Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Սուրիոյ Հայութեան Առնչուած Հարցերուն

September 7, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Bikfaya_news

Կիրակի, 4 սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի գրասենեակին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի հետ: Առաջնորդ սրբազանը վեհափառ հայրապետին լայնօրէն զեկուցեց ընդհանրապէս Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի մէջ տիրող կացութեան մասին` վերջին օրերուն տեղի ունեցած քաղաքական ու ռազմական նոր զարգացումներուն լոյսին տակ: Շահան սրբազան յատկապէս տեղեակ պահեց վեհափառ հայրապետը մարդասիրական եւ ընկերային ծառայութեանց ծիրին մէջ թեմի Ազգային իշխանութեան ու սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինին կատարած աշխատանքներուն մասին:

Արամ Ա. կաթողիկոս իր գնահատանքը յայտնեց սրբազան հօր, Ազգային իշխանութեան, Շտապ օգնութեան եւ յարակից մարմիններուն, ինչպէս նաեւ հայկական թաղերուն ու ընտանիքներուն ապահովութեան հսկող երիտասարդ տղոց` իրենց նուիրեալ ծառայութեան համար: Վեհափառ հայրապետը անգամ մը եւս իր գնահատանքը յայտնեց այն բոլոր կառոյցներուն եւ անհատներուն, որոնք անցնող տարիներուն ընթացքին գործնապէս մասնակից դարձան Սուրիոյ հայութեան զօրակցական աշխատանքներուն:

Վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ հայ եկեղեցին իր ժողովուրդին հետ պէտք է ըլլայ մանաւանդ տագնապալից օրերուն, միաժամանակ վստահեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը պիտի շարունակէ գործնապէս զօրակից ու աջակից ըլլալ Սուրիոյ հայութեան օգնութեան եւ վերականգնումի բոլոր աշխատանքներուն: Վեհափառ հայրապետը դարձեալ իր բուռն փափաքը յայտնեց առաջին առիթով հովուապետական այցելութիւն տալու Հալէպ եւ մօտէն շփում ունենալու իր ժողովուրդին զաւակներուն հետ:

Այս առիթով, վեհափառ հայրապետը Շահան սրբազանին փոխանցեց Ժընեւի մէջ անցնող օրերուն Սուրիոյ տագնապին գծով ՄԱԿ-ի գլխաւոր բանագնաց Տը Միսթուրայի հետ իր ունեցած հանդիպման մանրամասնութիւնները:

Յայտնենք, որ յառաջիկայ օրերուն Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունենալիք Արմենոֆասի ժողովը յատուկ կերպով պիտի անդրադառնայ Սուրիոյ հայութեան մարդասիրական աջակցութիւն ընծայելու կարելիութիւններուն:

Նախորդը

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Պատմական Հանդիպումը Ամմանի Մէջ

Յաջորդը

Պրազիլեան Արդարադատութիւնը Պրազիլական Ընկերութիւն Մը Կ՛ամբաստանէ Հուսիներուն Զէնք Մատակարարելու Յանցանքով

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.