Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարտունիի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Անուշ Հայրենիք» Ճամբարի Փակման Արարողութիւնը

August 15, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

anoush_81416

13 օգոստոսին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մարտունի քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան (ԼԵՄ) «Անուշ հայրենիք» ճամբարի փակման արարողութիւնը: Փակման ձեռնարկին ընթացքին պատանիները հանդիսատեսին ներկայացուցին ճամբարի երկու շաբաթներուն ընթացքին իրենց սորված ազգային երգն ու պարը, հանդէս եկան նաեւ փոքրիկ ներկայացումով:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ը արդէն չորրորդ տարին է, որ Արցախի մէջ կը կազմակերպէ պատանեկան ճամբարներ, ուր իրենց ամառնային հանգիստը կ՛անցընեն  աւելի քան 200 պատանիներ:

Ճամբարը կը կրէր «Կեանքս Արցախին» խորագիրը: Ճամբարի պատասխանատու Յարութ Լափաճեան ընդգծեց, որ «Կեանքս Արցախին» խորագիրը պատահական ձեւով չէր ընտրուած:

«Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի օրերուն մենք հակառակ անոր որ ձեզմէ հեռու էինք, սակայն սրտով ձեզի հետ էինք: Այդ օրերուն մեր աչքերը քուն չտեսան, եւ իւրաքանչիւրիս երազանքն էր այդ օրերուն գտնուիլ դիրքերուն մէջ` մեր հերոս զինուորներուն կողքին: Այժմ մենք մեր երազած հերոսական Արցախի հողին վրայ ենք, այն հողին, որ բոլորիս կարիքը ունի, որպէսզի ապրի եւ աւելի հզօրանայ», նշեց Յարութ Լափաճեան:

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահագն Դադայեան ողջունելով ներկաները նշեց, որ պատանեկան ճամբարներու նպատակն է` պատանիներուն ազգային դաստիարակութեան մատուցումը, կազմակերպուածութիւն եւ կարգապահութիւն սորվեցնելը, սփիւռքի եւ Արցախի միջեւ ամուր կապի ստեղծումը: Ասոնք հզօր հայրենիք կերտելու գրաւականներ են:

ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Արթուր Մկրտչեան» կոմիտէի անդամ, ճամբարի պատասխանատու Ալեոնա Դադամեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի ընկերներուն տարեկան ճամբարներ կազմակերպելու համար եւ նշեց.

«Այս տարուան ճամբարը տարբեր էր մնացած տարիներու ճամբարներէն: Ապրիլեան օրերէն ետք պատանիները կարծես թէ աւելի հասունցած եւ մեծցած էին: Ճամբարի խումբերը մենք սովորաբար կ՛անուանէինք արցախեան պատերազմին նահատակուած տղոց  անուններով: Այս տարի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի մեր հերոսներուն` Եուրի Փարամազեանի եւ Վլատիմիր Նարինեանի անուններով եւս խումբեր ունէինք: Ամէն անգամ, երբ այդ խումբերուն անունները կը հնչէին` ցաւի, կարօտի եւ միաժամանակ հպարտութեան զգացումը կը խեղդէր զիս եւ ինքնաբերաբար շարքերուն մէջ անոնց ալ կը  փնտռէի: Չէ՞ որ անոնք ալ ժամանակին մեր պատանիները, այնուհետեւ երիտասարդականի անդամներն էին եւ այս պատանեկան ճամբարներուն մասնակիցները»:

Ձեռնարկին ընթացքին ՀՅԴ ԼԵՄ-ին եւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան Լեռնային Ղարաբաղի Մարտունիի շրջանի վարչակազմին  կողմէ շնորհուեցան շնորհակալագիրներ:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններն Ու Տարեկան Բանակումը. «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Հռչակման 25-Ամեակ». Տարեկան Բանակում

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն. Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

RelatedPosts

Արաբական Բաց Համալսարանի Հետ Յուշագիրին  Հիմամբ 2026-2027 Տարեշրջանի Առաջին Կիսամեակին  23 Ուսանողներ Ստացան Կրթաթոշակի Յատուկ Զեղչեր
Գաղութային

Արաբական Բաց Համալսարանի Հետ Յուշագիրին Հիմամբ 2026-2027 Տարեշրջանի Առաջին Կիսամեակին 23 Ուսանողներ Ստացան Կրթաթոշակի Յատուկ Զեղչեր

November 13, 2026
«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի Վաթսունամեակի Պաշտօնական Ընթրիքը` Համախմբման Եւ Երախտագիտութեան Առիթ
Գաղութային

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի Վաթսունամեակի Պաշտօնական Ընթրիքը` Համախմբման Եւ Երախտագիտութեան Առիթ

November 12, 2026
Ազգային Երեսփոխանական Ժողով Լիբանանի Հայոց Թեմին
Գաղութային

Ազգային Երեսփոխանական Ժողով Լիբանանի Հայոց Թեմին

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.