Աստուածամօր վերափոխման տօնին առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կրօնական եւ դաստիարակչական հրատարակութիւններու բաժանմունքը հրատարակեց իր «Եկեղեցի եւ ժողովուրդ» մատենաշարին 4-րդ գրքոյկը, որ կը կրէ «Աստուածածին Մարիամ եւ անոր վերափոխման խորհուրդը» խորագիրը: Գրքոյկին հեղինակն է բաժանմունքի վարիչ Վաղինակ Ծ. վրդ. Մելոյեան: