Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամանորի Ցուցահանդէս-Վաճառք` «Շուշի» Խումբին Կազմակերպութեամբ

Դեկտեմբեր 13, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

shoushi1_121016

Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին, նախագահութեամբ տէր եւ տիկին մեթր Սերժ Չուխատարեանի եւ կազմակերպութեամբ «Շուշի» խումբին շաբաթ, 10 դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի ցուցահանդէս-վաճառքին:

Լիբանանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զոյգ քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց Արամ Գարատաղլեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները յայտնեց, որ «Շուշի» խումբին կազմակերպած ցուցահանդէս-վաճառքը դարձած է աւանդական, սկսած 2011 թուականէն: Խումբին մասին խօսելով` ան յայտնեց, որ հայկական տաղաւարներն ու կազմակերպուած ձեռնարկներուն ներկայ գտնուող հոծ բազմութիւնը կը քաջալերեն զիրենք եւ ուժ կու տան, որպէսզի իրենց առաքելութիւնը շարունակեն: Ան ըսաւ, թէ «Շուշի» խումբին հիմնական նպատակն է քաջալերել հայկականը, հայկական արտադրութիւնները, մասնաւորաբար հայ տիկիններուն գեղեցիկ ձեռարուեստի այն աշխատանքները, որոնք շուկայ չունին, այն անհատները, որոնք փոքրիկ խանութներ ունին, սակայն աւելի մեծ շուկայի պէտք ունին: Այս առաքելութիւնը ի մտի ունենալով «Շուշի» խումբը կազմակերպեց այս ցուցահանդէսը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց տէր եւ տիկին Սերժ Չուխատարեանին, որ սիրայօժար ընդունեց այս ձեռնարկի նախագահութիւնը, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան` ձեռնարկի հովանաւորման համար: Անոնք ծաղկեփունջով մը պատուեցին մեթր Սերժ Չուխատարեանի կինը:

Ապա խօսք առաւ մեթր Սերժ Չուխատարեան: Ան ըսաւ. «Պատմութեան թաւալումին հետ, Արցախ իր հերոսական զաւակներուն հրաշագործ զոհաբերութեամբ կերտած է հայկական ինքնուրոյն քաղաքակրթութիւն, որուն վաւերականութիւնը հաստատած են Շուշիի, Գանձասարի, Թադէի վանքերն ու տաճարները: Այս պահուս բոլորս ուրախ ենք, որ մէկտեղուած ենք այս պերճագեղ սրահին մէջ, «Շուշի» խումբի նախաձեռնութեամբ մեր դրական մասնակցութիւնը բերելու հայկական մշակոյթի աւանդութեան եւ ձեռարուեստի քաջալերման նպատակով, այս տօնական օրերու առիթով կազմակերպուած այս տօնական վաճառքի բացման հանդիսութեան»: Ան շեշտեց, թէ քսանմէկերորդ դարասկիզբին անհրաժեշտ է, որ մեր նուիրական գործունէութեամբ կառչած մնանք մեր բարոյական, հոգեւոր եւ մտաւոր արժէքներուն, ինչպէս նաեւ մեր ազգային արժանիքներուն, մեր նահապետական աւանդութիւններուն, մեր ազգագրական վարքին ու կենցաղին ամբողջական պահպանումին: Ան պարտք նկատեց կամովին գնահատելու հայ մշակոյթի խօսուն եւ պերճ բացայայտութիւնները: Մեթր Չուխատարեան անդրադառնալով Շուշիի ազատագրման ըսաւ, թէ ան համայն մարդկութեան տուաւ անհերքելի փաստը այն իրականութեան, թէ բոլոր ժամանակներուն հայը տէր կը կանգնի իր հայ հողին, հայ ազգը իր քրիստոնէական հաւատքով արդարութիւն կը պահանջէ, կը պայքարի Հայ դատին եւ Ղարաբաղի ինքնութեան ու անկախութեան ճանաչման համար:

shoushi2_121016

Ձեռնարկի աւարտին ներկայացուեցան երկու պարեր: Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի աշակերտներէն խումբ մը ներկայացուց լիբանանեան աւանդական պար մը, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի աշակերտներէն խումբ մը ներկայացուց հայկական պար մը:

Ցուցահանդէսը շարունակուեցաւ կիրակի, 11 եւ երկուշաբթի, 12 դեկտեմբերին:

Նախորդը

Լէոնորայի Համերգը` Ի Նպաստ Սուրիահայերուն

Յաջորդը

Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Եւ 50-Ամեակի Նշում

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը

Հոկտեմբեր 21, 2025
Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին Առիթով Միջնակարգի Եւ Երկրորդականի Աշակերտները Զմմառու Վանք Այցելեցին
Գաղութային

Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին Առիթով Միջնակարգի Եւ Երկրորդականի Աշակերտները Զմմառու Վանք Այցելեցին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?