Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ի Ընտրական Մեքենայի Կամաւորները Կը Զարմացնեն Տեղացի Թէ՛ Քուէարկողները Եւ Թէ՛ Վստահուած Անձերը

Մայիս 9, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան զօրութիւնը կը խտանայ իր կամաւորներու բանակին մէջ, որ առանց ժամ կամ վայր հարցնելու, առանց տատամսելու կամ դժգոհելու, առանց հատուցման մասին իսկ մտածելու կը բոլորուի կուսակցութեան շուրջ, պատրաստ կ’ըլլայ իր կարելին ընելու, որպէսզի ծառայէ ժողովուրդէն ծնած եւ անոր համար գործող կուսակցութեան:

Երէկ` կիրակի, 8 մայիսին եւս լիբանանահայութիւնը, յատկապէս երիտասարդները, եկան վերահաստատելու այս իրականութիւնը: Արդարեւ, յատկանշական էր ընտրական կեդրոններուն ու ակումբներուն մէջ, ինչպէս նաեւ անոնց դռներուն առջեւ, անցքերուն մէջ մեղուներու տպաւորութիւն ձգող եւ ժրաջան աշխատանքի լծուած մեր տղոց եւ աղջիկներուն պարզած պատկերը: Դաշնակցութեան զինանշանով պատկերուած սպիտակ շապիկներով յատկանշուող այդ երիտասարդները զինուած էին լիբանանահայ քուէարկողներուն, երբեմն նոյնիսկ տեղացիներուն օժանդակելու, անոնց ցուցմունքներ տալու այնպիսի պատրաստակամութեամբ, որ կարծէք իրենց եղբայր-քոյրերուն, մայրերուն եւ հայրերուն, հարազատներուն եւ բարեկամներուն կ’օգնէին: Անոնք այնքան մտերմութեամբ կը մօտենային իւրաքանչիւր հայորդիի, որ ընտրական կեդրոններու օտար միջավայրերուն մէջ լիբանանահայը ուղղակի հանգիստ ու հարազատ կը զգար, որովհետեւ գիտէր, թէ այդ տղաքն ու աղջիկները որեւէ պարագայի թեւ ու թիկունք պիտի ըլլային իրեն, քալելու դժուարութիւն ունեցողները իրենց ուսերուն առած պիտի բարձրացնէին վերի յարկեր, ծերունիներուն յատուկ աթոռներ եւ յարմարութիւն պիտի տրամադրէին, պիտի ընկերակցէին իւրաքանչիւրին` մինչեւ քուէարկութեան սենեակ, ուր սպասելով արդէն քուէարկած հայորդիին պիտի ընկերակցէին իրեն մինչեւ այն ինքնաշարժները, որոնք տրամադրուած էին ՀՅԴ-ի ընտրական մեքենային կողմէ: Տակաւին կան իբրեւ վստահուած անձեր ընտրական սենեակներուն մէջ ներկայութիւն եղողները, որոնք իրենց ցուցմունքներով կ’օժանդակէին ազգայիններուն, որպէսզի իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը լիուլի կատարէին` առանց շփոթելու:

Իսկապէս հրաշալի էր պատկերը. անկախ ընտրութեան արդիւնքէն, այս պատկերը ինքնին յաղթանակ մըն է այն իմաստով, որ մինչ ուրիշ կուսակցութիւններ, թեկնածուներ եւ կողմեր տասնեակ հազարաւոր տոլարներով կը վարձէին աշխատողներ, որոնք իրենց պարտականութիւնը կը կատարէին իբրեւ լոկ աշխատանք, որուն մէջ ոգի ու եռանդ չկայ, մեր տղաքն ու աղջիկները` ժպտուն դէմքերով, նոյն հարցումին  քանի մը անգամ պատասխանելու համբերութեամբ, ամէնէն դոյզն հարցէն մինչեւ ամէնէն բարդը լուծելու վճռակամութեամբ ներկայ էին ամէն տեղ, նոյնիսկ հոն, ուր սովորական չէ ակնկալել: Անոնք իսկական յոյսը կը ներկայացնեն հայութեան, ապաւէնը` Դաշնակցութեան, երաշխիքը հայ ժողովուրդի գոյատեւման:

Այս երեւոյթին մասին «Ազդակ»-ի հետ զրուցեցին նաեւ երէցներ ու երիտասարդներ:

Արազ Գոճայեան
Արազ Գոճայեան

Արազ Գոճայեան մեծ թիւով ԼԵՄ-ականներու, ԶՈՄ-ականներու, կուսակցական թէ կամաւոր երիտասարդներու կողմէ տարուած աշխատանքին մասին խօսելով ըսաւ, թէ Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ կամաւորութեան այս սկզբունքը միշտ ալ հիմք եղած է, որովհետեւ Դաշնակցութեան ծառայող հայորդիին վարձատրութիւնը եղած է տեսնել, որ հայութիւնը տակաւին կը շարունակէ, կը գոյատեւէ, ինչ մարզ ալ ըլլայ այդ կամաւոր աշխատանքի դաշտը: «Ընտրութիւններուն ընթացքին եղած կամաւոր աշխատանքին հատուցումը պիտի ըլլայ այն, որ մենք արդիւնքը տեսնենք, մեր թեկնածուներուն ընտրուելուն ականատես ըլլանք, որովհետեւ մենք եւս անոնցմէ ակնկալութիւն ունինք, որ մեզի ծառայեն, մեր իրաւունքները հետապնդեն, հայորդիներուն շահերը պաշտպանեն: Մենք հարկադրաբար հոս չենք, այդ գիտենք, որ դրամական վարձատրութիւնը կարճ ժամանակի ընթացքին գոհունակութիւն պատճառող բան մըն է, մինչ մեր նպատակը այն է, որ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն եւ թաղապետներուն ծառայութեան տարիներուն անոնք իրենց դիրքէն, հանգամանքէն օգտուելով մեր հաւաքական շահերը պաշտպանեն ու ծառայեն լիբանանահայութեան», ըսաւ Արազ Գոճայեան:

Մեղրի Պապիկեան
Մեղրի Պապիկեան

Կամաւոր աշխատողներէն Մեղրի Պապիկեան ըսաւ, թէ ԼԵՄ-ականները լաւագոյն ձեւով կատարած են իրենց վստահուած պարտականութիւնը: Առտու կանուխ գործի լծուելով օգտակար դարձած են ընտրակեդրոն դիմողներուն` ստուգելով անձնագիրի տուեալները տուած են համապատասխան ուղղութիւնները եւ վերջապէս յատկացուած ինքնաշարժներով տեղափոխած են զիրենք քուէարկելու համապատասխան վայրը:

Եղիկ Թաշճեան
Եղիկ Թաշճեան

Եղիկ Թաշճեան ըսաւ, թէ օտարներն անգամ նշմարած եւ գովասանքով արտայայտուած են դաշնակցական երիտասարդութեան կամաւոր աշխատանքին մասին: «Մեր գաղութին եւ հայ համայնքին նուազագոյն օգտակարութիւնն է, որ կը տանինք մենք` իբրեւ երիտասարդներ: Հոգեպէս գոհ ենք մեր տարած աշխատանքէն: Մեր կարելին կ՛ընենք մեր գործի եւ նպատակներուն յաջողութեան եւ արդար քուէարկութիւն իրականացնելու ի խնդիր», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Մարդկութեան Դէմ Յանցագործութիւն

Յաջորդը

Հողը` Արիւնով. Երկու Պատմութիւն (Շուշիի Ազատագրման 24-Ամեակին առիթով)

RelatedPosts

«Նահատակութիւնը Մեծագոյն Պատգամ Է», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարքը
Գաղութային

«Նահատակութիւնը Մեծագոյն Պատգամ Է», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարքը

Հոկտեմբեր 20, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ողջունեց Մալոյեանի Սրբադասումը
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ողջունեց Մալոյեանի Սրբադասումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասման Պատարագ` Զմմառու Մայրավանքին Մէջ
Գաղութային

Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասման Պատարագ` Զմմառու Մայրավանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?