Շաբաթ, 17 սեպտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 9:00-ին, հայրենակիցներու հոծ բազմութիւն մը` հետեւելով ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբին եւ սկաուտներուն, ուղղուեցաւ Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ շրջափակը, ուր տեղի ունեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 101-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 77-ամեակի պաշտօնական տօնակատարութիւնը` բարձր հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին:
Մանրամասնութիւններ` յաջորդիւ: