Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուրճ Համուտի Հանրային Պարտէզի Հանդիսաւոր Բացում Եւ Մարաշ Թաղի Վերանորոգման Աշխատանքներու Ստուգում

Օգոստոս 20, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

hanrayin_bardez1_81916

Վեց ամսուան վերակառուցման աշխատանքներէ ետք, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը նախանցեալ օր պաշտօնապէս եւ հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարեց հանրային պարտէզի մը, որուն վերանորոգման աշխատանքները կատարուեցան Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ֆինանսաւորումով, գործակցութեամբ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին ու անոր ընդգրկած հիւրընկալ ընկերութիւններուն եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի շէնքերուն կից գտնուող հանրային պարտէզի բացումին ներկայ գտնուեցան Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան միջազգային օժանդակութիւններու բաժանմունքի ներկայացուցիչը, ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի թեքնիք ծրագիրներու գործադրութեան խորհրդատու Մարինա Լուճոտիչէ, ընկերային հարցերու նախարարութեան ներկայացուցիչ Սուհէյր Ղալի, ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի Լեռնալիբանանի պատասխանատու Ապտալլա Մուհիէտտին, ընկերային հարցերու նախարարութեան Լեռնալիբանանի հարցերու ներկայացուցիչ Պահիա Սլէյման, Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ,  Պուրճ Համուտի նախկին քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, Ժտէյտէի քաղաքապետ Անթուան ժպարա, թաղապետներ, տարբեր միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ շրջանի բնակչութիւնը:

Քլարա Սըմաան Ճորճ Գրիգորեան Արշօ Պալեան
Քլարա Սըմաան                                                             Ճորճ Գրիգորեան                                Արշօ Պալեան

Պուրճ Համուտի «Միաձայն երգչախումբ»-ը լիբանանեան քայլերգով բացումը կատարեց պաշտօնական ձեռնարկին, ապա Քլարա Սըմաան արտասանեց բացման խօսքը` բարի գալուստ մաղթելով բոլոր ներկաներուն:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին խօսքը ուղղեց քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճորճ Գրիգորեան, որ շեշտեց, թէ շրջանին մաքրութեան, ապահովութեան, լուսաւորման, ինչպէս նաեւ բարգաւաճման ծրագիրներու գործադրութեան կողքին, անհրաժեշտ է նաեւ պահպանել անոր գեղեցկութիւնը եւ բարեզարդումն ու կանաչապատումը, որ կենսոլորտային կարիք մըն է:

«Նկատի ունենալով շրջանին բազմամարդ ըլլալու եւ շէնքերով ու շինութիւններով խճողուած ըլլալու իրականութիւնը, Պուրճ Համուտի իրերայաջորդ քաղաքապետական խորհուրդները միշտ ալ նպատակադրած են Պուրճ Համուտի մէջ ստեղծել կանաչ տարածքներ` պարտէզներ` պահպանելու համար շրջանին գեղեցկութիւնը, կենսոլորտի մաքրութիւնը, նկատի ունենալով կանաչապատ այդ տարածքներուն առողջապահական յատկանիշները: Ահա այն ճշմարտութիւնը, որուն մէջ կը կայանայ այս պարտէզին կարեւորութիւնը», շեշտեց ան:

Ճ. Գրիգորեան Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ընկերային հարցերու նախարարութեան, ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին եւ ամերիկեան կառավարութեան:

Ան աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը ստանձնած է նաեւ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան եւ Մարաշ թաղի նորոգութեան ֆինանսաւորումը` մաղթելով, որ յառաջիկային Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին եւ ամերիկեան կառավարութեան միջեւ այս գործակցութիւնը շարունակուի ու աւելի եւս ամրապնդուի:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի շէնքերուն բնակչութեան անունով Արշօ Պալեան ըսաւ, որ շրջանը կանաչապատ, բացօթեայ տարածքի մը կարիքը ունէր` կարենալ հանգստանալու եւ նոյնիսկ կարճ ժամանակի մը համար շունչ մը առնելու իր առօրեան յուզող հարցերէն:

Ան շեշտեց, որ հանրային այդ պարտէզը պիտի ըլլայ յաւելեալ երաշխիք մը` կապուելու շրջանին եւ յանձնառու մնալու անոր:

Ա. Պալեան քաղաքապետարանի շէնքերուն բնակչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին, ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին, Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան իրենց ազնիւ եւ բարի աշխատանքին համար, որուն նպատակն է ծառայել մարդուն:

Մարինա Լուճոտիչէ Ամերիկեան կառավարութեան ներկայացուցիչը Սուհէյլ Ղալի
Մարինա Լուճոտիչէ                         Ամերիկեան կառավարութեան ներկայացուցիչը            Սուհէյլ Ղալի

Ապա ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի թեքնիք ծրագիրներու գործադրութեան պատասխանատու Մարինա Լուճոտիչէ յայտնեց, որ լիբանանցիներուն համար կարեւոր է ապահովել ազատ տարածքներ, ուր կարենան հանդիպիլ լիբանանեան ընկերութիւնը բաղկացնող բոլոր տարրերը, որոնք մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու բազմազանութիւնը կը ներկայացնեն:

Ան մաղթեց, որ հանրային այս պարտէզը  դառնայ երեխային, երիտասարդին եւ տարեցին հանդիպման վայրը:

Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ներկայացուցիչը շեշտեց, որ ամերիկեան կառավարութիւնը յանձնառու կը մնայ Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ բարգաւաճման, ինչպէս նաեւ ճիգ չի խնայեր օժանդակելու լիբանանցիներուն, որպէսզի անոնք դիմագրաւեն իրենց սպառնացող քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական մարտահրաւէրները:

Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան գործակցութիւնը կը գերազանցէ Լիբանանին տրամադրուած զինուորական օժանդակութիւնները` ներառելով ծրագիրներ, որոնք ընկերային բնոյթ ունին, ինչպէս է այսօրուան հանրային պարտէզին պարագան:

«Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կը գիտակցի, որ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն հսկայական թիւը իր հետեւանքները ունեցած է լիբանանեան ընկերութեան վրայ, հետեւաբար կը փութայ ընկերային առումով օժանդակութիւններ ներկայացնելու լիբանանցիներուն», ըսաւ ան:

Ընկերային հարցերու նախարարութեան ներկայացուցիչ Սուհէյր Ղալի յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրն ու ընկերային հարցերու նախարարութիւնը 2013-ին կատարեցին լիբանանեան հիւրընկալ ընկերութիւններուն օժանդակելու ծրագիրին մեկնարկը, այն համոզումով, որ հարկ է օժանդակել այդ ընկերութիւններուն` ապահովելու համար ընկերային կայունութիւնը եւ քաղաքապետարաններուն աջակցելու` անոնց բարգաւաճման առաքելութիւնը յաջողեցնելու նպատակով:

«Այսօրուան մեր ծրագիրը իւրայատուկ է, որովհետեւ անիկա ուրախութիւն կը ներշնչէ շրջանի բնակիչներուն, երեխաներէն մինչեւ երիտասարդներն ու ընտանիքները, որովհետեւ անիկա առիթ կ՛ընծայէ անոնց ազատ տարածքի մը մէջ շնչելու եւ հանգստանալու: Շնորհաւոր ըլլայ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ այս շրջանին, որ շատ սիրելի է մեզի համար, եւ որ արժանի է ամէն տեսակի օժանդակութեան», յայտնեց Ղալի:

yerktchakhump_81916

Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին ու ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին յառաջացուցած «Միաձայն երգչախումբ»-ը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Սիրվարդ Պոյաճեանի, գեղեցիկ կատարողութեամբ ներկայացուց փունջ մը երգեր` խանդավառելով ներկաները:

hushanver1_81916

hushanver3_81916hushanver2_81916Ձեռնարկին աւարտին Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան յուշանուէրներ յանձնեց Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ներկայացուցիչին, Մարինա Լուճոտիչէի եւ Սուհէյր Ղալիի:

 

marash1_81916marash_81916

Հարկ է աւելցնել, որ նախքան Պուրճ Համուտի հանրային պարտէզին բացումը, Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ներկայացուցիչը, ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի պատասխանատուն եւ Ընկերային հարցերու նախարարութեան ներկայացուցիչը այցելեցին Մարաշ եւ, ընկերակցութեամբ քաղաքապետին, ստուգեցին Մարաշ թաղի վերանորոգումի աշխատանքները, որոնց ֆինանսաւորումը դարձեալ ստանձնած է ամերիկեան կառավարութիւնը:

Մարաշ թաղի այցելուները շրջեցան հոն, ստուգեցին աշխատանքներուն մանրամասնութիւնները, բացատրութիւններ ստացան Պուրճ Համուտի քաղաքապետէն, ինչպէս նաեւ վկայեցին Մարաշի բնակիչներուն երախտագիտութեան` անոնցմէ լսելով շնորհակալական խօսքեր:

 

IMG-20160819-WA0006

Նախորդը

Մահուան 10-Ամեակ Երգ Հաւատարմութեան

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմը Ներկայացնող Պատուիրակութիւնը

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?