Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ի Ակումբներուն Մէջ Նախապատրաստական Աշխատանքները Մօտեցած Են Իրենց Աւարտին

Մայիս 6, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միայն քանի մը օրեր մեզ կը բաժնեն կիրակի, 8 մայիսին տեղի ունենալիք Պէյրութի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններէն, որոնց մասնակցելու կոչուած են բոլոր լիբանանահայերը, որոնք այդ շրջանին մէջ կը քուէարկեն: Ակումբներուն մէջ ժրաջան եւ հետեւողական աշխատանքները կը շարունակուին աւելի մեծ թափով: Ազդակ»-ն ու «Վանայ ձայն»-ը ներկայացնող թղթակիցը շարունակելով իր այցելութիւնները, հետեւեցաւ Զալքայի ակումբին եւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցած աշխատանքներուն եւ զրուցեց պատասխանատուներու եւ գործունէութեան մասնակիցներու հետ:

en-1_50516

ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Յարութ Տաղլեան ըսաւ, որ թէեւ քիչ մը ուշ սկսան այս տարուան ընտրական նախապատրաստական աշխատանքներուն, սակայն շրջանի ընկերները իրենց կարելին ըրին ընտրական տախտակները ամբողջացնելու առումով: «Հիմնական դժուարութիւնը այն էր, որ վերջին քանի մը տարիներուն մեծ թիւով հայեր փոխադրուած են մեր շրջանները (Զալքա, Ժալ Էլ Տիպ, Պիաքութ եւ այլն) եւ այդ հայորդիներուն անունները ամբողջական կերպով չկան մեր տրամադրութեան տակ: Ուստի, կոչ կ’ուղղեմ բոլոր ազգայիններուն, յատկապէս անոնց, որոնց չկրցանք հասնիլ, որ անպայման ներկայանան մեր ակումբը, եւ մենք պատրաստ ենք բոլոր մանրամասնութիւնները տրամադրելու եւ դիւրացնելու քուէարկութեան հոլովոյթը` ապահովելով նաեւ փոխադրութիւնը», յայտնեց Տաղլեան:

en-2_50516

«Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէի անդամ Եղիշէ Տարագճեան հաստատեց, որ ընտրական աշխատանքները հեզասահ կերպով կ’ընթանան, թէեւ որոշ դժուարութիւններու հանդիպած են ընտրական տախտակներու ամբողջացման ատեն` նկատի ունենալով, որ մեծ թիւով հայեր Զալքայի շրջան փոխադրուած են, սակայն անոնց անունները չկան: «Բոլոր պարագաներուն, մենք մեր կարելին ըրինք դիւրացնելու քուէարկութեան աշխատանքը  եւ անհրաժեշտ ցուցմունքները տալու մեր հայորդիներուն», ըսած է Տարագճեան:

en-4_50516

ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» կոմիտէի անդամ Կարպիս Յովակիմեան ըսաւ, որ` նկատի ունենալով շրջանին ընդարձակ ըլլալը, իրենք աշխատանքի սկսած են նախորդ ամիսներուն, մանաւանդ որ մեծ թիւով հայորդիներ հաստատուած են հոն: Անոր համաձայն, շրջանի բնակչութեան պատկերը ճշդելու համար պէտք է նկատի ունենալ ճամբորդողներուն եւ վերջին տարիներուն դէպի այդ շրջաններ տեղափոխուածներուն թիւը:

«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ կը գործէ «Աղբալեան-Մարուխեան» ընտրամեքենան, եւ հոս թէ՛ համակիրներ, եւ թէ՛ կուսակցականներ լծուած են աշխատանքի եւ մեծ ճիգ ի գործ կը դնեն ընտրութիւնները յաջողութեամբ պսակելու համար», յայտնեց Կ. Յովակիմեան:

en-3_50516

ՀՅԴ «Մարուխեան» կոմիտէութեան ընտրական աշխատանքներուն մասնակիցներէն Մարալ Մխճեան հաստատեց, որ նախորդ ամիսներուն բաւական մեծ աշխատանք տարած են ընտրական տախտակները ամբողջացնելու եւ անհրաժեշտ տեղեկութիւնները ունենալու համար: Այս նպատակով տուած են այցելութիւններ, հեռաձայնային կապ հաստատած են շրջանի հայորդիներուն հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ իւրաքանչիւրին տուեալները արձանագրել:

«Պէտք է ըսել, որ ժողովուրդին մօտ կայ դրական մօտեցում: Այս ընտրութիւնները կարեւոր են պահպանելու մեր իրաւունքները եւ փաստելու մեր ներկայութիւնը: Ուստի մենք կոչ կ’ուղղենք բոլորին` մասնակցելու այս ընտրութիւններուն, դիմելու ՀՅԴ-ի ակումբներ, որովհետեւ առաւօտեան շատ կանուխ ժամերէն ներկայութիւն պիտի ըլլանք ակումբներուն մէջ, որպէսզի անհրաժեշտ ձեւակերպումներէն ետք հայորդիները առաջնորդենք ընտրական կեդրոններ», նշեց Մ. Մխճեան:

Միեւնոյն կոմիտէութեան ընտրական աշխատանքներուն մասնակից Սիլվա Գարավարդանեան դիտել տուաւ, որ ինչպէս բոլոր շրջաններուն մէջ, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ եւս ժրաջան աշխատանք կը տարուի, որպէսզի զոյգ կոմիտէութիւններուն ընտրական աշխատանքները յառաջ երթան: «Իւրաքանչիւր լիբանանահայ քաղաքացի իր պարտաւորութիւնը պէտք է նկատէ ընտրութիւններուն մասնակցիլը եւ այդ գիտակցութեամբ ուղղուի քուէատուփ: Մինչեւ օրս կապ հաստատեցինք մեծ թիւով հայորդիներու հետ, բոլորը խանդավառ են եւ պատրաստ մասնակցելու ընտրութիւններուն: Քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները առիթ պէտք է ըլլան մեր լիիրաւ ներկայութիւնը փաստելու Լիբանանի մէջ», ըսաւ Ս. Գարավարդանեան:

 

 

 

Նախորդը

Տաւութօղլու Կը Հեռանայ Թուրքիոյ Վարչապետի Պաշտօնէն

Յաջորդը

Արտաքսում

RelatedPosts

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Գաղութային

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յուլիս 9, 2025
Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 8, 2025
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը
Գաղութային

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը

Յուլիս 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?