետք գացին քուէարկելու:
Խրախուսիչ երեւոյթ է ԼԵՄ-ականներու, ՀՄԸՄ-ականներու եւ շրջանի բնակիչներուն կողմէ դրսեւորուած պատրաստակամութիւնը` օժանդակելու ընտրական գործընթացին: Անոնց մեծ խանդավառութիւնը մեզ եւս կը խանդավառէ եւ յաւելեալ պատասխանատուութեան տակ կը դնէ:
ՍԱԳՕ ԳԱՍԱՊԵԱՆ
ՀՅԴ «Աղբալեան-Մարուխեան» ընտրական
մեքենայի պատասխանատու
Առաւօտեան ժամը 7:00-էն ՀՅԴ «Է. Ակնունի» ակումբին մէջ, ինչպէս միւսներուն, աշխատանքը ընթացք առած է, հաւաքուած են երիտասարդ եւ տարեց շուրջ 150-200 անձեր, որոնք աշխուժ կերպով, կամաւորաբար, ինքնակամ եկած էին ծառայելու ժողովուրդին` ի խնդիր ազգային շահերուն, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել լաւագոյն մասնակցութիւն եւ արդիւնքներ:
Այսօր ակումբներուն մէջ կ’արտացոլայ լիբանանահայութեան միասնական ոգին, բոլորը համախմբուած են, որովհետեւ բոլորս կը հաւատանք, որ այդպէս մենք զօրաւոր ենք, ամուր ենք ու անսասան:
ԿԱՐՕ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
«Այս ընտրութիւնները կարեւոր են հայ համայնքին ներկայութիւնը փաստելու, զայն զօրացնելու եւ մանաւանդ արժանապատիւ կեանքով ապրելու համար: Հայորդիները ընտրական աշխատանքին մասնակցելով իրենց ինքնութիւնը կը հաստատեն: Մեր ուժը մեր միութեան մէջ է: Այս ընտրութեան առիթով ալ միացնենք եւ բարձրացնենք մեր ձայները, որ յառաջադէմ հասարակութիւն դառնանք եւ Լիբանանի բարգաւաճման մէջ ունենանք պատուաւոր տեղ ու դեր»:
ՌՈԶԱ ԿԱՐՊՈՒՇԵԱՆ
Հայաշէնի Ժողովրդային Տունէն
«Ընտրութիւնը քաղաքական հոլովոյթ մըն է, որուն ամէն հայ քաղաքացի պէտք է մասնակցի: Գիտակցելով ընտրութեան կարեւորութեան` մենք մեր ձայներով կու գանք թիկունք կանգնելու մեր թեկնածուներուն, որովհետեւ իրենք մեր խօսքը եւ ձայնը պիտի տանին պետական շրջանակներ եւ իրենց կարգին պաշտպանեն մեր իրաւունքները»:
ԱՐՓԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
«Տիգրան Ծամհուր» ակումբի
ընտրական պատասխանատու
«Իւրաքանչիւր հայ քաղաքացի պէտք է լրջութեամբ մօտենայ ընտրութեան հոլովոյթին, որովհետեւ ընտրութիւնը քաղաքացիական պարտաւորութիւն է: Մենք մեր քուէներով պէտք է փաստենք, որ մենք ժողովրդավար ենք, ձայն ու խօսք ունեցող համայնք կը ներկայացնենք, տէր պիտի կանգնինք իրաւունքներուն»:
ՀԱՅԿ ԹԱՊԱՔԵԱՆ
«Տիգրան Ծամհուր» ակումբէն
«Կարեւոր նկատելով ընտրական արշաւին մասնակցիլը` միաժամանակ անհրաժեշտ կը գտնենք, որ մեր աթոռները մեր քուէներով մեզի մնան, հետեւաբար ամէն հայ գիտակցի, որ իր ձայնը եւ իրաւունքը լսելի կը դառնայ, երբ մասնակցի քուէարկութեան»:
ՌՈՊԵՐ ԳԱՅՍԵՐԼԵԱՆ
Մըտաուարի շրջանի թաղապետի թեկնածու
«Մեր ուժը կ՛ամբողջանայ մեր թիւով: Որքան մեծ թիւով ընտրութեան մասնակցինք, այնքան օգտակար դարձած կ՛ըլլանք հայ համայնքի կարիքներուն: Մեր ցանկութիւնն է, որ բարեյաջող ընթանան աշխատանքները, երկուութիւն տեղի չունենայ: Համոզուինք, որ Դաշնակցութեան վստահելով մեր իրաւունքները պիտի պաշտպանուին»:
ԵՂԻՇԷ ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ
ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէի անդամ
«Ընտրական բոլոր շրջաններուն մէջ հայ ձայնը, հայ քուէն կարեւոր են: Մեր ներկայացուցիչները քաղաքապետարան հասցնելու համար պէտք ունինք քուէներու: Չենք կրնար քիչ քուէներով, քիչ ձայներով մեր ներկայացուցիչները յաջողցնել: Մեր առաւելագոյն ձայնը պէտք է տանք, որ մեր իրաւունքը պահանջենք քաղաքապետարաններէն կամ որեւէ տեղԷ, ուր ներկայացուցիչ ունինք: Մեր ուժը մեր թիւին մէջն է, մեր հաւաքականութեան մէջ: Երբ պահանջ ունինք, պարտաւոր ենք մեր ձայնով պահանջել»:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՏԱՂԼԵԱՆ
ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութենէն
«Չենք կրնար համեմատել այս ընտրութիւնները նախորդին հետ, բայց եւ այնպէս մեր ընկերական կազմը իր կարելին ըրաւ ընտրական հոլովոյթը յաջողցնելու»:
ՎԱԶԳԷՆ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէութենէն
«Կամաւորական աշխատանքը մեր կուսակցութեան մէջ բնական երեւոյթ է: Մենք պատրաստ ենք ամէն առիթի, լաւ ու վատ բոլոր պայմաններուն մէջ, մեր ուժը ի սպաս դնելու մեր կուսակցութեան շահերուն, ծրագիրներուն եւ նպատակներու գործադրութեան: Կը գնահատենք եւ կը շնորհաւորենք ընտրական աշխատանքին բոլոր մասնակցողները»:
ԿԻՐԱԿՈՍ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ
ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէութենէն
«Ընտրութիւնները շատ կարեւոր են, որպէսզի փաստենք, որ մենք իրաւունքի տէր համայնք ենք: Երիտասարդները եւ համակիրները մեղուի փեթակի պէս կ՛աշխատէին: Այս ընտրութեան իբրեւ արդիւնք` մենք պէտք է զգանք, որ հայ համայնքը երկրորդական համայնք չէ, մենք ալ մեր արդար տեղը եւ իրաւունքը ունինք Լիբանանի մէջ»:
ՎԻԳԷՆ ԳՈՒՃԱՆԵԱՆ
«Մեր ուժը մեր ժողովուրդին մէջ է: Մեր հասարակութեան լայն զանգուածը աւելի կը մօտենայ մեր կուսակցութեան, երբ մենք վստահինք իրենց, առիթը տանք աշխատելու, ապա ճիշդ ձեւով իրենց կատարած զոհողութիւնները արժեւորենք, ընկալենք եւ ի հարկին` հոգանք կարիքները: Թէեւ մեր հասարակութիւնը շատ լաւ գիտէ պետական համակարգի փտածութեան մասին, բայց եւ այնպէս մեր ժողովուրդի զաւակները հաւատքով այսօր կու գան ձայնակցելու, զօրակցելու, թեւ ու թիկունք կանգնելու Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան որոշումին: Վստահի՛նք Դաշնակցութեան, որպէսզի պահպանենք անցեալի մշակած դրամագլուխը եւ կերտենք աւելի զօրաւոր ապագայ` ամուր հիմերու վրայ»:
ԱՐԾԻՒ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի հերթապահ
«Աւելի քան մէկ ամսուան կազմակերպական եւ նախապատրաստական աշխատանքներէն ետք, այսօր առաւօտեան ժամը 6:00-ին արդէն իսկ ուղղուեցանք ակումբ, գետնի վրայ գործադրելու համար ծրագրուած աշխատանքը` ապահովելով մեր հայրենակիցները դէպի ընտրական կեդրոնները փոխադրելու աշխատանքը: Ընտրութիւններուն աշխատանքը հեզասահ ընթացաւ` նկատի ունենալով մեր հայորդիներուն պարտաճանաչ ընթացքը»:
ՅՈՎԻԿ ՊԻԼԷՄՃԵԱՆ
«Ռուբէն» կոմիտէութեան ընտրական
յանձնախումբի ներկայացուցիչ
«Աշխատանքը առաւօտեան կանուխ ժամերէն արդէն իսկ սկսած ենք: Ընտրական տախտակները ամբողջական են, եւ պատրաստ ենք հայորդիներուն տրամադրելու բոլոր դիւրութիւնները, որպէսզի անոնք կարելի եղածին չափ հեզասահ կերպով քուէարկեն Պէյրութի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն ընթացքին: Ինքնաշարժներու դասաւորումը իր կարգին ամբողջական է եւ մեր շրջուն վստահուած անձերը կազմ ու պատրաստ կ՛ընկերակցին քուէարկողներուն»:
ՎԱՉԷ ԹԱԶԵԱՆ
«Սարդարապատ» կոմիտէութեան
ընտրական յանձնախումբի անդամ
«Այսօր առաւօտեան ժամը 6:00-ին արդէն իսկ ակումբները կը գտնուէինք: Կազմակերպուած ձեւով աշխատած ենք եւ կ՛ակնկալենք, որ ընտրութիւնները ընթանան կատարեալ հեզասահութեամբ: Ժողովուրդին մօտ տրամադրութիւնը բարձր է, եւ մենք հաւանական բոլոր հարցերուն եւ դժուարութիւններուն առաջքը առած ենք: Մեր հաստատուն եւ շրջուն վստահուած անձերը իրենց կարգին մեծ թիւով կը գործեն բոլոր ընտրական կեդրոններուն մէջ»:
ՀԱՄԲԻԿ ԿՐԱԿԵԱՆ
«Դրօ» կոմիտէութեան հերթապահ
«Առաւօտեան ժամը 5:30-ին սկսանք աշխատանքի: Քուէատուփերուն բացումէն անմիջապէս ետք քուէարկող քաղաքացիներուն թիւը քիչ էր, սակայն մինչեւ կէսօր հայորդիները յաւելեալ աշխուժութեամբ ուղղուեցան ակումբ, ուրկէ ապահովուեցան անոնց քուէարկութեան կեդրոններուն կտրօնները եւ փոխադրութիւնը դէպի քուէարկութեան կեդրոններ: Ընդհանուր առմամբ աշխատանքը հեզասահ է, սակայն կ՛արձանագրուին թեքնիք որոշ սխալներ, որոնք տեղւոյն վրայ կը սրբագրուին: Մեր քուէն եւ թիւը կը դրսեւորեն մեր կամքն ու ուժը, որոնք կարեւոր են»:
ՏԻԳՐԱՆ ՊԷՕՃԷՔԵԱՆ
«Սերոբ Աղբիւր» ակումբ
«Ընտրական աշխատանքները արդէն իսկ ամիսներէ ի վեր կը կատարուին ակումբին մէջ: Կարելի եղածին չափ կազմակերպուած կերպով կը գործենք եւ մեր շրջանին մէջ գտնուող եւ քուէարկութեան ներկայանալ փափաքող բոլոր քաղաքացիներուն քուէարկութեան պարտականութիւնը դիւրացնելու նպատակով բոլոր միջոցներուն դիմած ենք: Մեր կոչին ընդառաջող հայորդիները դէպի ընտրական կեդրոններ փոխադրելու եւ համապատասխան դիւրութիւնները ընծայելու աշխատանքը հեզասահ կերպով կ՛ընթանայ»:
ԾՈՎԻԿ ԱՒԵՏԱՆԵԱՆ
«Թեհլիրեան» կոմիտէութեան
«Ժողովուրդը կանուխ ժամերէն ինքնակամ եկաւ «Ռուբէն» կոմիտէութիւն կատարելու քաղաքացիական պարտականութիւնները: Դրական տրամադրութիւն կայ լիբանանահայերուն մօտ եւ մեծ հաւատք, որ մեր հայ թեկնածուները, իրենց ձայներով յաղթանակ կ՛ապահովեն: Ասիկա քաջալերող եւ հպարտութիւն ներշնչող երեւոյթ է, որովհետեւ լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս հաստատեց կառչածութիւնը ՀՅԴ-ին»:
ՆԵԼԼԻ ԽԱՆՃԵԱՆ
«Ռուբէն» կոմիտէութիւն
«Այսօրուան մեր ցուցաբերած կազմակերպուածութիւնը արդիւնքն է ամիսներու ժրաջան աշխատանքին: Առտուան կանուխ ժամերէն, երբ տակաւին վստահուած անձերը «Սարդարապատ» ակումբ չէին հասած, քաղաքացիներ ներկայացան քուէարկութեան մասնակցելու խնդրանքով: Ակումբը ապահոված է ամէն տեսակի փոխադրութիւն եւ հարկ եղած պարագային պատրաստ է մեր հայորդիները իրենց տուներէն քուէարկութեան կեդրոններ տանելու: Ընտրական կեդրոններուն մէջ նոյնպէս, աշխատանքը հեզասահ ձեւով կ՛ընթանայ: Մեր տղաքը, ապահովական ուժերուն եւ բանակին հետ միասին, կ՛ուղղեն ժողովուրդը դէպի ընտրասենեակներ եւ կու տան պէտք եղած ցուցմունքները: Ինչ կը վերաբերի վստահուած անձերուն, ապա անոնք հագած են Դաշնակցութեան թի-շըրթները, ներկայ են բոլոր ընտրասենեակներուն մէջ եւ կը հետեւին ընտրական գործընթացին»:
ՄԱՐԱԼ ՄԱՀՍԵՐԵՃԵԱՆ
«Սարդարապատ» կոմիտէի անդամ
«Ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը քաղաքացիական պարտականութիւն է, իւրաքանչիւր հայ անպայման պէտք է մասնակցի ընտրութիւններուն: Ինչպէս մեր երիտասարդները ամէն տեղ են` ակումբներուն եւ քուէարկութեան կեդրոններուն մէջ, եւ կ՛աշխատին օգտակար դառնալ ժողովուրդին, մենք, ԼՕԽ-ականներս եւս կ՛աշխատինք այդ տղոց կարիքները հոգալու համար, ինչպէս նաեւ ստանձնած են խոհանոցի աշխատանքը` բոլոր կամաւորներուն ուտելիք մատակարարելու համար»:
ՇՈՒՇԱՆ ՄԱՐՏՈՅԵԱՆ
ԼՕԽ-ական
«Առտուան կանուխ ժամերէն «Դրօ» կոմիտէութիւնը կազմ ու պատրաստ էր ակումբ ներկայացող հայորդիները քուէարկութեան կեդրոններ փոխադրելու: Մեր ընկերները մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը կ՛աշխատէին, որ առաւօտուն ամէն բան հեզասահ ընթանայ: Հարկ է նշել, որ Արագածի շրջանը թիւով ամէնէն շատ վստահուած անձերը ունի այս ընտրութիւններուն: Արդէն իսկ 36 բոլոր ընկերները կը գտնուին իրենց վստահուած կեդրոններուն մէջ: Կ՛ուզեմ նաեւ շեշտել, որ այս ընտրութիւններուն մեր մասնակցութիւնը ամէն բանէ առաջ հայկական ներկայութիւնը փաստելու համար է: Հետեւաբար կոչ կ՛ուղղեմ բոլորին մասնակցելու ընտրութիւններուն` թէ՛ այսօր, եւ թէ ապագային»:
ՀՐԱՏ ՊԷՊԷՃԵԱՆ
«Դրօ» կոմիտէութիւն
«Մօտաւոր երկու ամիս առաջ մենք մեր աշխատանքներուն սկսած էինք: Ժողովուրդին հետ ուղղակի կապի մէջ ենք արդէն քանի մը շաբաթէ ի վեր, ուստի այսօր ամէն ինչ հեզասահ ձեւով կ՛ընթանայ: Առտուան կանուխ ժամերէն ինքնաշարժները պատրաստ են ժողովուրդը փոխադրելու ընտրական կեդրոններ, ամէն տեսակ օժանդակութիւն ցուցաբերելու: Կ՛ուզեմ շեշտել, որ շատ կարեւոր է ընտրութիւններուն մասնակցիլն ու քաղաքացիական պարտականութիւնը կատարելը»:
ԴԱՒԻԹ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ
«Իշխան» կոմիտէութիւն
«Նիկոլ Դուման կոմիտէութեան ընկերները երէկ մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը աշխատեցան, որպէսզի առաւօտուն ամէն բան պատրաստ ըլլայ: Նոյն կազմակերպուած մթնոլորտը կը տիրէ բոլոր դաշնակցական ակումբներուն մէջ: Պատանիներէն մինչեւ երիտասարդները մինչեւ երէց ընկերները, իւրաքանչիւրը իր գործը լաւ գիտէ: Անոնք, որոնք տարիներ առաջ կատարուած ընտրութիւններուն պատանիներ էին, այսօր արդէն երիտասարդներ են եւ ստանձնած են աւելի պատասխանատու գործեր: Աշխատանքները կ՛ընթանան շատ հեզասահ, որովհետեւ արդէն ամիսներէ ի վեր կը պատրաստուէինք ընտրութիւններուն թէ՛ կազմակերպական, թէ՛ փոխադրամիջոցի, թէ՛ ալ մատակարարման իմաստով: Տղաքը ճիգ չեն խնայեր օգտակար դառնալու բոլորին, ուստի լիբանանահայերը եւս պէտք է իրենց զօրակցութիւնը յայտնեն ՀՅԴ-ին»:
ՎԱՐԴԱՆ ԱԶՆԱՒՈՒՐԵԱՆ
«Նիկոլ Դուման» կոմիտէի անդամ
«Մենք առտուան կանուխ ժամերէն եկանք քուէարկութեան կեդրոն, որպէսզի ընդունինք այս կեդրոնին մէջ քուէարկող հայորդիները: Մեր պարտականութիւնն է զանոնք ուղղել դէպի ճիշդ ընտրասենեակներ: Մենք հոս որեւէ մէկ հարցի չհանդիպեցանք, ընդհակառակը շնորհիւ մեր տղոց, ամէն բան հեզասահ կ՛ընթանայ»:
ԼԵՒՈՆ ՊԱՍԻԼԵԱՆ
«Սլիփ Քոմֆոր» քուէարկութեան կեդրոն