Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին Մէջ Հազարաւոր Ուխտաւորներ Մասնակցեցան Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին Արարողութեան
Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնը, որ հինգ տաղաւար տօներէն չորրորդն է եւ Տիրամօր նուիրուած տօներէն ամէնէն հինը, հանդիսաւորութեամբ նշուեցաւ շաբաթ, 13 օգոստոս 2016-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ: Այս առիթով, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ ներկայութեամբ միաբան հայրերուն, սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցեց Եփրեմ արք. Թապաքեան: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց «Շնորհալի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ` Գարեգին վրդ. Շխրտըմեանին:
Ս. Աստուածածին վանքը իր շրջափակով բազմամարդ էր: Հազարաւոր ուխտաւորներու խուռներամ բազմութիւնը խորհրդաւոր պայծառակերպութիւն մը տուած էր վանքին: Խորանը զարդարուած էր սպիտակ ծաղկեփունջերով եւ օրուան խորհրդանիշ խաղողի ողկոյզներով:
Արարողութիւնը սկսաւ երեկոյեան ժամը 8:00-ին: «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ, եկեղեցւոյ զանգերուն աւետաբեր ղօղանջներով, տասնեակ սկաուտներու պատուի կացով, հոգեւոր դասը եպիսկոպոսներով, վարդապետներով, սարկաւագներով, խաչվառներով ու բուրվառներով դպրեվանքի վեհարանի դահլիճէն հանդիսաւոր թափօրով առաջնորդուեցան դէպի Ս. Աստուածածին վանքի Նահատակաց բացօթեայ խորան, ուր տեղի ունեցաւ պատարագը: Յընթացս պատարագին բարձրաձայն հնչած Հաւատոյ հանգանակը հազարաւոր ուխտաւորներու մասնակցութեամբ ա՛լ աւելի խորհրդաւոր դարձուց արարողութիւնը, որմէ ետք կրկին ղօղանջեցին եկեղեցւոյ զանգերը ու հանդիսաւոր թափօրով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հանդիսապետեց պատարագին:
«Ուրախ լե՛ր» շարականի երգեցողութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսը հոգեւոր դասին հետ միասին բարձրացաւ խորան եւ կատարեց աւանդական խաղողի եւ մատաղի օրհնութեան կարգը: Վեհափառ հայրապետը աղօթքին մէջ ըսաւ. «Բարերա՛ր Տէր, մեր հոգիներուն մէջ ծունկի կու գանք եւ կը խնդրենք քեզմէ, որ ամենազօր Սուրբ Հոգիիդ շնորհները ղրկես այս մատաղին վրայ եւ ողորմութեամբ օրհնես զայն, զոր առատ բարիքներէդ առնելով ներկայութեանդ կը բերենք, ո՜վ Աստուած, ի յիշատակ անոնց, որոնք քեզի հաւատալով մեռան: Փրկութիւն, առողջութիւն եւ մեղքերու ներում շնորհէ անոնց, որոնք կը ճաշակեն այս մատաղը, իսկ մեր ննջեցեալները յիշէ, Տէ՛ր, երկինքի արքայութեան ուրախութեան մէջ սուրբերուն հետ դասելով զանոնք, եւ բարի պարգեւներով շնորհէ այս մատաղը բոլոր մատուցանողներուն»:
Օրհնութեան արարողութեան աւարտին Արամ Ա. կաթողիկոսը հայրապետական օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով ողջունեց ժողովուրդի զաւակները: Ան ըսաւ, թէ ժողովուրդի հոծ բազմութեան ներկայութիւնը Ս. Աստուածածին վանքին մէջ ինքնին պերճախօս վկայութիւն մըն է հաւատքի: «Մեր հաւատքէն ժայթքեցաւ մեր յոյսն ու լոյսը պատմութեան յուսահատութեան դիմաց», ըսաւ վեհափառը, ապա հաւատացեալներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց երեք կէտերու վրայ: Նախ ըսաւ, թէ քրիստոնէական աշխարհին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ Ս. Աստուածածինը: Հայ եկեղեցւոյ մէջ հոգեթով պատկերներով ներկայացուած է Ս. Աստուածածինը մատենագիրներուն եւ բանաստեղծներուն կողմէ, սակայն կարեւորութեամբ շեշտուած եւ ցայտուն կերպով հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ տիրական ներկայութիւն մնացած է Աստուածածինը իբրեւ մայր:
Վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ Աստուածածինը եղած է ՄԱՅՐ` բառին վաւերական իմաստով: Հայ մայրերուն համար Ս. Աստուածածինը եղած է մայրութեան տիպար, ճշմարիտ եւ վաւերական օրինակ: Ամէն անգամ, որ հայ մայրերը նայած են Աստուածածինին, անոր մէջ տեսած են իր մանուկին գուրգուրացող, անոր կեանքի հետքերուն հետեւող մայր մը: Ապա վեհափառ հայրապետը կոչ ուղղելով մայրերուն ըսաւ. «Սիրելի՛ մայրեր, Ս. Մարիամ Աստուածածինին մէջ մենք պէտք է տեսնենք մեր մայրութիւնը, մանաւանդ մեր առաքելութիւնը. մայր ըլլալ չի նշանակեր աշխարհ զաւակ բերել. մայր ըլլալ կը նշանակէ այդ զաւակը մեծցնել քրիստոնէական ու ազգային արժէքներով, մայր ըլլալ կը նշանակէ ընտանիք կազմել եւ այդ ընտանիքը հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներով լեցնել»:
Վեհափառ հայրապետը երկրորդ կէտով կարեւորութեամբ շեշտեց, որ Հայաստանն ու Արցախը յուզող հարցերուն գծով սփիւռքը լսողի, դիտողի կամ հետեւողի կրաւորական վիճակին մէջ չի կրնար ըլլալ: Սփիւռքը ընելիք եւ ըսելիք ունի: Իր անկախութեան 25-ամեակի սեմին, Հայաստան կը գտնուի լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց: Պէտք է ըլլալ խոհեմ, իրապաշտ եւ արթուն` հեռու մնալով ամէն բան անցած նկատելու եւ վարդագոյն տեսնելու զգացական ու ոչ իրատես մօտեցումներէն:
Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին դէպքերուն: Ստորեւ կու տանք վեհափառ հայրապետին խօսքին` այդ դէպքերուն առնչուած բաժինը:
«Խոր ցաւով ու ընդվզումով հետեւեցանք Հայաստանի վերջին դէպքերուն: Նկատի ունենալով, որ յիշեալ դէպքերէն ետք սա առաջին առիթն է մեր ժողովուրդին իմ պատգամս ուղղելու, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով, որ ներկայ պատգամս արբանեակային սփռումով կը հասնի մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, պիտի ուզէի կարգ մը մտահոգութիւններ բաժնել ձեզի հետ, ինչպէս նաեւ կարգ մը յիշեցումներ կատարել.
«Առաջին հերթին, կ’ուզեմ կարեւորութեամբ շեշտել, թէ` Հայաստանն ու Արցախը յուզող հարցերուն գծով սփիւռքը լսողի, դիտողի կամ հետեւողի կրաւորական վիճակին մէջ չի կրնար ըլլալ: Ո՛չ: Սփիւռքը ընելի՛ք եւ ըսելի՛ք ունի: Իր անկախութեան 25-ամեակի սեմին, Հայաստանը կը գտնուի լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց: Պէտք է ըլլալ խոհեմ, իրապաշտ եւ արթուն` հեռու մնալով ամէն բան անցած նկատելու եւ վարդագոյն տեսնելու զգացական ու ոչ իրատես մօտեցումներէ:
«Զգո՜ւշ… եթէ փտածութիւնը դառնայ բնական երեւոյթ, ժողովրդային ընդվզումը ծաւալի եւ արտագաղթը շարունակուի նոյն թափով, Հայաստանի պետականութեան հիմքերը կրնան խախտիլ:
«Զգո՜ւշ… եթէ մեր ժողովուրդին ներքին միասնականութիւնը, որ առանցքն է ու երաշխիքը մեր ազգին ու հայրենիքին հզօրութեան, տկարանայ, ժողովուրդ-իշխանութիւն փոխադարձ վստահութիւնը նահանջ արձանագրէ, Հայաստանը կրնայ առաջնորդուիլ աննախատեսելի ու անյաղթահարելի տագնապներու:
«Արդ, հասած է պահը ինքնաքննութեան` անկեղծ եւ իրապաշտ մօտեցումով. հասած է պահը մանաւանդ գործնական քայլերու դիմելու այսօ՛ր, վաղը կրնայ ո՜ւշ ըլլալ:
«Իրաւունք չունի՛նք ժողովուրդը աղքատութեան տիղմին մէջ խրած պահելու: Տնտեսական տագնապը կը դառնայ աղբիւր ամէն տեսակ չարիքի:
«Իրաւունք չունի՛նք Հայաստանը անիշխանութեան ալիքներուն մէջ տատանող երկրի մը վերածելու: Հայաստանը պետութիւն է իր սահմանադրութեամբ ու օրէնքներով: Իրաւունք չունի՛նք ծով զոհողութեամբ իր անկախութեան վերատիրացած Արցախին գծով լպրծուն ու երկդիմի մօտեցումներ ունենալու, որոնք կրնան վտանգել Արցախի անկախութիւնը:
«Միջին Արեւելքի ու Կովկասի մէջ տեղի ունեցող աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւնները, միջպետական շահերու նոր ձեւաւորումները, որոնք, զգո՜ւշ… ի վնաս Հայաստանին ու Արցախին կրնան ըլլալ, պէտք է ճի՛շդ տեսնել ու ճի՛շդ գնահատել եւ համապատասխան մօտեցումներ որդեգրել` ի պահանջել հարկին մեր դիւանագիտութեան միախառնելով մեր ժողովուրդի մարտունակ ոգին ու անտեղիտալի կամքը:
«Մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին ցաւերուն ախտաճանաչումը պէտք է ճի՛շդ ու շո՛ւտ կատարել. եւ փոխանակ սոսկ ախտանշանները հեռացնելու, պէտք է իմաստութիւնն ու քաջութիւնը ունենանք մեր վէրքերը բուժելու եւ մեր ցաւերը դարմանելու` հաւաքական ճիգով:
«Հեռո՜ւ, հեռո՜ւ պէտք է մնալ ամէն տեսակ բռնութիւններէ ու բեւեռացումներէ, ի՛նչ ալ ըլլան անոնց դրդապատճառները: Բացարձակօրէն ընդունելի չէ, որ հայու արիւն հոսի Երեւանի մէջ: Հայու արիւն կրնայ թափիլ միա՛յն Հայաստանի ու Արցախի պաշտպանութեան սրբազան ճանապարհին վրայ:
«Հեռո՜ւ, հեռո՜ւ պէտք է մնալ Հայաստան-սփիւռք, ժողովուրդ-իշխանութիւն բաժանարար մտածելակերպերէ ու գործելակերպերէ: Մենք մէ՛կ ազգ ենք` մէ՛կ հայրենիքով, մէ՛կ անցեալով, ներկայով ու ապագայով:
«Ա՛յս խոր գիտակցութեամբ ու ամբողջական յանձնառութեամբ միայն կրնանք մեր հայրենիքը հզօրացնել: Հայաստանը, Արցախը եւ հայութիւնը ամէն բանէ վեր: Սա սոսկ լոզունգ պէտք չէ դառնայ, այլ` իւրաքանչի՛ւր հայու ու ամբո՛ղջ հայութեան կեանքի ուղեգիծը»:
Իր պատգամին վերջին կէտով վեհափառ հայրապետը խօսեցաւ եկեղեցաշինութեան կարեւորութեան մասին: Ան ըսաւ. «Եկեղեցին Աստուծոյ տունն է, եկեղեցւոյ մէջ մենք Աստուծոյ հետ հաղորդութեան մէջ կը մտնենք, եկեղեցւոյ ճամբով Աստուած կենդանի ներկայութիւն կ՛ըլլայ մեր կեանքին մէջ, եւ այս գիտակցութեամբ հայ ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին եկեղեցիներ շինած է ամէն տեղ: Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, երբ մենք անհայրենիք եւ անտուն մնացինք, մեր ժողովուրդին առաջին սրբազան պարտաւորութիւնը եղաւ եկեղեցի շինել: Մենք մեր համայնքային կեանքը ստեղծեցինք, կազմակերպեցինք, ձեւաւորեցինք, զարգացուցինք եկեղեցւոյ շուրջ»:
Վեհափառ հայրապետը իր պատգամի աւարտին` իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս եւ կաթողիկոսութիւն իր ուրախութիւնը եւ զօրակցութիւնը յայտնեց Քուէյթի գաղութին սեփական եկեղեցի եւ առաջնորդարան ունենալուն առիթով` շնորհիւ Քուէյթի հայութեան լումաներուն: Վեհափառը յայտնեց, որ առաջնորդարանի գնումին մէջ կարեւոր դեր ունեցած է Անուշաւան Նազարեան, որ միաժամանակ նիւթական իշխանական մասնակցութիւն բերած է ծրագիրի իրագործման:
Վեհափառ հայրապետը եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Կ՛աղօթենք Ս. Մարիամ Աստուածածինին, որ բարեխօս ըլլայ բոլորին Միածին որդիին մօտ: Թող Աստուած միշտ հզօր, ծաղկուն ու բարգաւաճ պահէ մեր հայրենիքը` Հայաստանը եւ Արցախը իր ժողովուրդով, Աստուած անսասան պահէ հայ ազգը եւ իր երկնային շնորհներով ու բարիքներով ծաղկազարդէ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն կեանքը»:
Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնի արարողութեան աւարտին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Իշխան»-ի շքանշանով պարգեւատրեց Քուէյթի եկեղեցւոյ շինարարութեան մէջ առանցքային դեր ունեցած Անուշաւան Նազարեանը:
«Կիլիկիա» երգով փակուեցաւ արարողութիւնը, որմէ ետք հաւատացեալներու հոսքը չդադրեցաւ ստանալու օրհնուած խաղող եւ մատաղ` Աստուծոյ օրհնութիւնը ստանալու ակնկալիքով:
Յայտնենք, որ Ուխտի օրուան պատարագը «Նուր սաթ» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանով սփռուեցաւ աշխարհի բոլոր կողմերը, որպէսզի տարբեր ծայրամասերու մէջ ապրող ժողովուրդին զաւակները եւս հաղորդակից դառնան հոգեթով արարողութիւններուն: