Յիշատակի Հանդիսութիւն` Նուիրուած «Ճինիշեան» Յիշատակի Ձեռնարկին 50-Ամեայ Գործունէութեան
Աւելի քան յիսուն տարիներէ ի վեր Պուրճ Համուտի մէջ գործող ընկերային ծառայութեան կեդրոնի` «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի 50-ամեակը շքեղ հանդիսութեամբ նշուեցաւ երէկ` ուրբաթ, 22 յուլիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» հանդիսասրահին մէջ` ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, հիւր անձնաւորութիւններու, միութենական ներկայացուցիչներու եւ հաւատացեալ ազգայիններու հոծ բազմութեան: Լիբանանեան եւ հայկական քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքով «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի Պէյրութի խորհրդատու...




















