Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Պատմական Հանդիպումը Ամմանի Մէջ
Երեքշաբթի, 6 սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ կրօնական յատուկ արարողութեամբ սկսաւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի 11-րդ համաժողովը: Արամ Ա. կաթողիկոսի բնորոշումով ներկայ հաւաքը պատմական կարելի է նկատել հետեւեալ պատճառներով` ա) Միջին Արեւելքի պատմութեան տագնապալից այս օրերուն, շրջանի բոլոր եկեղեցիներու բարձրաստիճան եկեղեցական ներկայացուցիչներուն հանդիպումը նշանակալից երեւոյթ մըն է: բ) Առաջին անգամ ըլլալով եկեղեցիներու պատրիարքներ, պատուիրակութիւններու կողքին, իրենց գործօն մասնակցութիւնը...




















