«Գանձասար» կը հաղորդէ, թէ երէկ առաւօտեան վաղ ժամերէն զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ, խախտելով զինադադարը, հրթիռակոծել սկսան Հալէպի զանազան թաղամասերը: Առաւօտեան ժամը 6:30-ին հրթիռ մը ինկաւ Ազիզիէ շրջանին մէջ, այնուհետեւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծեցին Հալէպի պետական համալսարանի հանրակացարանի հրապարակը, Ֆըրքան, Մաշարքա, Շէհպէէ Ռոզ, Մերիտիէն եւ Նոր Գիւղ շրջանները: Ներկայ տուեալներով արձանագրուած է 20 զոհ, 140 վիրաւոր, որոնց մեծամասնութիւնը երեխաներ են: Վիրաւորները փոխադրուած են Ալ Ռազի հիւանդանոց: