Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազդուրման Կայանի Փակման Հանդէս

Օգոստոս 19, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG-20160814-WA0016-(2)

Կազդուրման կայանի 2016-ի ամրան փակման հանդէսը տեղի ունեցաւ կիրակի, 14 օգոստոս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Այնճարի ԼՕԽ-ի  «Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեան» կեդրոնի շրջափակին մէջ:

Ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներ, ընկերային յանձնախումբի անդամներ, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան ընկերուհիներ, Հայ կաթողիկէ վարժարանի տնօրէն քոյր Թէօպիսթէ, Գըլպաշեան ընտանիքի անդամները, բարերարներ, հայրենակիցներ եւ ծնողներ:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ կեդրոնի պատասխանատու  Դալար Լեհիմճեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Կազդուրման կայանի այս տարուան հանդէսին նիւթն է «Մանուկներու իրաւունքը»: Անցնող 21 օրերուն ընթացքին պտոյտներու, խաղերու, զարգացման մրցումներու եւ այլ դաստիարակիչ յայտագիրներու ընդմէջէն փորձեցինք մանուկներուն ընծայել առողջ միջավայր մը: Պատասխանատուները, Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբը եւ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ ընկերուհին մէկ ընտանիքի նման բաժնեկցեցան փոքրիկներուն ուրախութիւնները եւ տխրութիւնները: Մանուկը ապագայի ընկերութեան տարրերէն մէկը պիտի դառնայ, անիկա կարիքը ունի լաւ դաստիարակութեան, հոգածութեան եւ ինքզինք արտայայտելու իրաւունքին»:

Ապա Լեհիմճեան շնորհակալութիւն յայտնեց ծրագիրին յաջողութեան նպաստող բոլոր անհատներուն եւ բարի վայելում մաղթեց ներկաներուն:

Գեղարուեստական յայտագիրը ընթացաւ հետեւեալ ձեւով. երգչախումբը կատարեց «Գետաշէն» երգը, Գարին Հաճէթեան երգեց «Պիտի գնանք վաղ թէ ուշ» երգը, Հրակ Մամիկոնեան ասմունքեց «Առկայծ ճրագ»-ը, ապա տեղի ունեցաւ «Հայրենիք» քերթուածի խմբային ասմունքը, ներկայացուեցաւ փոքրերու անգլիական պար, մեծերու հայկական պար եւ «Պրէյք տենս», այնուհետեւ կազդուրման կայանի մասնակիցներ կազմեցին բուրգ:

Աւարտին, Շրջանային վարչութեան խօսքը փոխանցեց ընկերային յանձնախումբի ներկայացուցիչ Մարօ Թազեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Այնճարի քաղաքապետութեան, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերուն, ընդհանուր պատասխանատուին, օգնական ուսուցչուհիներուն, մայրիկներուն, բարերարներուն, նուիրատուներուն եւ մանաւանդ ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները այս 3 շաբաթներուն ընթացքին վստահեցան ԼՕԽ-ին:

Ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որմէ ետք փոքրիկները իրենց ծնողներուն հետ վերադարձան իրենց տուները` յաջորդ տարի դարձեալ հանդիպելու խոստումով:

 

Նախորդը

Կոյր Երաժիշտը, Ով Տեսնում Էր Հոգու Աչքերով

Յաջորդը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի Շէնքերուն Կից Գտնուող Հանրային Պարտէզի Պաշտօնական Բացում Եւ Նոր Մարաշ Թաղի Վերանորոգման Ծրագիրի Ստուգում

RelatedPosts

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին

Հոկտեմբեր 18, 2025
«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան.   Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան. Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?