«Գանձասար» կը հաղորդէ, թէ ուրբաթ, 8 յուլիսին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ Հալէպի զանազան շրջաններու հրթիռակոծման հետեւանքով արձանագրուեցաւ 40 զոհ (մեծամասնութեամբ երեխաներ) եւ 250 վիրաւոր:
Նոր Գիւղի մէջ վիրաւորուեցան երկու հայուհիներ` Հռիփսիմէ Ղազարեան եւ Սօսի Ղազարեան-Հեքիմեան:
Հռիփսիմէ Ղազարեանի վիճակը կայուն է. ան հիւանդանոցէն դուրս եկած է արդէն, իսկ Սօսի Ղազարեան-Հեքիմեանը վիրաբուժութեան պիտի ենթարկուի: