Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Գրող Պեպօ Սիմոնեանի «Գրականութեան Ճամբուն Վրայ» Գիրքին Շնորհահանդէսը

June 1, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

sim-1_53116

Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին եւ «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան, ուրբաթ, 27 մայիս 2016-ին, Անթիլիասի մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ Պեպօ Սիմոնեանի «Գրականութեան ճամբուն վրայ» գիրքին շնորհահանդէսը` բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց դպրեվանքի փոխտեսուչ Պօղոս վրդ. Թինքճեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, ներկայացուց օրուան բանախօսները եւ շնորհահանդէսին յայտագիրը:

Խօսք առաւ դոկտ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեան, որ բացատրեց «Գրականութեան ճամբուն վրայ» գիրքին կազմութեան հանգրուաններն ու բովանդակութիւնը: Ապա խօսք առաւ դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան, որ ներկաներուն հետ բաժնեց Պեպօ Սիմոնեանէն իր յուշերն ու տպաւորութիւնները: Ներկաներուն իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, որ ըսաւ. «Պեպօ Սիմոնեան իւրայատուկ անձ մըն էր իր պարզութեամբ եւ միշտ հաւասարակշռուած մօտեցումով: Բաց հոգիով եւ հաղորդական մօտեցումով մարդ մըն էր Սիմոնեանը»:

Ապա խօսքը ուղղելով Պեպօ Սիմոնեանի կնոջ` Ազատուհի Սիմոնեանին` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Իբրեւ  մտաւորական եւ ուսուցիչ Ազատուհի Սիմոնեան տասնամեակներու ընթացքին ներկայ եղաւ Պեպօ Սիմոնեանի կողքին: Այս առիթով, երբ մենք կը յիշենք Պեպօ Սիմոնեանը, կը կարծեմ, որ լաւագոյն առիթն է անոր կողակից Ազատուհի Սիմոնեանը պարգեւատրելու «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով»:

sim-2_53116

Ազատուհի Սիմոնեան ստանալէ ետք շքանշանը, Սիմոնեան ընտանիքին անունով շնորհակալական խօսք մը արտասանեց:

 

Նախորդը

«Ժամանակն Է Ազատուել Տիզբոնից Մարզպան Բերելու Եւ Ռուսաց Թագաւորին Նամակ Գրելու Բարդոյթից. Մենք Ենք Մեր Հիմնական Դաշնակիցը». Լիլիթ Գալստեան

Յաջորդը

Դպրեվանքի 11 Սաներ Արժանացան Սարկաւագական Ձեռնադրութեան

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.