
Երկուշաբթի, 30 մայիս 2016-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի գրասենեակին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը:
Վեհափառ հայրապետն ու դեսպանը խորհրդակցութիւններու ընթացքին քննարկեցին ընդհանրապէս Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան, Ղարաբաղի այժմու կացութեան եւ Լիբանանի ու Հայաստանի տնտեսական գործակցութեան առնչուած խնդիրներ ու աշխատանքներ:
Դեսպան Մկրտչեան այս առիթով այցելեց հայ ժողովուրդի վերածնունդը խորհրդանշող յուշարձանը եւ մօտէն ծանօթացաւ Ս. Աստուածածին վանքի զանազան բաժանմունքներուն:


