Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաթրունի Եւ Թրիփոլիի Ակումբներուն Մէջ Ընտրական Աշխուժ Մթնոլորտ Կը Տիրէր

Մայիս 30, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

batroun-(2)_52916

Երէկ` կիրակի, 29 մայիսին, առաւօտեան կանուխ ժամերէն հիւսիսային Լիբանանի Պաթրուն եւ Թրիփոլի շրջաններուն մէջ Դաշնակցութիւնը լծած էր իր ընտրական մեքենան, որպէսզի Լիբանանի քաղաքապետական եւ թաղապետական վերջին փուլի ընտրութիւններուն եւս կազմակերպէ հայորդիներուն ընտրելու գործընթացը: Պաթրունի Հայ կեդրոնն ու Թրիփոլիի ակումբը վերածուած էին մեղուաբոյնի, ուր կամաւորները, պատասխանատուները եւ քուէարկողները լծուած էին ժրաջան աշխատանքի, որպէսզի լիուլի կատարեն իրենց պարտականութիւնները:

Ստորեւ կը ներկայացնենք անոնցմէ ոմանց հետ «Ազդակ»-ի թղթակիցներուն ունեցած զրոյցները:

«Պաթրունի մէջ տեղի ունեցող քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն կը մասնակցին Պաթրունի մէջ մնայուն բնակութիւն հաստատած շուրջ 50 հայ ընտանիքներ, առաւել ընտանիքներ, որոնք հոս կը քուէարկեն, բայց կ՛ապրին շրջանէն դուրս: Բոլորը այսօր հրաւիրուած են կատարելու իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը, եւ մենք` իբրեւ ՀՅԴ «Քեռի» կոմիտէութիւն, ստանձնած ենք ժողովուրդին մասնակցութիւնը ապահովելու եւ դիւրացնելու աշխատանքը: Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ եւս ՀՅԴ-ի կոմիտէութիւններու ընտրական յանձնախումբերը պատրաստ են քուէարկութեան մասնակցիլ ուզող հայորդիներուն փոխադրութիւնը ապահովելու եւ անհրաժեշտ ցուցմունք տալու:

Ինչ կը վերաբերի ընտրական մթնոլորտին, ապա հարկ է նշել, որ գոյութիւն ունի մէկ ցանկ, իսկ միւսները իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած անհատներ են, հետեւաբար, կարելի է եզրակացնել, որ Պաթրունի մէջ սուր ընտրապայքար չկայ, բայց եւ այնպէս հայութիւնը անպայման պէտք է մասնակցի ընտրութիւններուն, որպէսզի փաստէ իր ներկայութիւնը եւ իր քուէին ուժը»:

ՆԱԶՕ ԶԻԼԻՖԵԱՆ
ՀՅԴ «Քեռի» կոմիտէութիւն

tripoli-(2)_52916

«Մենք պատմականօրէն Թրիփոլիի Մինա շրջանին մէջ ունեցած ենք թէ՛ քաղաքապետական խորհուրդի անդամի, եւ թէ թաղապետի թեկնածուներ: Բայց վերջին 25 տարուան քաղաքական բեւեռացումներուն եւ սուր ընտրապայքարներուն պատճառով, հայ թեկնածուները կ՛ըլլային քաւութեան նոխազը, եւ ներկայացուած ըլլալու իրաւունքը կը խլուէր մեր ձեռքէն:

Մեկնելով այն սկզբունքէն, որ մենք` իբրեւ հայութիւն, Թրիփոլիի մէջ պէտք է պահպանենք մեր քաղաքական ներկայութիւնը, մեր մշակութային կեդրոնը, եկեղեցին, դպրոցն ու ակումբը, Դաշնակցութիւնը որոշեց շատ լուրջ եւ լաւապէս կազմակերպուած ձեւով աշխատիլ, որպէսզի ապահովէ հայ թեկնածուի մը ներկայութիւնը քաղաքապետական համախոհական ցանկին մէջ, ինչպէս նաեւ առաջադրէ թաղապետի մը թեկնածութիւնը:

Այս պատճառով ալ մեր տղաքը արդէն մէկուկէս ամիսէ ի վեր կ՛աշխատին այս ուղղութեամբ: Կը փորձենք կազմակերպուած եւ ճկուն ձեւով աշխատիլ, որպէսզի օտար ուժերու միջամտութիւն չկատարուի, կամ անոնց ազդեցութեան տակ չըլլանք: Ըսեմ նաեւ, որ մենք կը գտնուինք Ապտել Քատեր Ալամէտտինի գլխաւորած համախոհական ցանկին վրայ, եւ յոյս ունինք, որ մեր թեկնածուները յաջողութեան կը հասնին:

Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսած աշխատանքները սկսան տալ իրենց արդիւնքները: Մինչեւ ժամ 9:30 արդէն իսկ շուրջ 100 հայորդիներ գացած են քուէարկելու, եւ մենք կ՛ակնկալենք, որ շուրջ 200 ուրիշներ գան եւ քուէարկեն: Կ՛ուզեմ շեշտել, որ բոլորը պարտին իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը կատարել, որովհետեւ մեր թեկնածուներուն յաջողութիւնը Թրիփոլիի հայերուն յաղթանակը պիտի չըլլայ սոսկ, այլ համայն հայութեան եւ Դաշնակցութեան յաղթանակը պիտի ըլլայ»:

ՖԻԼԻՓ ՊԱՐԱՔՍԵԱՆ
Թրիփոլիի ՀՅԴ «Բերդավայր» կոմիտէի
ընտրական պատասխանատու

«Ընդառաջելով Դաշնակցութեան կոչին, այսօր Թրիփոլիէն դուրս ապրող հայորդիներ եկած են մասնակցելու ընտրութիւններուն:

Մենք երկար ատենէ ի վեր ներկայացուած չենք եղած քաղաքապետական խորհուրդին մէջ, ոչ ալ ունեցած ենք մեր թաղապետը, հետեւաբար բոլորին մասնակցութիւնը կարեւոր է, որպէսզի հայութիւնը իր ներկայացուցիչները ունենայ Թրիփոլիի մէջ:

Մենք առտուան ժամը 6:00-էն ակումբն ենք, որպէսզի դիւրացնենք քուէարկող քաղաքացիներուն երթեւեկը եւ պէտք եղած ցուցմունքները տանք: Յոյսով ենք, որ ժողովուրդը պիտի ընդառաջէ մեր կոչին եւ պիտի հասնինք մեր նպատակին»:

ՍՈՖԻԱ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Պատասխանատու

tripoli-(4)_52916

«Մօտաւորապէս 40-45 տարիներ առաջ մենք ներկայացուած եղած ենք Թրիփոլիի քաղաքապետական խորհուրդին մէջ: Մեր վերջին ներկայացուցիչները այդ թուականներուն գործած են: Այսքան տարի ետք մեր համայնքը կը փորձէ դարձեալ ունենալ իր ներկայացուցիչները, որովհետեւ Թրիփոլիի մէջ կ՛ապրի մօտաւորապէս 150 ընտանիք, նաեւ կան Թրիփոլիէն դուրս ապրող հայերը, որոնք պետական եւ կառավարական թուղթերու համար միշտ ալ գործ կ՛ունենան քաղաքապետարանին կամ թաղապետներուն հետ: Անշուշտ բոլորին գործերը աւելի կը դիւրանան, երբ հայ պատասխանատուներ կը հոգան մեր հայորդիներուն կարիքները:

Թրիփոլիի կեդրոնին մէջ մթոլորտը շատ լաւ է: Պէյրութէն հայեր կու գան իրենց պարտականութիւնը կատարելու, միեւնոյն ժամանակ վերագտնելու իրենց հին բարեկամները: Իսկ աշխատող տղաքը գետնի վրայ են եւ օգտակար կը դառնան քուէարկողներուն:

Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ձեզի, որ եկաք եւ հետաքրքրուեցաք մեզմով: Մենք հոս ուժեղ ենք, բայց մեր ուժը Լիբանանի ամբողջ տարածքին ապրող հայութենէն կ՛առնենք»:

ՌՈՒԲԷՆ ՔԱՀԱՆԱՅ ՄԻՍԻՍԼԵԱՆ
Թրիփոլիի Հոգեգալուստ եկեղեցիի
հոգեւոր հովիւ

«ԼՕԽ-ի Այծեմնիկ մասնաճիւղի վարչական կազմը անմասն չմնաց ընտրական աշխատանքներէն: Մենք յանձն առինք աշխատող ընկերներուն եւ կամաւորներուն ճաշի մատակարարման աշխատանքը: ԼՕԽ-ականներէն ոմանք այսօր նաեւ շրջուն վստահուած անձեր են: Պէտք է շեշտեմ, որ բոլորը անխտիր` կոմիտէութիւնը ԼՕԽ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերը միասնաբար աշխատեցան յաջողցնելու ընտրական գործը:

Մենք թէեւ փոքրամասնութիւն ենք, բայց յոյսով եմ, որ ներկայացուած կ՛ըլլան քաղաքապետական խորհուրդին մէջ եւ կ՛ունենանք մեր թաղապետը»:

ԷԼԻԶ ՉԱԹՈՅԵԱՆ
ԼՕԽ-ի «Այծեմինկ» մասնաճիւղ

 

«Ես Պէյրութէն եկած եմ մասնակցելու Պաթրունի ընտրութիւններուն: Թէեւ մենք հոս թեկնածուներ չունինք, բայց նախ մեր պարտականութիւնն է զօրակցիլ Պաթրունի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն, ապա կարեւոր է, որ մենք կատարենք մեր քաղաքացիական պարտականութիւնը` իբրեւ Լիբանանի քաղաքացիներ: Մենք Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կոչին ընդառաջելով` կուսակցութեան որոշումին զօրավիգ կը կանգնինք:

Tripoli_52916

Այս մէկուն գիտակցութիւնը պէտք է ունենայ իւրաքանչիւր հայորդի, որովհետեւ տեղական մակարդակի վրայ անհրաժեշտ է ներկայ ըլլալ եւ տէրը մեր իրաւունքներուն»:

«Ես բնիկ թրիփոլցի եմ, հայրս` Վարդան Պաքքալեան 1960-ականներուն քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եղած է: Ես, ընդառաջելով ակումբի կոչին, հիմա եկած եմ իմ քաղաքացիական պարտականութիւնս կատարելու եւ ընտրելու հայ թեկնածուները:

Ճիշդ է, որ մեր թիւը քիչ է Թրիփոլիի մէջ, բայց մենք այսպիսի պարտականութիւններու ընթացքին միշտ պատրաստ եւ միասնակամ կ՛ըլլանք:

Ես շատ ուրախ եմ, որ ակումբը հայ թեկնածուներուն յաջողութիւնը ապահովելու համար լուրջ աշխատանք կը տանի, այս մեր ընտրամեքենային լաւ գործելուն փաստը, լիբանանցիներուն եւ մանաւանդ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն արտայայտած դրական կեցուածքներն են թէ՛ Դաշնակցութեան, եւ թէ հայ քուէարկողներուն մասին»:

ՍԱՐԳԻՍ ՊԱՔՔԱԼԵԱՆ

«Ես Թրիփոլիի Մինա շրջանէն եղած եմ: Ընդառաջած եմ Դաշնակցութեան կոչին եւ եկած եմ կատարելու քաղաքացիական պարտականութիւնս: Կոյր վստահութիւն ունիմ Դաշնակցութեան որոշումներուն նկատմամբ: Պէյրութէն եկանք 14 հոգիով` մեծով-պզտիկով: Ես իմ զաւակներս հետս բերած եմ, որպէսզի տեսնեն, վարժուին եւ դաստիարակուին այնպէս, ինչպէս մենք դաստիարակուած ենք, թէեւ իրենք փոքր են տակաւին: Այս մէկը մեր նուազագոյն պարտականութիւնն է, մեր երախտագիտութիւնը` հանդէպ այն կուսակցութեան, որ մեզի տէր կանգնեցաւ պատերազմին ընթացքին եւ միշտ:

Մեզի համար շատ կարեւոր է ունենալ հայ ներկայացուցիչներ հոն, ուր հայ կ՛ապրի: Թրիփոլիի մէջ մեծաթիւ հայեր կ՛ապրին, հետեւաբար պէտք է ներկայացուած ըլլանք զոյգ կառոյցներուն մէջ: Անոր համար ալ ջանք պէտք չէ խնայենք մեր թեկնածուներուն յաջողութիւնը ապահովելու»:

ԿԱՐՕ ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆ

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս 2-1 Արդիւնքով Գերազանցեց Ռիատի Պէյրութը

Յաջորդը

Մայիս 28-ի Տօնակատարութիւնը` Անթիլիասի Մէջ

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?