Կազմակերպութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին եւ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին, գործակցութեամբ ընկերային հարցերու նախարարութեան` կիրակի, 10 յուլիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի «Միաձայն երգչախումբ»-ի անդրանիկ ելոյթը:
Հովանաւորութեամբ Իտալիոյ Վալտենսիան եկեղեցւոյ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին ու ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին` ամիսներ առաջ նախաձեռնուեցաւ Պուրճ Համուտի բնակիչներէն բաղկացած մանկապատանեկան երգչախումբի մը կազմութեան, խմբավարութեամբ` մայեսթրօ Զաքար Քէշիշեանի: Երգչախումբը ցուցանիշ է Պուրճ Համուտի մէջ համերաշխութեան եւ ազգային համակեցութեան:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Պուրճ Համուտի քաղաքապետի ներկայացուցիչ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճորճ Գրիգորեան, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի աշխատանքները համադրող պատասխանատու Ֆիլիփ Լազարինի, ընկերային հարցերու նախարարի ներկայացուցիչ Սուհէյր Ղալի, ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի Լեռնալիբանանի պատասխանատու Ապտալլա Մուհիէտտին, Ընկերային հարցերու նախարարութեան Լեռնալիբանանի գործավար Պահիա Սլէյման, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամներ եւ ներկաներու հոծ բազմութիւն մը:
Ձեռնարկը սկսաւ «Միաձայն երգչախումբ»-ին կողմէ լիբանանեան քայլերգի երգեցողութեամբ:
Բացման խօսք արտասանեց Պուրճ Համուտի բարգաւաճման ծառայութիւններու կեդրոնի տնօրէն տիկին Պեռնատէթ Քրէյտի, որ ողջունեց ներկաները եւ հակիրճ ներկայացուց երգչախումբին կազմութեան հոլովոյթը:
Ապա Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան խօսքը փոխանցեց Ճորճ Գրիգորեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ հաստատեց, որ Պուրճ Համուտի համար հպարտութիւն է, որ բազմազանութիւնը փորագրուած է անոր նկարագիրին մէջ, իր կառուցուած առաջին օրէն: «Աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել, որ բազմազանութիւնն է, որ կերտած է Պուրճ Համուտը: Այս շրջանը մնայուն կերպով հիւրընկալած է տարբեր կրօններ, յարանուանութիւններ, ազգութիւններ, քաղաքացիութիւններ, մշակոյթներ եւ ենթահող ունեցող հաւաքականութիւններ, որոնք միասին կ՛ապրին ու կը գործեն` բաժնելով ու կիսելով իրենց ցաւերը եւ ուրախութիւնները», ըսաւ ան:
Ճ. Գրիգորեան հաստատեց նաեւ, որ Պուրճ Համուտը միայն առեւտուրի եւ տնտեսութեան շրջան չէ, այլ` մշակութային տարբեր հիմնարկներ ընդգրկող շրջան մը, «եւ հետեւաբար այս երգչախումբը կը խորհրդանշէ Պուրճ Համուտը, միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը», շեշտեց ան, ողջունելով այդ համերաշխութեան ամրապնդման նպատակով կատարուած ամէն տեսակի զօրակցութիւն:
Տիկին Սուհէյլ Ղալի ընկերային հարցերու նախարարութեան անունով շեշտեց, որ «Միաձայն երգչախումբը» երազ մըն էր, որ իրականացաւ, եւ կոտրելով ընկերային դառն պայմաններու շղթաները վերածուեցաւ համերաշխութեամբ ապրելու կամքի եւ աւելի լաւ ապագայ մը կերտելու հաւատքի:
Ընկերային հարցերու նախարարութեան անունով ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք գործակցեցան այս երգչախումբը կազմելու եւ այս գեղեցիկ համերգը պատրաստելու աշխատանքին:
«Ձեր միաձայնութիւնը ամբողջ աշխարհին ուղղեց համերաշխութեան, յարգանքի, սիրոյ եւ խաղաղութեան պատգամ մը: Բիւր ողջոյն ձեզի եւ ձեր ծնողներուն», յայտնեց ան:
Ղալիի խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ կարճ ժապաւէն մը, որ կ՛ընդգրկէր «Միաձայն երգչախումբ»-ի անդամներուն աշխատանքները, երգի փորձերը, ինչպէս նաեւ վկայութիւններ` աշակերտներուն եւ ծնողներուն կողմէ, որոնք յայտնեցին իրենց գոհունակութիւնը` երգչախումբը ստեղծելու այս նախաձեռնութեան առիթով:
Ֆիլիփ Լազարինի իր կարգին յայտնեց, որ այս ձեռնարկը իրեն կը յիշեցնէ, թէ երաժշտութիւնը խաղաղութեան ամրապնդման միջոց մըն է: «Երգչախումբէն երգելը կ՛ամրապնդէ տարբեր մշակոյթներու միջեւ համերաշխութիւնը, կ՛օժանդակէ երիտասարդներուն` բարեկամութիւններ հաստատելու եւ մարդկային արժէքները պահպանելու, ինչ որ խոստմնալից ապագայ կը կերտէ նոր սերունդներուն համար», ըսաւ Լազարինի:
Ան շեշտեց, որ 2014-էն ի վեր Գերմանիոյ, Բրիտանիոյ, Հոլանտայի, Միացեալ Նահանգներու, Իտալիոյ, Դանիոյ, Նորվեկիոյ, Ճափոնի, Քուէյթի եւ Վալտեսնեան եկեղեցւոյ ֆինանսաւորումով, ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրը, ընկերային հարցերու նախարարութեան հետ գործակցաբար կը զօրակցի սուրիական տագնապէն ամէնէն աւելի ազդուող ընկերութիւններուն: «Եւ մենք պատրաստ ենք այդ զօրակցութիւնը շարունակելու», յայտնեց Լազարինի շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ Համազգայինին, որոնք գործակցեցան այս ծրագիրին յաջողութեան համար:
Ան կոչ ուղղեց երգչախումբի անդամներուն իրենց ձայնը բարձր պահելու եւ միաձայնութեամբ երգելու:
Ապա ելոյթ ունեցաւ «Միաձայն երգչախումբ»-ը, խմբավարութեամբ` մայեսթրօ Զաքար Քէշիշիեանի եւ նուագակցութեամբ արհեստավարժ նուագախումբի:
Երգչախումբին մաս կազմող 54 աշակերտները երգեցին հայերէն, արաբերէն, անգլերէն եւ իտալերէն 13 երգեր:
Ելոյթի աւարտին, Գրիգորեան, Ղալի եւ Լազարինի երգչախումբի իւրաքանչիւր անդամ պարգեւատրեցին յուշանուէրով մը, իսկ երգչախումբը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց պատասխանատուներուն` անոնց նուիրելով ծաղկեփունջեր: