Երկուշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2016-ի յետմիջօրէին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը այցելեց «Ալիք» օրաթերթի կեդրոնը եւ «Հրայր Մարուխեան» դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցաւ «Ալիք»-ի տնօրէնութեան ու խմբագրական կազմին եւ աշխատակիցներուն հետ:
Այս առիթով սրտի խօսքով հանդէս եկան «Ալիք» օրաթերթի ներկայացուցիչ Հենրիկ Խալոյեան, գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան, Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան պետական ներկայացուցիչ, երեսփոխան Կարէն Խանլարեան, Հայկական հարցերու ուսումնասիրութեան կազմակերպութեան նախագահ Արամ Շահնազարեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Վարդան Վարդանեան եւ Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան: Անոնք իրենց ուրախութիւնը եւ շնորհաւորանքը յայտնեցին վեհափառ հայրապետին, յատկապէս վերջին 20 տարիներուն` իր հայրապետութեան օրերուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, հայապահպանման, Հայ դատին, հայրենաշինութեան եւ համազգային շարք մը կալուածներու մէջ ունեցած անզուգական ներդրումին համար:
Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը գնահատելով «Ալիք» օրաթերթի ծաւալած աշխատանքները ըսաւ. «Ինծի համար «Ալիք»-ը միայն օրաթերթ հրատարակող տուն չէ, այլեւ հայապահպանման գովելի օճախ: «Ալիք»-ը իր ճիւղաւորումներով, տեսանելի թէ անտեսանելի իր ծառայութիւններով կարեւոր դեր ունեցած է սփիւռքի եւ մասնաւորաբար Իրանի հայութեան կեանքին մէջ: «Ալիք»-ը` միշտ ալ թարգմանը եղած է մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին եւ իմ յանձնարարութիւնս է, որ ան նոյն ոգիով շարունակէ իր ազգօգուտ առաքելութիւնը»:
Հանդիպման աւարտին, «Ալիք» օրաթերթի տնօրէնութիւնը յուշանուէրով մը պատուեց վեհափառ հայրապետը: