Ռոզվարդ Սիսեռեանի Ջրաներկ Պատկերներու Ցուցահանդէս
Երէկ` հինգշաբթի, 29 սեպտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին, բացումը կատարուեցաւ հանգուցեալ վաստակաշատ գեղանկարիչ Ռոզվարդ Սիսեռեանի մահէն առաջ գծած ջրաներկ պատկերներու ցուցահանդէսին` ի նպաստ Լիբանանի թեմի Ազգային առաջնորդարանի «Սան որդեգրելու ծրագիր»-ին: Խօսք առաւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ան արուեստագէտ Ռոզվարդ Սիսեռեանի յիշատակը յարգելու եկած բոլոր ներկաները...




















