Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

Օգոստոս 24, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

hamazkayin_10-01-15Լիբանանահայ գաղութը թիւով քիչ սփիւռքահայ այն գաղութներէն է, որոնք մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայեն իրենց նոր սերունդներուն հայեցի ամուր դաստիարակութիւն տալուն` իրենց բնակած երկիրներուն բարենպաստ պայմանները օգտագործելով: Անիկա այն գաղութներէն է, որոնք հակառակ վերջին տասնամեակներու կեանքի դժուար պայմաններուն` յամառօրէն մեծ ներդրումներ կ՛ընեն պահպանելու, արդիականացնելու եւ զարգացնելու համար հայկական ամէնօրեայ վարժարաններու ցանցը. արդիականացում եւ զարգացում թէ՛ նիւթեղէն կառոյցներու, թէ՛ մարդուժի մարզերուն մէջ:

Արդարեւ, յաջորդ վերամուտին կը սկսի գործել նորակառոյց Ազգային միացեալ վարժարանը, իսկ Արսլանեան Ճեմարանի հողատարածքին վրայ արդէն ընթացքի մէջ դրուած է Համազգայինի նոր մանկամսուրի կառուցումը:

Այս վերանորոգումը կը զուգադիպի նաեւ անձնակազմային բնական սերնդափոխութեան: Լիբանանահայութիւնը դպրոցական վերջին տարեշրջանի աւարտին իր ազգանուէր յանձնառութեան մէկ նոր փաստը տուաւ երկու կարեւոր ամէնօրեայ վարժարաններու ղեկավարումը վստահելով կրթութեան մարզին մէջ մասնագիտացած երիտասարդ կարող ուժերու: Ուժեր, որոնք արհեստավարժութիւն, արդիական մօտեցումներ, նոր շունչ եւ որակ պիտի բերեն այդ վարժարաններուն:

Այս երկու վարժարաններէն մէկը Ազգային միացեալ վարժարանն է, որուն համար Ազգային Իշխանութիւնները ատենին հանդէս եկան յատուկ հաղորդագրութեամբ: Ներկայ հաղորդագրութեամբ կու գանք ընդհանրապէս սփիւռքահայ եւ հայրենի հանրութիւնը, յատկապէս` լիբանահայութիւնը տեղեակ պահելու Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի առած կարեւոր քայլի մը  մասին:

Արդէն Ճեմարանի 2015-2016 ուսումնական տարեշրջանի աւարտական հանդէսին ընթացքին, երբ Ճեմարանի այժմու տնօրէնը` Տիգրան Ճինպաշեան բազմաթիւ տարիներու անխոնջ ծառայութենէ ետք հանգստեան կոչուեցաւ, յայտարարուեցաւ Փաուլա Եղիայեանը Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէն նշանակելու Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան տուած որոշումին մասին: Փաուլա Եղիայեան ճեմարանաւարտ ըլլալով` Ճեմարանին մէջ իր առած դաստիարակութեամբ, հաստատութեան մէջ երկու ամբողջ տասնամեակներու հասնող իր ուսուցչական փորձառութեամբ եւ իր մասնագիտական կարողութիւններով` պահելով հանդերձ  Ճեմարանին  յատուկ հայակերտման նպատակներուն, մթնոլորտին ու ոգիին հանդէպ հաւատարմութիւնը, ուժական կերպով պիտի իրագործէ այդ նպատակները, աւանդութեան միախառնելով արդիական մեթոտն ու գործելակերպը: Փաուլա Եղիայեան, որ մասնագիտացած է կրթութեան համալսարանական ճիւղին մէջ եւ ամբողջացնելու  վրայ է  իր դոկտորական ուսումը, Ճեմարանին պիտի բերէ կրթական մարզի բարձր մակարդակի արհեստավարժութիւն եւ մասնագիտական մօտեցումներ: Փաուլա Եղիայեանը, վերջապէս, երիտասարդ ուժ մըն է, որ իր կարելիութիւններով եւ կարողութիւններով Ճեմարանը նոր յաջողութիւններու պիտի առաջնորդէ` անոր թարմ աւիշ ու  յաւելեալ արդիականացում ընծայելով:

Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք բոլոր հայկական վարժարաններուն:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Պէյրութ, 23 օգոստոս 2016

Նախորդը

Էրտողան Մտադիր Է Ռուսիոյ Վար Առնուած Սու-24»-Ին Համար Փոխհատուցո՞ւմ Կատարել

Յաջորդը

«Թուրքիոյ Հարաւը Քրտական Ինքնավար Գոյացութիւններու Գոյութիւնը Երբեք Պիտի Չընդունինք» Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ

RelatedPosts

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին

Հոկտեմբեր 18, 2025
«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան.   Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան. Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?