Ինչպէս տեղեակ էք, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինի 7 դեկտեմբեր 2016-ին կազմակերպած ռատիոթոն-դրամահաւաքին համայն լիբանանահայութեան ջանքերով հանգանակուած էր 85.000 ամերիկեան տոլար` ի նպաստ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին պատճառով Արցախի աւերուած բնակավայրերու վերականգնման եւ վերակառուցման աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ բնակող բազմազաւակ ընտանիքներուն համար բնակարաններու կառուցման ծրագիրին:
Դրամահաւաքէն ետք, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը, բարձր գնահատելով լիբանանահայ գրաւոր եւ բանաւոր մամուլին դերակատարութիւնը` իր տարեկան դրամահաւաքի կազմակերպման յաջողութեան մէջ, եւ նկատի առնելով ներկայ պայմաններուն մեր լրատուամիջոցներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները, որոշեց իր հասոյթէն 5000 ամերիկեան տոլար յատկացնել լիբանանահայ երեք օրաթերթերուն եւ երկու ձայնասփիւռի կայաններուն (1000 տոլար իւրաքանչիւրին)` քաջ գիտնալով, որ տօնական օրերու նախօրեակին խորհրդանշական այս գումարը պարզապէս խրախուսանք մը պիտի ըլլայ անոնց տարած կարեւոր աշխատանքին` ի խնդիր համահայկական մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող հարցերը լուսարձակի տակ առնելու եւ անոնց քարոզչութիւնը կատարելու:
Վարձքը կատար բոլորին:
«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆ
Պէյրութ, 15 դեկտեմբեր 2016