Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կաթողիկէ Ս. Ծննդեան Տօնի Պատգամին Մէջ. «Քրիստոս Միակ Լոյսն Է, Որ Կրնայ Լուսաւորել Մարդուն Ուղին Եւ Իմաստաւորել Անոր Գոյութիւնը» Ըսաւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը

Դեկտեմբեր 28, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

christmas_catholics1_122516

Ամէն տարի 25 դեկտեմբերին արեւմտեան աշխարհը եւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցին կը նշեն Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծնունդը, որ հայ եկեղեցւոյ հայրապետներուն կողմէ որակուած է իբրեւ «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի»: Այս տարի եւս հայ կաթողիկէ եկեղեցիները եւ հաւատացեալները վերապրեցան Քրիստոսի ծննդեան խորհուրդը սուրբ եւ անմահ պատարագներով, որոնք մատուցուեցան աշխարհի բոլոր հայ կաթողիկէ եկեղեցիներուն մէջ: Հանդիսապետութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին հայրապետական սուրբ պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:

Հայրապետական թափօրը «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ մուտք գործեց եկեղեցի եւ բարձրացաւ խորան: Առընթերակայ պատարագակիցներն էին Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան եւ Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան:

christmas_catholics2_122516

Յընթացս Ս. պատարագին Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը իր պատգամին մէջ ըսաւ, որ Ս. Ծնունդը կը յիշեցնէ, թէ անսահմանը, յաւիտենականը, կամովին դարձաւ սահմանաւոր, մահկանացու, տկար, ենթակայ չարչարանքի ու մահուան, որովհետեւ այդպէս ուզեց Աստուծոյ կամքը, այդ էր պայմանը, որ մարդուն գործած ահաւոր մեղքը` իր ըմբոստութեամբ, համապատասխան ու արդար հատուցումը գտնէ: Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը դիտել տուաւ, որ Քրիստոսի գալուստէն երկու հազար տարի ետք աշխարհը թաւալգլոր կ՛ընթանայ: Մարդիկ կորսնցուցած են կեանքին իմաստը եւ նպատակը: Շատեր չեն գիտեր իսկ, թէ ինչո՛ւ աշխարհ եկած են եւ ո՛ւր կ՛երթան. կը կասկածին նոյնիսկ, թէ անդենական կեանք մը կայ, որ պիտի յաջորդէ այս անցաւոր կեանքին, որովհետեւ կ՛անգիտանան, թէ մարդը անասուններէն տարբեր էակ է` ստեղծուած ըլլալով Աստուծոյ պատկերին համեմատ, օժտուած հոգիով մը անմահ, որով կը զանազանուի անասուններէն:

Ամենապատիւ հոգւոր տէրը իր պատգամին մէջ հաստատեց, որ Քրիստոս միակ լոյսն է, որ կրնայ լուսաւորել մարդուն ուղին եւ իմաստաւորել անոր գոյութիւնը: Ան  ըսաւ, թէ Ծնունդը լոյսի տօնն է: Այն լոյսին, որ կը բխի մեր սրտէն, որ կը տարածուի մեր մերձաւորին  թէ հեռաւորին վրայ, անխտիր: Այն լոյսին, որ շողարձակումն է ճշմարիտ Լոյսին, Քրիստոսի, որ ըսաւ. «Ե՛ս եմ Լոյսն աշխարհի»: Լոյսի եւ խաւարի պայքարը աշխարհի սկիզբէն ի վեր գոյութիւն ունի եւ պիտի շարունակուի, այնքան ատեն որ մարդիկ կան, որոնք կը նախընտրեն խաւարը լոյսէն: Մեզի կը մնայ ընտրել մին կամ միւսը: Քրիստոս կը հրաւիրէ մեզ, որ ըլլանք լոյսի առաքեալներ, որպէսզի նաեւ մե՛ր միջոցով աշխարհի վրայ տիրէ խաղաղութիւնը, սէրը եւ, ի վերջոյ, ճշմարիտ երջանկութիւնը:

Ամենապատիւ տէրը իր պատգամը եզրափակեց ըսելով. «Մեր աղօթքը կը բարձրացնենք դէպի Անոր, որ «այնքա՛ն սիրեց աշխարհը, որ իր Միածին Որդին տուաւ աշխարհին». մեր աղօթքը` անոնց համար, որոնք ձեռք առած են աշխարհի ղեկն ու անոր ճակատագիրը, յատկապէս` մեր մայր հայրենիքին, մեր սիրելի Լիբանանին ու տառապեալ Սուրիոյ ժողովուրդներուն, որոնք վճռական օրեր կ՛ապրին, մինչեւ որ լման խաղաղութիւն վայելեն, մեր բոլոր հոգեւոր առաջնորդներուն համար, որոնք սիրոյ ճամբան ցոյց կու տան իրենց յանձնուած հոգիներուն, վերջապէս բոլոր բարի կամքով լի մարդերուն եւ կիներուն, որոնք սիրով կ՛արձագանգեն հրեշտակներու երգին. «Փա՛ռք Աստուծոյ երկինքի բարձունքներուն մէջ եւ խաղաղութիւն երկրի վրայ` բոլո՛ր բարի կամքով մարդոց»:

Ի լրումն օրուան խորհուրդին ներկաները հաղորդուեցան Յիսուս Քրիստոսի սուրբ ու կենարար մարմինով եւ արեամբ:

Յաւարտ սուրբ պատարագին ամենապատիւ հոգեւոր տէր հաւատացեալներու ջերմ շնորհաւորութիւնները ընդունեց եկեղեցւոյ մէջ:

 

Նախորդը

Ժիրայր Յովսէփեանին Հրաժեշտ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հալէպի Մէջ Հայաստանի Հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանը

RelatedPosts

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Հոկտեմբեր 25, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?