Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ «Նաւասարդեան» Պատանեկան Միութիւն. Աննախընթաց Հեծելարշաւ` Ջերմ Եւ Հարազատ Մթնոլորտի Մէջ

September 12, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

29574306546_96cebf7ac9_o

Կիրակի, 11 սեպտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան կանուխ ժամերէն խանդավառ եռուզեռ մը կար ոչ միայն Ամանոսի ՀՅԴ «Թեհլիրեան» ակումբին մէջ, այլեւ ակումբի ամբողջ թաղամասին մէջ: Փոքրիկներ, պատանիներ, պատասխանատուներ աշխատանքային հեւքի մէջ էին, միւս կողմէ ուրախ տրամադրուած ծնողներ կը հետեւէին իրենց զաւակներուն, անցորդներուն ալ կը մնար հարցնել, թէ ի՛նչ է տեղի ունեցածը:

29527925571_0ca81ff909_o

Տեղի ունեցածը հեծելարշաւի մը պատրաստութիւնն էր, որ նախաձեռնուած էր ՀՅԴ «Թեհլիրեան» կոմիտէութեան եւ կազմակերպած  ՀՅԴ «Նաւասարդեան» պատանեկան միութեան կողմէ: Հեծելարշաւը իր տեսակին մէջ աննախընթաց երեւոյթ էր կոմիտէութեան գործունէութեան եւ աշխատանքի ծիրին մէջ:

Հեծելարշաւին մասնակցող աւելի քան 50 պատանիներ միասնաբար նախաճաշեցին, ապա ստացան մրցումին մասնակցելու իրենց թիւերը կրող շապիկները:  Բոլոր մասնակիցներուն հեծանիւները նախօրօք ապահովուած էին:

28983025124_59201da1c9_o

Հեծելարշաւին ազդանշանը տրուեցաւ, իսկ հեծելախումբը իր արշաւին սկսաւ ժամը 9:30-ին: Բոլոր հեծելանւորդները առաջին փուլով շրջան մը ըրին անցնելով Ամանոսի թաղերէն, ապա ուղղուեցան Պուրճ Համուտի մարզադաշտ, ուր տեղի պիտի ունենար մրցումը: Պատշգամներէն տեղացող քաջալերանքի խօսքերը մեծապէս խրախուսեցին մասնակիցները:

Հեծելանւորդները տարիքի համաձայն բաժնուեցան երեք խումբի: Մրցումը տեղի ունեցաւ ընկերական ջերմ ու առողջ մթնոլորտի մը մէջ: Մրցումի աւարտին «Թեհլիրեան» կոմիտէի  եւ «Նաւասարդեան» պատանեկան միութեան վարիչ կազմին կողմէ տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն: Կրտսեր խումբի մասնակիցներէն Աւօ Թորոսեան ստացաւ պրոնզէ մետալ, Համբիկ  Քիզիրեան` արծաթէ մետալ, իսկ Գրիգոր Նարեկ Թերզեան` ոսկիէ մետալ եւ բաժակ: Միջակ տարիքի մասնակիցներէն Մարտիկ Խաչատուրեան ստացաւ պրոնզէ մետալ, Նարեկ Սերոբեան` արծաթէ մետալ, իսկ Յակոբ Քասամանեան` ոսկիէ մետալ եւ բաժակ: Իսկ երէցներէն Ճոյ Ճինճեան ստացաւ պրոնզէ մետալ, Մանուէլ Ալաճաճեան` արծաթէ մետալ, իսկ Սերժ Ճեմճեմեան` ոսկէ մետալ եւ բաժակ:

«Մեծ գոհունակութիւն կը զգանք տեսնելով պատանիներուն եւ փոքրիկներուն աշխուժութիւնն ու հրճուանքը  հեծելարշաւին մասնակցելու առիթով: Ուշագրաւ էր նաեւ ծնողներուն քաջալերանքը եւ բարձր տրամադրուածութիւնը: Ի դէպ, պէտք է ուրախութեամբ յայտարարել, որ մրցումին մասնակցեցան ոչ միայն ակումբի պատանիները, այլեւ` համակիրներ: Նշեմ նաեւ, որ անցեալ շաբաթ մեր շրջանի բոլոր այն ընտանիքներուն` թիւով մօտ 168 ընտանիք, որոնք դպրոցական զաւակներ ունին, բաժնեցինք գրենական պիտոյքներու ճոխ ծրարներ: Իսկ այսօրուան հեծելարշաւը, որ յաջողութեամբ պսակուեցաւ, իր տեսակին մէջ եզակի երեւոյթ էր մեր գործունէութեան մէջ: Այս նախաձեռնութեան նպատակն էր պատանիները ներգրաւել ակումբի կեանքին մէջ, ամրապնդել համակիրներուն եւ  ծնողներուն կապը ակումբին հետ, ջերմ ու հարազատ մթնոլորտ ստեղծելով շարունակել մեր ծրագիրներու գործադրութիւնը` ի խնդիր մեր հաւաքական կեանքի ամրապնդման ու զարգացման», «Ազդակ»-ին ըսաւ ՀՅԴ «Թեհլիրեան» կոմիտէի անդամ Մանօ Մարտիրոսեան:

 

 

Նախորդը

Հարցազրոյց` ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Ներկայացուցչական Խումբին Մարզիչին Եւ Պատասխանատուներուն Հետ

Յաջորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպում Ունեցաւ Ղպտի Եւ Ասորի Ուղղափառ Պատրիարքներուն Հետ

RelatedPosts

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար
Գաղութային

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Թեհրանի Գործընկերներու Հետ

March 5, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս.- «Միջին Արեւելքի Համայնքներու Անվտանգութիւնը Առաջնահերթ Հրամայական Է Բոլորիս Համար»
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս.- «Միջին Արեւելքի Համայնքներու Անվտանգութիւնը Առաջնահերթ Հրամայական Է Բոլորիս Համար»

March 4, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Հալէպի Հայ Կեանքին Մէջ Համաճարակի  Ստեղծած Կացութեան
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Միջին Արեւելքի Հայ Գաղութներու Ներկայ Իրավիճակին

March 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.