«Օթելլօ»-ի Բեմադրութիւնը` «Կոմիտաս» Թատերախումբին 40-Ամեակի Առիթով
Յովհաննէս Հելվաճեանի թատերական գործունէութեան եւ անոր ղեկավարած «Կոմիտաս» թատերախումբին հիմնադրութեան 40-ամեակին առիթով երեքշաբթի, 3 յունուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ուիլիըմ Շէյքսփիրի «Օթելլօ»-ի ներկայացումը` բեմադրութեամբ եւ մենակատարութեամբ Յովհաննէս Հելվաճեանի: Նոր մեկնաբանութեամբ «Օթելլօ»-ի ներկայացման իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ` Թորոս Հելվաճեան (խաղարկութիւն եւ ձայն), Քրիստինա Սրապոնեան (ձայն): Նախքան թատերախաղին ներկայացումը, Քրիստինա Սրապոնեանի ձայնով ներկայացուեցան զանազան վկայութիւններ...




















