Գաղութային

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 101-Ամեակի  Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 77-Ամեակի  Ժողովրդային Տօնախմբութիւն

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 101-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 77-Ամեակի Ժողովրդային Տօնախմբութիւն

Շաբաթ, 17 սեպտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 9:00-ին, հայրենակիցներու հոծ բազմութիւն մը, հետեւելով ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբին եւ սկաուտներուն,  ուղղուեցաւ Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր տեղի ունեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 101-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 77-ամեակի  պաշտօնական տօնակատարութիւնը` բարձր հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս.  Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին: Տօնակատարութեան ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ...

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 101-Ամեակի  Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 77-Ամեակի  Ժողովրդային Տօնախմբութիւն

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 101-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 77-Ամեակի Ժողովրդային Տօնախմբութիւն

Շաբաթ, 17 սեպտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 9:00-ին, հայրենակիցներու հոծ բազմութիւն մը` հետեւելով ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբին եւ սկաուտներուն,  ուղղուեցաւ Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ շրջափակը, ուր տեղի ունեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 101-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 77-ամեակի  պաշտօնական տօնակատարութիւնը` բարձր հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս.  Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին: Մանրամասնութիւններ` յաջորդիւ:

Հանդիսաւոր Եւ Պաշտօնական Նշում`  Թեհրանի «Ալիք» Օրաթերթի 85-Ամեակին

Հանդիսաւոր Եւ Պաշտօնական Նշում` Թեհրանի «Ալիք» Օրաթերթի 85-Ամեակին

«Ալիք»-ի 85-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը համախմբեց իրանահայութիւնը, Հայաստանն ու սփիւռքը: 85-ամեայ յոբելեանի գլխաւոր ձեռնարկը տեղի ունեցաւ շաբաթ,  17 սեպտեմբերին, Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան «Կոմիտաս» սրահին մէջ: Ձեռնարկին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի խորհրդական Գրիգոր Առաքելեան, Իրանի մէջ  Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արտաշէս Թումանեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վիգէն Բաղումեան, Իրանի խորհրդարանին...

«Գագիկ Ծառուկեան» Հիմնադրամը  Կը Ստանձնէ Լիբանանահայ 13 Ուսանողներու Հայաստանի Մէջ Ուսման Ծախսերը

«Գագիկ Ծառուկեան» Հիմնադրամը Կը Ստանձնէ Լիբանանահայ 13 Ուսանողներու Հայաստանի Մէջ Ուսման Ծախսերը

Այսու կը տեղեկացնենք, թէ տարի մը առաջ կատարուած խոստումին համաձայն, «Գագիկ Ծառուկեան» հիմնադրամը ստանձնած է լիբանանահայ 13 ուսանողներու Հայաստանի մէջ ուսման ծախսերը: Արդարեւ, լիբանանահայ վարժարաններէ աւելի քան երկու տասնեակ ուսանողներ անցնող ամիսներուն դիմեցին Ազգային առաջնորդարանի Հայաստանի մէջ ուսման կրթական ֆոնտի վարչութեան, որ դիմումնագիրներու ուսումնասիրութենէն եւ թեկնածուներու հետ հանդիպումներէն ետք, որոշեց ընդունիլ իր կանոնագրութեան անհրաժեշտ պայմանները ամբողջացնող 13 պարագաներու դիմումները: Այնուհետեւ,...

Գագիկ Ծառուկեանը Այցելեց «Ալիք»

Գագիկ Ծառուկեանը Այցելեց «Ալիք»

14 սեպտեմբերին Հայ մշակութային Արարատ կազմակերպութեան հրաւէրով Թեհրան այցելած Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան այցելեց «Ալիք» հաստատութիւն: «Ալիք» հաստատութեան «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ Ծառուկեան նախ հանդիպում ունեցաւ իրանահայ գործարարներու հետ: Հանդիպումին ընթացքին Ծառուկեան ներկաներուն ներկայացուց Հայաստանի մէջ գործառնութեան կարելիութիւնները` անոնց կոչ ուղղելով ներդրումներ կատարելու Հայաստանի մէջ, ապա պատասխանեց զանոնք հետաքրքրող հարցումներուն: Հանդիպումի աւարտէն ետք, Գագիկ Ծառուկեան շրջագայեցաւ...

Հայկական Լրատուամիջոցներու Ներկայացուցիչները  Հանդիպում Ունեցած Են Իրանական Լրատուամիջոցներու  Ներկայացուցիչներուն Հետ

Հայկական Լրատուամիջոցներու Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցած Են Իրանական Լրատուամիջոցներու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Անոնք Այցելած Են Նաեւ Իրանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանատուն «Ալիք» օրաթերթի 85-ամեակին առիթով Թեհրան հասած հայաշխարհի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցած են իրանական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ: Հայկական պատուիրակութեան անդամները նախ այցելած են «Թասնիմ» լրատուական գործակալութիւն, ուր ծանօթացած են գործակալութեան կարելիութիւններուն եւ հանդիպում ունեցած են տնօրէնութեան եւ լրագրողներուն հետ: Հանդիպումին կողմերը քննարկած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող նիւթեր: «Թասնիմ» գործակալութիւն այցելութենէն ետք, հայկական լրատուամիջոցներու...

«Վանայ Ձայն»-էն Հաղորդում` Իրանի Պատմական Կարգ Մը Եկեղեցիներու Մասին

Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթի 85-ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրին մէջ Իրան գտնուող աշխարհասփիւռ հայալեզու մամլոյ ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւնը երկօրեայ այցելութիւն մը տուաւ Ատրպատականի հայոց թեմ, ուր այցելեց Հովիւի մատուռ, Ս. Ստեփանոս Նախավկայի եւ Ս. Թադէի վանքեր: Այս հոգեւոր կառոյցներուն մասին պատուիրակութեան անդամներուն բացատրութիւններ տուաւ Շերլի Աւետեան` Իրանի պատմական եկեղեցիներու կեդրոնի տնօրէնը: Երկուշաբթի, 19 սեպտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Վանայ ձայն»-էն ունկնդրեցէք այս եկեղեցիներուն մասին...

«Արմենոֆասի Գործունէութիւնը Կենսական Է,  Որովհետեւ Հայոց Ցեղասպանութեան Հաւաքական Յիշողութեան Մաս Կը Կազմէ»  Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Արմենոֆասի Գործունէութիւնը Կենսական Է, Որովհետեւ Հայոց Ցեղասպանութեան Հաւաքական Յիշողութեան Մաս Կը Կազմէ» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Այս բառերով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ողջունեց անցնող օրերուն Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տարեկան իր ժողովը գումարող Արմենոֆասի յանձնախումբը: Վեհափառ հայրապետը նաեւ յայտնեց, որ Արմենոֆաս, իր նիւթական գործունէութենէն անդին, յուշարար մըն է Հայոց ցեղասպանութեան անհերքելի իրողութեան` Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան դիմաց, միաժամանակ խորհրդանշական արտայայտութիւն մը` հայ եւ զուիցերիացի ժողովուրդներու եւ եկեղեցիներու սերտ բարեկամութեան: Արմենոֆասը հիմնադրամ մըն է, որ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք Զուիցերիոյ...

«Ալիք»-ի 85-Ամեակին Առիթով Թեհրան  Գտնուող Հայալեզու Մամուլի Ներկայացուցիչները  Այցելեցին Ատրպատականի Հայկական Սրբատեղիները

«Ալիք»-ի 85-Ամեակին Առիթով Թեհրան Գտնուող Հայալեզու Մամուլի Ներկայացուցիչները Այցելեցին Ատրպատականի Հայկական Սրբատեղիները

  Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթի 85-ամեակի ձեռնարկներուն մասնակցելու համար Թեհրանի մէջ համախմբուած են աշխարհասփիւռ հայալեզու մամուլի ներկայացուցիչներ, որոնց կարգին` «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Աւետիս Կիտանեան եւ «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան: 15 սեպտեմբերին հեռաձայնային կապով մը անոնք արտայայտեցին իրենց տպաւորութիւնները: Աւետիս Կիտանեան անդրադարձաւ իրենց Թեհրան գտնուելու նպատակին` նշելու «Ալիք»-ի 85-ամեակը, եւ աւելցուց, որ 15 սեպտեմբերին հիւրերը Թեհրանէն ուղղուած են Ատրպատական,...

Չորրորդ Տարին Ըլլալով`  Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահը  Կը Մասնակցի «Պէյրութ Արթ Ֆեր»-ին` Միսաք Թերզեանի,  Արթիւր Ք.-ի Եւ Համմուտ Շանթութի Գործերով

Չորրորդ Տարին Ըլլալով` Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահը Կը Մասնակցի «Պէյրութ Արթ Ֆեր»-ին` Միսաք Թերզեանի, Արթիւր Ք.-ի Եւ Համմուտ Շանթութի Գործերով

Կազմակերպութեամբ «Պէյրութ Արթ Ֆեր»-ին երէկ` հինգշաբթի, 15 սեպտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Պիել»-ի մէջ տեղի ունեցաւ այս տարուան  «Պէյրութ Արթ Ֆեր» ցուցահանդէսին բացումը: «Պէյրութ Արթ Ֆեր»-ը լուսարձակի տակ կ՛առնէ Միջին Արեւելքի, Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Հարաւային Ասիոյ տաղանդաւոր արուեստագէտները եւ կ՛արժեւորէ անոնց արտայայտութեան արդիական ոճը: Այս տարի «Պէյրութ Արթ Ֆեր»-ին կը մասնակցին 20 երկիրներէ 300 արուեստագէտներ, 45 ցուցասրահներու հովանաւորութեան տակ, որոնց...

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին Մէջ  Ընթացք Առած Է Հայոց Ցեղասպանութեան  Անդրադարձող Դասընթացքը

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին Մէջ Ընթացք Առած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Անդրադարձող Դասընթացքը

Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին` «Էյ.Եու.Պի.»-ի մէջ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին գործակցութեամբ հաստատուած Հայոց ցեղասպանութեան անդրադարձող դասընթացքը արդէն քանի մը շաբաթէ ի վեր ընթացք առած է` ուսանողներու առաւելագոյն թիւով: Ըստ վերջերս հրապարակուած զեկուցումի մը Լիբանանի մէջ մեծագոյնը, Միջին Արեւելքի մէջ երկրորդ դիրքը եւ աշխարհի լաւագոյն 250 համալսարաններու շարքին եղող նշեալ համալսարանին քաղաքական գիտութեանց (Political Studies & Public Administration) բաժանմունքին մէջ ներառուած...

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու  Խորհուրդը  Յատուկ Ձեւով Կ՛անդրադառնայ  Հայոց Ցեղասպանութեան

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը Յատուկ Ձեւով Կ՛անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան

Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի 11-րդ համաժողովի նիստերուն ընթացքին յատուկ անդրադարձ եղաւ հայ ժողովուրդին ու Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ ապրող այլ քրիստոնեայ համայնքներու դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւններուն: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յիշեցուց համաժողովի մասնակիցներուն, թէ ներկայ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, որ ժառանգորդն է Օսմանեան թուրք կայսրութեան, ոչ միայն չի ստանձներ իր նախնիներուն կողմէ կատարուած ցեղասպանութիւններուն պատասխանատուութիւնը, այլեւ կը շարունակէ նոյն ոճով ու քաղաքականութեամբ գործել...

Հայաշխարհի Մամլոյ  Ներկայացուցիչները` Իրանի Մէջ

Հայաշխարհի Մամլոյ Ներկայացուցիչները` Իրանի Մէջ

Հայալեզու մամուլի պատմական հարուստ ժառանգութեան մասին խօսելու մեծ բացթողում կ’ունենանք, եթէ չանդրադառնանք անոր ազգային կարեւորագոյն գործօնին` հայապահպանման: Եւ իբրեւ  այսպիսին, ազգապահպան նշանակութեան մամուլի` հարազատ «Ալիք»-ի 85-ամեակին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկները Իրան բերին աշխարհասփիւռ հայալեզու մամուլի յայտնի դէմքերը, որոնք տասնօրեայ ժամանակաշրջանի մը համար կը կամրջեն Արեւմտեան ու Արեւելեան Ամերիկաներու, Եւրոպայի ու Միջին Արեւելքի եւ հայրենի լրագրական փաղանգի «հեռաւորութիւնը»: Եւ այսպէս` «Ալիք»-ի 85-ամեակի...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպում Ունեցաւ Ղպտի Եւ Ասորի Ուղղափառ Պատրիարքներուն Հետ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպում Ունեցաւ Ղպտի Եւ Ասորի Ուղղափառ Պատրիարքներուն Հետ

Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ գումարուող Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի համաժողովին ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ Թէոտորոս Բ. պատրիարքը եւ Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Աֆրամ Բ. պատրիարքը հանդիպում մը ունեցան: Տեսակցութեան ընթացքին քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը քննարկեցին Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնը, միջեկեղեցական եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին հետ առնչութիւն ունեցող հարցեր, քրիստոնեաներու արտագաղթը եւ շրջանին մէջ եկեղեցիներու...

ՀՅԴ «Նաւասարդեան» Պատանեկան Միութիւն.  Աննախընթաց Հեծելարշաւ` Ջերմ  Եւ Հարազատ Մթնոլորտի Մէջ

ՀՅԴ «Նաւասարդեան» Պատանեկան Միութիւն. Աննախընթաց Հեծելարշաւ` Ջերմ Եւ Հարազատ Մթնոլորտի Մէջ

Կիրակի, 11 սեպտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան կանուխ ժամերէն խանդավառ եռուզեռ մը կար ոչ միայն Ամանոսի ՀՅԴ «Թեհլիրեան» ակումբին մէջ, այլեւ ակումբի ամբողջ թաղամասին մէջ: Փոքրիկներ, պատանիներ, պատասխանատուներ աշխատանքային հեւքի մէջ էին, միւս կողմէ ուրախ տրամադրուած ծնողներ կը հետեւէին իրենց զաւակներուն, անցորդներուն ալ կը մնար հարցնել, թէ ի՛նչ է տեղի ունեցածը: Տեղի ունեցածը հեծելարշաւի մը պատրաստութիւնն էր, որ նախաձեռնուած էր ՀՅԴ «Թեհլիրեան»...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընտրուեցաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու  Խորհուրդի Պատուոյ Նախագահ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընտրուեցաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Պատուոյ Նախագահ

Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ գումարուող Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի համաժողովը` բարձրօրէն գնահատելով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին բերած ներդրումը միջեկեղեցական շարժումին մէջ ընդհանրապէս եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին մէջ մասնաւորապէս, զինք ընտրեց իբրեւ խորհուրդի պատուոյ նախագահ: Վեհափառ հայրապետը խօսք առնելով գնահատեց համաժողովին աշխատանքները, շնորհակալութիւն յայտնեց իր անձին նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութեան համար եւ շեշտեց, որ ինք յանձնառու կը մնայ իր նպաստը բերելու...

Յորդանանի Թագաւորին Հետ Հանդիպման Ընթացքին.  «Ծայրայեղականութեան Աճը Լուրջ Վտանգներու  Դիմաց Է Դրած Կրօններու Համակեցութիւնը»  Յայտնեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յորդանանի Թագաւորին Հետ Հանդիպման Ընթացքին. «Ծայրայեղականութեան Աճը Լուրջ Վտանգներու Դիմաց Է Դրած Կրօններու Համակեցութիւնը» Յայտնեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Ամմանի մէջ տեղի ունեցող Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի 11-րդ համաժողովին մասնակցող հոգեւոր պետերուն հետ միասին, չորեքշաբթի, 7 սեպտեմբեր 2016-ի կէսօրին, հանդիպում ունեցաւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ, Ալ Հիւսէյնիյա թագաւորական պալատին մէջ: Կարճ հանդիպումէն ետք ներկաները ճաշի հիւրը եղան Յորդանանի թագաւորին: Ճաշկերոյթին սկիզբը խօսք առնելով` Ապտալլա Թագաւորը ողջունեց համաժողովին գումարումը Ամմանի մէջ եւ անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի...

«Առանց Քրիստոնէութեան Միջին Արեւելքը  Կը Կորսնցնէ Իր Ինքնութիւնը Եւ Իւրայատկութիւնը»  Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Առանց Քրիստոնէութեան Միջին Արեւելքը Կը Կորսնցնէ Իր Ինքնութիւնը Եւ Իւրայատկութիւնը» Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Միջին Արեւելքը ո՛չ միայն ծննդավայրը եղած է քրիստոնէութեան, այլ նաեւ անիկա շրջանին մշակոյթին, քաղաքակրթութեան եւ պատմութեան մէջ կարեւոր ներդրում ունեցած է` միաժամանակ ան ազդեցութիւնը կրած է շրջանին մէջ տեղի ունեցած վերիվայրումներուն եւ զարգացումներուն», ըսաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցող Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի 11-րդ համաժողովին ուղղած իր պատգամին մէջ, չորեքշաբթի, 7 սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն: Վեհափառ...

Հաղորդագրութիւն. Բերիոյ Հայոց Թեմի Հալէպի Ազգային Վարժարաններու 2016-2017 Ուսումնական Տարեշրջանը` Անվճար

Սուրիական հայրենիքին վիճակուած տագնապալի հինգ տարիներուն, հակառակ հերթաբար բազմացող դժուարութիւններուն, Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային իշխանութիւնը առաւել յանձնառութեամբ հետամուտ եղաւ կանգուն պահելու ազգային բոլոր կառոյցները եւ յատկապէս` կրթական հաստատութիւնները: Բերիոյ հայոց թեմի ամբողջ տարածքին, կրթական մեր հաստատութիւնները, ի բացառեալ օրինական իշխանութիւններու հակակշիռէն դուրս մնացած շրջանները, շարունակեցին իրենց նուիրական առաքելութիւնը` յարմարագոյն լուծումներով: Հալէպի մէջ, ուր կը գտնուի մեր ազգային կրթական հաստատութիւններուն ճնշող...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու  Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Սուրիոյ Հայութեան Առնչուած Հարցերուն

Կիրակի, 4 սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի գրասենեակին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի հետ: Առաջնորդ սրբազանը վեհափառ հայրապետին լայնօրէն զեկուցեց ընդհանրապէս Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի մէջ տիրող կացութեան մասին` վերջին օրերուն տեղի ունեցած քաղաքական ու ռազմական նոր զարգացումներուն լոյսին տակ: Շահան սրբազան յատկապէս տեղեակ պահեց վեհափառ հայրապետը մարդասիրական...

Page 291 of 364 1 … 290 291 292 … 364

Արխիւներ