Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» Մասնաճիւղ. Պանք Օթոմանի Գրաւման 120-Ամեակի Հանդիսութիւն

Օգոստոս 20, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

otoman_81916

120 տարի… եւ դաշնակցական իրերայաջորդ սերունդները կը շարունակեն երգելով փառքը հիւսել Պանք Օթոմանի գրաւման պատմակշիռ իրողութեան, կը շարունակեն դաստիարակուիլ հայու ազգային- գաղափարական ինքնագնահատման ուղիով: 120 տարի… եւ դաշնակցական իրերայաջորդ սերունդները կը շարունակեն կոփուիլ այն բացարձակ ճշմարտութեամբ, թէ ՀՅ Դաշնակցութեան յեղափոխական զէնքը կրնայ բանալ նոր հորիզոններ, կրնայ հարուածել թշնամին բոլոր ճակատներուն վրայ եւ բոլոր պայմաններուն մէջ կրնայ խրոխտ պահել հայու ազատատենչ ոգին:

ՀՅԴ ԼԵՄ-Ի «Բեկոր» մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ  կայացած Պանք Օթոմանի գրաւման 120-ամեայ հանդիսութիւնը, որ տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 19 օգոստոս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի շրջափակին մէջ, վերոնշեալ երեւոյթին լաւագոյն ապացոյցներէն է:

otoman3_81916
Արազ Գազանճեան

Հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արազ Գազանճեան, որ պարտականութիւն սեպեց յիշել յեղափոխական դէպքերը` դասեր քաղելու անցեալէն եւ յարգանքի տուրք մատուցելու հայրենիքի փրկութեան եւ ազատութեան համար պայքարող հերոսներուն:

Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ Պանք Օթոմանի գրաւումէն 120 տարի ետք տակաւին Հայ դատը չէ լուծուած, տակաւին Թուրքիան կը շարունակէ գործադրել իր հակահայ ծրագիրները, իսկ դաշնակցական երիտասարդը պարտականութիւն ունի տէր կանգնելու ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան պանծալի էջերուն: Դաշնակցական երիտասարդը  պարտաւոր է հետեւելու սրբազան հերոսներու եւ նահատակներու պատգամին` շարունակելու Բաբգէն Սիւնիներուն եւ Արմէն Գարոներուն սրբազան գործը:

Ռիթա Սարգիսեան ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» պատանեկան միութեան անդամներ
Ռիթա Սարգիսեան                                                  ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» պատանեկան միութեան անդամներ

Ռիթա Սարգիսեան ապրումով ասմունքեց Ժագ Ս. Յակոբեանի «Կանք ու կը մնանք» ոտանաւորը, ապա ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» պատանեկան միութենէն խումբ մը պատանիներ հպարտօրէն երգեցին «Պանք Օթոման» երգը:

Արամ Սոմունճեան
Արամ Սոմունճեան

Օրուան պատգամը փոխանցեց Արամ Սոմունճեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, թէ 120 տարի առաջ տեղի ունեցած  Պանք Օթոմանի գրաւումը ոչ միայն ՀՅԴ-ի առաջին ցուցական գործունէութիւնն էր, այլեւ իր տեսակին մէջ առաջինը Օսմանեան կայսրութեան մէջ: Առաջին անգամ ըլլալով հայ ազգը կը յանդգնէր յարձակիլ դրամատան մը վրայ` ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհին ուշադրութիւնը գրաւելու եւ իր ազգային դատը ներկայացնելու համար: Ա. Սոմունճեան հաստատեց, որ հայ ազգային-ազատագրական պայքարին մէջ Պանք Օթոմանի գրաւման գործողութիւնը անվիճելի կերպով նոր հանգրուանի մը դուռը բացած է պահանջատէր, յեղափոխական երիտասարդութեան համար, իսկ քաղաքական գետնի վրայ Օսմանեան դրամատան գրաւման ընթացքին արեւմտեան պետութիւններուն վերաբերմունքը ապացուցած է, որ կարելի չէ անոնց վրայ յոյս դնել եւ ակնկալել հայոց իրաւունքներու ձեռքբերումը:

Ա. Սոմունճեան դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս Պանք Օթոմանի գրաւումը օրինակ դարձած է մերօրեայ հերոսներուն` Արային, Սագոյին, Սիմոնին, Սեդրակին եւ Վաչէին, որոնք ներշնչուած Բաբգէն Սիւնիէն, Արմէն Գարոյէն եւ Հրաչ Թիրիաքեանէն, Պանք Օթոմանի գրաւումէն 87 տարի ետք իրագործած են Լիզպոնի գործողութիւնը եւ անգամ մը եւս ամբողջ աշխարհին ու մասնաւորապէս Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ թրքական պետութեան ապացուցած, որ հայը կը մնայ պահանջատէր եւ պատրաստ է իր կեանքը զոհելու, որպէսզի վերատիրանայ իր իրաւունքներուն:

Պատգամախօսը երիտասարդներուն ուղղելով իր խօսքը ըսաւ, որ անոնք պէտք է միշտ ի մտի ունենան Բաբգէն Սիւնիի քաջութիւնը, խիզախութիւնը եւ գործին նկատմամբ իր յանձնառութիւնը, Արմէն Գարոյի նախաձեռնող ու դիւանագէտ ըլլալը եւ Հրաչ Թիրիաքեանի` անարդարութեան դէմ ըմբոստութիւնը: ԼԵՄ-ականները պիտի պայքարին օտարամոլութեան եւ հայկական արժէքներէն հեռանալու երեւոյթներուն դէմ: ԼԵՄ-ականին համար հայոց լեզուն, հայկական մշակոյթը եւ հայոց պատմութիւնը արժէքներ են, որոնց պահպանումը ամէնօրեայ մտահոգութիւն է: Ա. Սոմունճեան ըսաւ, թէ հայապահպանութեան կողքին աշխատանքի հիմնական կիզակէտները պէտք է ըլլան Հայաստանը, Արցախը եւ Հայ դատը: Երիտասարդները պարտաւոր են մօտէն հետեւիլ եւ լաւատեղեակ ըլլալ Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր անցուդարձերուն` ներքին եւ արտաքին ճակատներուն վրայ, ու հեռանալ անտարբերութեան կրաւորական կեցուածքէն: Պէտք է դուրս գան զգացական եւ ենթակայական մօտեցումներէն եւ առարկայական ձեւով քննարկեն մեր հայրենիքին դէմ ցցուած բոլոր դժուարութիւնները` փորձելով իրենց ներդրումը բերել  անոնց լուծման մէջ:

Ա. Սոմունճեան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «ԼԵՄ-ը  պիտի մնայ ինքնադաստիարակչական միաւոր մը, որ կը փորձէ իր հովանիին տակ համախմբել երիտասարդութիւնը եւ զայն օժտել ազգային, յեղափոխական եւ բարոյական դիմագիծով: ԼԵՄ-ը դպրոց մըն է, ուրկէ անցած է աշխարհին չորս ծագերուն տարածուած հայութեան եւ մասնաւորաբար Դաշնակցութեան ղեկավարութեան զգալի մէկ համեմատութիւնը: Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հնոցին մէջ կազմաւորուած աննման եւ ազգային հերոսներու այս արարքը` Պանք Օթոմանի գրաւումը, ցուցական աքթ մը ըլլալով հանդերձ, կը ներկայանայ իբրեւ քաղաքական մարտունակութեան  յստակ ըմբռնում ունեցող հաւաքականութեան մը արտայայտութիւնը»:

Հանդիսութեան աւարտին ազգային-յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցաւ լիբանանահայ երգիչ Վիգէն Տիշչեքենեան` ընկերակցութեամբ Շանթ Տիշչեքենեանի:

Վիգէն Տիշչեքենեան
Վիգէն Տիշչեքենեան

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմը Ներկայացնող Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ի. Սուրիոյ Վերաբերեալ Ռուսիոյ, Իրանի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Համակարգումը Կ՛ընթանայ Լաւ Կերպով

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?