Իւրայատուկ Ցուցադրութեան Կը Մասնակցին Հայ Արհեստաւորներ Եւ Ոսկերիչներ
Երեքշաբթի, 12 յուլիս 2016-ին` ժամը 10:00-ին բացումը կատարուեցաւ Եունայթըտ նէյշընզ ինտասթրիյըլ տեվըլոփմընթ օրկընայզէյշընին (ԵՈՒՆԻՏՕ) որդեգրած եւ զարգացման արժանի լիբանանեան երկու կարեւոր մարզերու արտադրութիւններու ցուցահանդէսին, Ճըմմէյզէի հին ոճ ունեցող տուներէն մէկուն գետնայարկը: Ցուցադրուեցան Պուրճ Համուտի ոսկերչութեան եւ Թրիփոլիի կահոյքի մարզերու յատկանշական արտադրութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ձիթաիւղը եւ ոչ քիմիական (օրկանիք) ուտելիքներ: Ներկայ էին Լիբանանի մէջ Եւրոպական խորհուրդի դեսպան Քրիսթինա Լասըն, Լիբանանի...




















