Զանազան հարցերով իրեն դիմող քաղաքացիներու օժանդակութեան եւ խորհրդատուութեան աշխատանքին առընթեր, Հայկական երեսփոխանական գրասենեակը անցնող օրերուն ուտեստեղէնի եւ կենցաղային կարիքներու յատկապէս պատրաստուած ծրարներ բաշխեց 142 հայ կարիքաւոր պարագաներու:
Երկրի տնտեսական տագնապի այս օրերուն լիբանանցի թէ սուրիահայ եւ իրաքահայ գաղթականներու տրամադրուած այս օժանդակութիւնը կ՛իրականանայ թէ՛ գրասենեակին եւ թէ՛ բարերարներու ճամբով կատարուող ներդրումով:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ


