Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. Բերիոյ Հայոց Թեմի Հալէպի Ազգային Վարժարաններու 2016-2017 Ուսումնական Տարեշրջանը` Անվճար

September 8, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիական հայրենիքին վիճակուած տագնապալի հինգ տարիներուն, հակառակ հերթաբար բազմացող դժուարութիւններուն, Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային իշխանութիւնը առաւել յանձնառութեամբ հետամուտ եղաւ կանգուն պահելու ազգային բոլոր կառոյցները եւ յատկապէս` կրթական հաստատութիւնները:

Բերիոյ հայոց թեմի ամբողջ տարածքին, կրթական մեր հաստատութիւնները, ի բացառեալ օրինական իշխանութիւններու հակակշիռէն դուրս մնացած շրջանները, շարունակեցին իրենց նուիրական առաքելութիւնը` յարմարագոյն լուծումներով:

Հալէպի մէջ, ուր կը գտնուի մեր ազգային կրթական հաստատութիւններուն ճնշող մեծամասնութիւնը, ուր եւ տագնապի հետեւանքներու ամբողջ ծանրութիւնը կը տիրէ, մեր յանձնառութիւնը հսկայական ճիգ եւ նիւթաբարոյական ներդրում պահանջեց:

Առաջնորդ սրբազան հօր եւ իրերայաջորդ ազգային վարչութիւններու տնօրինումով, ազգային վարժարաններու աշակերտութեան ծնողներուն ընծայուեցան հնարաւոր դիւրութիւններ` մասնակից դառնալու կրթական գործի շարունակման անհրաժեշտ ծախսերուն:

Այսօր կարելի է յայտարարել, որ մասնաւորաբար Հալէպի ազգային վարժարաններու 2012-2013, 2013-2014, 2014-2015, 2015-2016 ուսումնական տարեշրջանները իրականացան` շնորհիւ ՍՇՕՎՄ-ին, ՀՕՄ-ին եւ «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան օժանդակութիւններուն, բայց յատկապէս` նոր հիմնուած Բերիոյ հայոց թեմի «Դպրոց» հիմնադրամին, որ գոյացած է անհատական, հաւաքական, միութենական ու թեմական նիւթական աջակցութիւններով:

Նախագահութեամբ թեմիս բարեջան առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային վարչութիւնը անցնող ամիսներուն, համընդհանուր քննութեան ենթարկելէ ետք մեր կրթական հաստատութիւններու առաքելութեան անխափան շարունակումը խոչընդոտող խնդիրները, մասնաւորաբար` Հալէպ քաղաքի իրավիճակն ու հետեւանքները, սահմանադրական իր պարտաւորութիւններու եւ յանձնառութիւններու ամբողջական պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ կը յայտարարէ 2016-2017 ուսումնական տարեշրջանը Հալէպի ազգային վարժարաններուն համար ԱՆՎՃԱՐ:

Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային վարչութիւնը իր այս որոշումով թէեւ ծանրագոյն յանձնառութեան տակ պիտի գործէ, սակայն յուսադրուած է, որ հնարաւորութիւն ունեցող մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները պիտի զօրակցին իրեն:

Արդ, կը թելադրենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն` այժմէն իսկ ներկայանալ ազգային վարժարաններու տնօրէնութիւններուն (մանկապարտէզ, նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական) եւ 2016-2017 ուսումնական տարեշրջանին համար արձանագրել իրենց զաւակները:

Ազգին զօրութիւնը սերունդներու առողջ դաստիարակութեամբ պայմանաւորուած է:

Օգնե՛նք հայ դպրոցին:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Հալէպ, 1 սեպտեմբեր 2016

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Զրոյց Երեւանեան Մայթի Սրճարանին Մէջ

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.