Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. Թալին Մարտիրոսեան Նշանակուեցաւ Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տնօրէն

July 9, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

logo-ArmenianPrelacyԻ հետեւումն մեր 7 յունիս 2016-ին հրապարակած հաղորդագրութեան, ուրախ ենք յայտնելու որ Լիբանանի Հայոց թեմի Ազգային վարչութիւնը, չորեքշաբթի, 6 յուլիս 2016-ին գումարած իր հերթական ժողովին, քննարկելէ ետք Ազգային Միացեալ վարժարանի տնօրէնութեան կառոյցը, տնօրէն նշանակեց տիկին Թալին Մարտիրոսեանը: Ան իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ 2016-2017 վերամուտին եւ հսկէ դպրոցներու միաւորման եւ Միացեալ վարժարանի 2017-2018 անդրանիկ տարեշրջանի վերամուտի պատրաստութեան աշխատանքներուն: Յառաջիկային, տնօրէնութիւնը պիտի համալրուի նաեւ վարչական եւ հայերէնագիտական նիւթերու պատասխանատուներով: Ազգային վարչութեան կողմէ յառաջանալիք մասնագէտ անձնաւորութիւններէ բաղկացած կրթական խորհուրդ մը պիտի սատարէ տնօրէնութեան աշխատանքներուն:

Մօտիկ ապագային պիտի յայտարարուին Կրթական խորհուրդի, ինչպէս նաեւ Միացեալ վարժարանի հոգաբարձուներու խորհուրդի եւ հանգանակիչ մարմինի կազմերու անուանացանկերը:

Թալին Մարտիրոսեան ներկայիս կը հետեւի  Հայկազեան համալսարանի կրթական վարչագիտութեան մագիստրոսական ծրագիրին եւ շուտով պիտի ներկայացնէ իր աւարտաճառը: 2006-2007 տարեշրջանին հետեւած է Հայկազեան համալսարանի մանկավարժական-դասաւանդութեան յատուկ ծրագիրին եւ վկայուած 2007-ին: 1991-1994 տարիներուն յաճախած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը եւ ստացած ուսողութեան պսակաւոր գիտութեանց վկայական:  Ան աւարտած է Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճը:

1994-1997 տարիներուն,  Թալին Մարտիրոսեան պաշտօնավարած է Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի եւ Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանին մէջ: 1998-էն մինչեւ օրս, ան կը պաշտօնավարէ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ` իբրեւ բարձրագոյն կարգերու ուսողութեան ուսուցիչ:

2013-ին, ան նշանակուած է նաեւ ազգային ութ վարժարաններու ուսողութեան դասանիւթի ընդհանուր համակարգող:

Թալին Մարտիրոսեան կանուխ տարիքէն մաս կազմած է մեր հանրային կեանքին եւ եղած գործօն անդամ պատանեկան, երիտասարդական եւ ուսանողական միութեանց` ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ

 

 

Նախորդը

Մարաշ Թաղամասի Նորոգութեան Ծրագիրը Շուտով Կ՛իրագործուի

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.