Անցնող շաբաթավերջին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Քուէյթի թեմի եւ շրջակայ երկիրներու հայոց առաջնորդ Մասիս Ծ. վրդ. Զօպույեանը եւ Ազգային առաջնորդարանի ու շրջանին մէջ գործող զանազան կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները:
Պատուիրակութիւնը զեկուցում տուաւ շրջանին մէջ տարուած ազգային-եկեղեցական գործունէութեանց մասին եւ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Քուէյթի մէջ նոր եկեղեցւոյ ու Ազգային առաջնորդարանի կառուցման հոլովոյթին: Վեհափառ հայրապետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց տարուած աշխատանքներուն եւ յատկապէս եկեղեցաշինութեան համար: Ան կազմակերպ եւ միասնական ծրագիրներու մշակումը նախապայման նկատեց ազգային կեանքին մէջ աւելի արդիւնաւէտ իրագործումներու եւ յաջողութեան: