10 յուլիսին Հալէպի մէջ տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին նահատակուած է սուրիական բանակի հալէպահայ զինուոր Փանոս Աղազարեան (1994-ի ծնունդ), կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը:
Յիշեցնենք, որ վերջին երկու օրերուն զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ կը հրթիռակոծուին Հալէպի Պուսթան ալ Քասըր, Մունշիէ, Ճտէյտէ, Սէյֆ ալ Տաուլէ, Աշրաֆիէ, Շէյխ Թահա, եւ այլ շրջաններ: