Գաղութային

Կաթողիկէ Ս. Ծննդեան Տօնի Պատգամին Մէջ.  «Քրիստոս Միակ Լոյսն Է, Որ Կրնայ Լուսաւորել  Մարդուն Ուղին Եւ Իմաստաւորել Անոր Գոյութիւնը»  Ըսաւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը

Կաթողիկէ Ս. Ծննդեան Տօնի Պատգամին Մէջ. «Քրիստոս Միակ Լոյսն Է, Որ Կրնայ Լուսաւորել Մարդուն Ուղին Եւ Իմաստաւորել Անոր Գոյութիւնը» Ըսաւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը

Ամէն տարի 25 դեկտեմբերին արեւմտեան աշխարհը եւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցին կը նշեն Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծնունդը, որ հայ եկեղեցւոյ հայրապետներուն կողմէ որակուած է իբրեւ «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի»: Այս տարի եւս հայ կաթողիկէ եկեղեցիները եւ հաւատացեալները վերապրեցան Քրիստոսի ծննդեան խորհուրդը սուրբ եւ անմահ պատարագներով, որոնք մատուցուեցան աշխարհի բոլոր հայ կաթողիկէ եկեղեցիներուն մէջ: Հանդիսապետութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի....

«Ազդակ»-ի 2017-ի Բացառիկին Աշխատանքները Գրեթէ Աւարտած Են

«Ազդակ»-ի 2017-ի Բացառիկին Աշխատանքները Գրեթէ Աւարտած Են

Շուտով հրատարակութեան պիտի յանձնուի «Ազդակ»-ի բացառիկ թիւը: Շուրջ 300 էջէ բաղկացող այս հրատարակութեան կը մասնակցին Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախի Հանրապետութենէն, Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն, Իրանէն, Կիպրոսէն, Յունաստանէն եւ Սուրիայէն մամուլի 38 աշխատակիցներ: Աւանդութիւն դարձած «Ազդակ»-ի բացառիկին աշխատանքներուն կը մասնակցին նաեւ թերթի խմբագրակազմին անդամները: «Ազդակ» բացառիկի գրութիւնները ունին ուսումնասիրական, հրապարակագրական, գրական, խորհրդածական եւ վերլուծական բնոյթ: Անոր էջերուն մէջ կը տողանցեն 2016-ի բոլոր իրադարձութիւնները,...

Գնահատանքի Երեկոյ`  Ծառայութեան Տարուան Առիթով

Գնահատանքի Երեկոյ` Ծառայութեան Տարուան Առիթով

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ նախաձեռնութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Կրօնական ժողովին, երէկ` ուրբաթ, 23 դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած գնահատանքի երեկոյի ընթացքին գնահատագիրներ ստացան 30 նուիրեալներ, որոնք 25 տարիէ ի վեր անսակարկ ծառայած են հայ եկեղեցւոյ: Ձեռնարկը սկսաւ Կոմիտասի «Հայր մեր» աղօթքի երգեցողութեամբ` «Աւետաբեր» երգչախումբին կողմէ, խմբավարութեամբ` Երուանդ Քէշիշեանի, ապա...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Այցելեց Իրանի Մէջ Հայաստանի  Եւ Լիբանանի Դեսպանատուները

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Այցելեց Իրանի Մէջ Հայաստանի Եւ Լիբանանի Դեսպանատուները

Թեհրան կատարած կարճատեւ այցելութեան ընթացքին, երեքշաբթի, 20 դեկտեմբերի յետմիջօրէին, Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Իրանի մէջ Հայաստանի եւ Լիբանանի դեսպանատուները, ուր տեսակցութիւն ունեցաւ նշեալ երկիրներու դեսպաններուն հետ: Վեհափառ հայրապետը նախ հանդիպում ունեցաւ Իրանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան` Արտաշէս Թումանեանի հետ: Դեսպանը իր ողջոյնի խօսքին ընդմէջէն բարի գալուստ մաղթեց վեհափառ հայրապետին եւ զայն տեղեկացուց դեսպանատան կատարած զանազան աշխատանքներուն մասին: Հանդիպման ընթացքին մասնաւորաբար...

«Ճինիշեան» Յիշատակի Ձեռնարկի  Համայնքային Բարգաւաճման Տիկնանց  Յանձնախումբի Ամանորի Տօնակատարութիւն

«Ճինիշեան» Յիշատակի Ձեռնարկի Համայնքային Բարգաւաճման Տիկնանց Յանձնախումբի Ամանորի Տօնակատարութիւն

«Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի Համայնքային բարգաւաճման ծրագիրի տիկնանց յանձնախումբը կազմակերպեց մանուկներու յատուկ Ամանորի ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 23 դեկտեմբեր 2016-ին, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: Շուրջ 200 փոքրիկներ իրենց ծնողներուն հետ հաւաքուած էին մասնակցելու համար «Կաղանդ պապուկ» ձեռնարկին: Հաւաքական ճիգերով պատրաստուած այս տօնակատարութիւնը լաւապէս կ՛արտացոլէր Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի բնակարաններու շրջանին մէջ գործող տիկնանց յանձնախումբին կամաւոր աշխատանքը ու...

ԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տէկիրմենճեան» Խոհանոցի  Եւ «Եոլանտ Քերոբեան-Ճոմպալաքեան»  Սրտի Ճաշարանի Տարեցներու Ամանորի Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տէկիրմենճեան» Խոհանոցի Եւ «Եոլանտ Քերոբեան-Ճոմպալաքեան» Սրտի Ճաշարանի Տարեցներու Ամանորի Ձեռնարկ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ  «Վարդուհի  Տէկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբերուն, հինգշաբթի,  22 դեկտեմբեր 2016-ին, կէսօրուան ժամը 11:00-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի  «Թնճուկեան» սրահին  մէջ  «Վարդուհի  Տէկիրմենճեան» խոհանոցի եւ  «Եոլանտ  Քերոբեան-Ճոմպալաքեան» Սրտի ճաշարանի  ծերունիները  միասնաբար տօնեցին իրենց Նոր տարին եւ ուրախ ժամեր անցուցին: Ձեռնարկին ներկայ էին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Նելլի Վէքիլեան, որ միաժամանակ կը ներկայացնէր Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը, Շրջանային վարչութեան ատենապետ...

Ղարաբաղ` Սպասուած Յաղթանակը  (Ա. Մաս)

«Մայատին» Պատկերասփիւռի Կայանէն Հարցազրոյց` Դոկտ. Ռոլֆ Հոսֆելտին Հետ

Շաբաթ, 24 դեկտեմբեր 2016-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը 11:00-ին, «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանի «Աժրաս Ալմաշրըք» յայտագիրով (հաղորդավար` Ղասան Շամի) պիտի սփռուի արաբերէն լեզուով հարցազրոյց մը գերմանացի պատմաբան դոկտ. Ռոլֆ Հոսֆելտի հետ: Յայտագիրը պիտի կեդրոնանայ «Հայոց ցեղասպանութեան գործադրութեան մէջ արեւմուտքի դերակատարութեան», «Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին Պոլսոյ մէջ Գերմանիոյ հիւպատոսին տեղեկագիրներուն հիման վրայ` Հայոց ցեղասպանութեան գործադրութեան մէջ Գերմանիոյ դերակատարութեան», «Ինչո՞ւ Թուրքիան Ցեղասպանութիւնը կը ժխտէ», «Հայոց...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Հաճոյքն ունինք տեղեկացնելու, թէ ՓԹԻԹ-ի Application-ը ՓԹԻԹ – PTIT, հրապարակուած է եւ կարելի է զայն անվճար ներբեռնել  Play Store-էն կամ App Store-էն: ՓԹԻԹ-ի Application-ին մէջ շեշտը դրուած է զանազան բնոյթի խաղերու վրայ, որոնք ունին երկու մակարդակ` դիւրին եւ դժուար, որպէսզի հայ մանուկը կամ պատանին կարելիութիւն ունենայ ընտրելու, իր տարիքին կամ կարողութեան համաձայն, նախընտրած մակարդակը: Բնականաբար Application-ին մէջ խաղերը օժտուած են...

«Ինծի Համար «Ալիք»-ը Միայն Օրաթերթ  Հրատարակող Տուն Չէ,  Այլեւ Հայապահպանման Գովելի Օճախ»  Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Ինծի Համար «Ալիք»-ը Միայն Օրաթերթ Հրատարակող Տուն Չէ, Այլեւ Հայապահպանման Գովելի Օճախ» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Երկուշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2016-ի յետմիջօրէին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը այցելեց «Ալիք» օրաթերթի կեդրոնը եւ «Հրայր Մարուխեան» դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցաւ «Ալիք»-ի տնօրէնութեան ու խմբագրական կազմին եւ աշխատակիցներուն հետ: Այս առիթով սրտի խօսքով հանդէս եկան «Ալիք» օրաթերթի ներկայացուցիչ Հենրիկ Խալոյեան, գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան, Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան պետական ներկայացուցիչ, երեսփոխան Կարէն Խանլարեան, Հայկական հարցերու ուսումնասիրութեան կազմակերպութեան նախագահ Արամ Շահնազարեան, Մեծի...

Իրանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը  Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Իրանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Երեքշաբթի, 20 դեկտեմբեր 2016-ի  երեկոյեան, Թեհրանի Ազգային առաջնորդարանին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս, ներկայութեամբ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանին, շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ հանդիպում մը ունեցաւ  Իրանի մէջ Ռուսիոյ  արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լեւոն Ճաղարեանի հետ: Վեհափառ հայրապետին եւ դեսպանին միջեւ տեղի ունեցած խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան ընդհանրապէս Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի ներկայ իրավիճակին շուրջ: Վեհափառ հայրապետը այս առիթով դատապարտեց օր...

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան»  Ցուցասրահ.  Հաւաքական Ցուցահանդէս`  Տասնեօթը Արուեստագէտներու

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Հաւաքական Ցուցահանդէս` Տասնեօթը Արուեստագէտներու

Երէկ` երեքշաբթի, 20 դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ 17 գեղանկարիչ եւ քանդակագործ արուեստագէտներու հաւաքական ցուցահանդէսի մը բացումը: Ցուցահանդէսին ներկայ էր Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան:   Բացման խօսքը կատարեց Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ան ողջունելէ ետք դեսպանն ու ներկաները ըսաւ, թէ տարի մը եւս...

Սրբոյ Կուսին Աւետման  Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութիւն.  Ս. Ծննդեան Առիթով Վոքալ Երաժշտութեան  Երեկոյ` Կատարողութեամբ  Էմմա Ջոթեանի Եւ Քլարա Կարապետեանի

Սրբոյ Կուսին Աւետման Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութիւն. Ս. Ծննդեան Առիթով Վոքալ Երաժշտութեան Երեկոյ` Կատարողութեամբ Էմմա Ջոթեանի Եւ Քլարա Կարապետեանի

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքի օրհնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի, նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Սերժ եւ Մարօ Չուխատարեաններու եւ կազմակերպութեամբ Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, երէկ` երեքշաբթի, 20 դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան առիթով վոքալ երաժշտութեան երեկոյ` կատարողութեամբ հայրենի երգչուհիներ` Էմմա...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ Թեհրանէն  Ողջունեց Հալէպի Մէջ  Խաղաղութեան Վերահաստատումը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ Թեհրանէն Ողջունեց Հալէպի Մէջ Խաղաղութեան Վերահաստատումը

Կիրակի, 18 դեկտեմբեր 2016-ին, Թեհրանի Ս. Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ անցնող հինգ տարիներուն Սուրիոյ մէջ պատերազմի  պատճառով զոհուած ու նահատակուած հայորդիներուն հոգիներուն համար: Պատարագը մատուցեց Ատրպատականի թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան: Պատարագի ընթացքին քարոզեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը`  յայտարարելով, թէ «սա պահուն`...

«Մեր Ժողովուրդը Իր Պատմութեան  Ընթացքին Իր Տունէն Առաջ  Աստուծոյ Տունը Շինեց»   Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Մեր Ժողովուրդը Իր Պատմութեան Ընթացքին Իր Տունէն Առաջ Աստուծոյ Տունը Շինեց» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ուրբաթ, 16 դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Թեհրանի Սրբոց Թարգմանչաց եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը` իրեն առընթերակայ ունենալով Ատրպատականի թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանն ու Թեհրանի թեմի առաջնորդական փոխանորդ Մակար եպս. Աշգարեանը: Բազմահարիւր հաւատացեալներու կողքին արարողութեան ներկայ էին նաեւ Թեհրանի հայոց թեմի նորընտիր Պատգամաւորական ժողովի ատենապետն ու թեմական խորհուրդի ներկայացուցիչները եւ շրջանի մարմիններու...

Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ  Անուանակոչութիւն

Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Անցնող շաբաթավերջին նշուեցաւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ  անուանակոչութիւնը: Արդարեւ, շաբաթ, 17 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամերգութեան յաջորդեց աղօրհնէք եւ ոչխարներու զենում, որոնցմէ ետք մատաղի պատրաստութիւն մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերը: Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 7:30-ին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, կատարողութեամբ` եկեղեցւոյ դպրաց դասին, ղեկավարութեամբ` եկեղեցւոյ դպրապետ Պօղոս սրկ. Քեսապլեանի: Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ Ա. քհնյ....

«Այգ» Երգչախումբի Ելոյթը  «Պէյրութ Չենթս»-ի Ծիրին Մէջ

«Այգ» Երգչախումբի Ելոյթը «Պէյրութ Չենթս»-ի Ծիրին Մէջ

Նոր տարուան ու Ս. Ծնունդի առիթով կազմակերպուած «Պէյրութ Չենթս» համերգներու ծիրին մէջ, շաբաթ, 17 դեկտեմբեր 2016-ի, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «ԱՅԳ» երգչախումբի համերգը, մասնակցութեամբ` «Կարկաչ» երգչախումբին, խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի: Համերգին իրենց մասնակցութիւնը բերին` դաշնակի վրայ Լիանա Յարութիւնեան եւ սրինգով Լոռի Պիլալեան: Ուշագրաւ ներկայութիւն էր լիբանանահայ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանը իր թռիչքային ձայնով: Ան մենակատարութեամբ...

«Իմամ Խումէյնիի Յեղափոխութիւնը  Կը Ձգտէր Բարոյական Արժէքներու Վերահաստատման`  Ընկերութեան Կեանքին Մէջ»  Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Իմամ Խումէյնիի Յեղափոխութիւնը Կը Ձգտէր Բարոյական Արժէքներու Վերահաստատման` Ընկերութեան Կեանքին Մէջ» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Ալիք» կը հաղորդէ, որ հինգշաբթի, 15 դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, ընկերակցութեամբ Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, Ատրպատականի թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի եւ Սպահանի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Սիփան Ծ. վրդ. Քէչէճեանի ու իր շքախումբի անդամներուն, այցելեց Իսլամական յեղափոխութեան հիմնադիր առաջնորդ Իմամ Խումէյնիի դամբարանը: Վեհափառ հայրապետը այս առիթով խօսք առնելով ըսաւ. «Իմամ Խումէյնիի յեղափոխութիւնը կը ձգտէր բարոյական...

«Արցախ Ֆոնտ»-ին Կազմակերպութեամբ  Արցախեան Տօնավաճառի Պաշտօնական Բացում

«Արցախ Ֆոնտ»-ին Կազմակերպութեամբ Արցախեան Տօնավաճառի Պաշտօնական Բացում

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի հովանաւորութեամբ եւ Լիբանանի «Արցախ ֆոնտ»-ին կազմակերպութեամբ երէկ` ուրբաթ, 16 դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին,  «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախեան տօնավաճառ, որուն հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի «Արցախ ֆոնտ»-ի ծրագիրներուն: Տօնավաճառին ներկայացուած էին  Արցախի գեղանկարիչներուն արուեստը, Կովսականի կիներու համագործակցականի ձեռային աշխատանքը, Արցախի նշանաւոր մեղր ու այլ արտադրանքներ:  Ուշագրաւ էր նաեւ ցուցադրուած մեծ պաստառը,...

Ս. Ծննդեան Եւ Նոր Տարուան Նշում «Նարեկի Տիրամօր»  Ընկերային-Բժշկական Կեդրոնին Մէջ

Ս. Ծննդեան Եւ Նոր Տարուան Նշում «Նարեկի Տիրամօր» Ընկերային-Բժշկական Կեդրոնին Մէջ

Կազմակերպութեամբ «Նարեկի Տիրամօր» ընկերային-բժշկական կեդրոնին, երէկ` ուրբաթ, 16 դեկտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, տեղի ունեցաւ կեդրոն յաճախող հայ ծերունիներու յատուկ Ս. Ծննդեան խրախճանք` ներկայութեամբ Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ Ասատուրեանի, նախկին նախարար եւ երեսփոխան մեթր Ժաք Չուխատարեանի, միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հոգեւոր հայրերու: Օրուան հանդիսավարն էր Փաթիլ Մկրտիչեան, որ կեդրոնին մասին կարճ պատմական մը ներկայացնելէ ետք յայտնեց, որ...

«Կոկիկեան» Հիմնարկի Նախաձեռնութեամբ  Արաբերէնի Հինգերորդ Շարադրական  Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւն

«Կոկիկեան» Հիմնարկի Նախաձեռնութեամբ Արաբերէնի Հինգերորդ Շարադրական Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւն

Կազմակերպութեամբ «Կոկիկեան» հիմնարկին, ուրբաթ, 16 դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վարժարաններու երկրորդական դասարաններու աշակերտութեան արաբերէն շարադրական մրցումի մրցանակաբաշխութիւնը: «Կոկիկեան» հիմնարկը սոյն մրցանքը կը կազմակերպէ հինգերորդ տարին ըլլալով: Ձեռնարկը վարեց Արամ Գարատաղլեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, հրաւիրեց «Կոկիկեան» հիմնարկի տնօրէն խորհուրդի անդամ Զիատ Հայեքը, որ ներկայացնէ հիմնարկին խօսքը: Զիատ Հայեք շեշտեց, թէ այս աշակերտները, որոնք...

Page 280 of 365 1 … 279 280 281 … 365

Արխիւներ