Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նոր Սերունդ» Մշակութային Միութեան «Արեգ» Պարախումբին Ելոյթը

July 11, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

arek_71016

Անցնող շաբաթավերջին, «Էմիլ Լահուտ» սրահին մէջ «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան «Արեգ» պարախումբը իր երեք խումբերով` մեծերու, միջակներու եւ փոքրերու, հանրութեան ներկայացաւ «Հայ ենք մենք» խորագիրը կրող 3 պարային ելոյթներով, պարուսոյց եւ գեղարուեստական ղեկավար` Շահէ Տեմիրճեան, փոքրերու խումբի պարուսոյց եւ գեղարուեստական ղեկավար` Սարին Արթինեան-Տեմիրճեան:

Շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցած կալա-ելոյթին Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք «Արեգ» պարախումբը իր երեք խումբերով կատարեց բացման պարը` «Մէկ ընտանիք» խորագիրով, որմէ ետք բարի գալուստի խօսքը հայերէնով եւ արաբերէնով արտասանեց «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան ատենապետ Անի Եփրեմեան: Ան յայտնեց, որ «Հայ ենք մենք» ելոյթը ամբողջովին նուիրուած է հայոց բանակին, մեր բոլոր հերոսներուն եւ նահատակներուն: «Հայ ենք մենք եւ բոլորս պատրաստ եւ կամաւոր զինուորագրեալներն ենք մեր աննման հայրենիքին, պահապաններն ենք անոր սահմաններուն, նախանձախնդիր տէրերն ենք անոր անվտանգութեան: Հայ ենք մենք, յանդուգն ու խրոխտ, բարձր ու խիզախ Արարատ լերան նման» հաստատեց Եփրեմեան, աւելցնելով, որ «Արեգ» պարախումբի բոլոր անդամները, իբրեւ վերապրողի թոռներ ու ծոռներ անգամ մը եւս պիտի փաստեն, որ հայերը եւ քաջերը չեն խոնարհիր: Ա. Եփրեմեան շեշտեց, որ հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններուն եւ հալածանքներուն, մենք ապրեցանք եւ պիտի ապրինք մեր հաւատքով եւ մշակոյթով, որովհետեւ «Հայ ենք մենք» եւ այս է պարախումբի ելոյթին գլխաւոր պատգամը: Աւարտին, ան շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեամբ նպաստեցին ելոյթի յաջողութեան:

Յայտագիրը ընթացք առնելով յաջորդաբար ներկայացուեցան հետեւեալ պարերը. «Ղափամա» կատարողութեամբ` մեծերու խումբին, «Սեւան»` միջակներու խումբին, «Վարդերու պար»` մեծ աղջիկներ, «Արեւի երկիր»` փոքրեր, «Կեանք»`մեծեր, «Հայ ենք մենք»` մեծ աղջիկներ, «Չէ Կէւարա»` մեծեր, հնդկական պար` միջակներ, «Մոկաց հարսներ»` մեծ աղջիկներ, «Շարան»` փոքրեր,  «Արեւելեան աշխարհ»` մեծեր, «Տիասփորա»` միջակներ, «Սարերի հովին մեռնեմ»` մեծ աղջիկներ, «Մենք ենք մեր սարերը»` միջակներ, «Սասնայ եարխուշտա»` մեծեր եւ փակման պար` կատարողութեամբ բոլոր խումբերուն:

Արդարեւ, «Արեգ» պարախումբի ելոյթին նոր դիմագիծը, ներկայացուած նոր յայտագիրը` իր պարային մեկնաբանութիւններով, ինչպէս նաեւ տարազներու ընտրութիւնը` իրենց համապատասխան գոյներով եւ ձեւերով մեծապէս գնահատուեցան ներկաներուն կողմէ:

 

Նախորդը

Նոր Գիւղի Մէջ Երկու Հայ Վիրաւոր

Յաջորդը

Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ Հիմնադրութեան 170-Ամեակին Առիթով Հանդիսաւոր Պաշտամունք

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.