Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ճինիշեան» Յիշատակի Ձեռնարկի Համայնքային Բարգաւաճման Տիկնանց Յանձնախումբի Ամանորի Տօնակատարութիւն

Դեկտեմբեր 24, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

jinishian_122316

«Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի Համայնքային բարգաւաճման ծրագիրի տիկնանց յանձնախումբը կազմակերպեց մանուկներու յատուկ Ամանորի ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 23 դեկտեմբեր 2016-ին, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: Շուրջ 200 փոքրիկներ իրենց ծնողներուն հետ հաւաքուած էին մասնակցելու համար «Կաղանդ պապուկ» ձեռնարկին:

Հաւաքական ճիգերով պատրաստուած այս տօնակատարութիւնը լաւապէս կ՛արտացոլէր Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի բնակարաններու շրջանին մէջ գործող տիկնանց յանձնախումբին կամաւոր աշխատանքը ու նուիրումը:

Տիկնանց յանձնախումբին անունով Սոնա Չէօլմեքեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, որ տրամադրեց փոքրերու նուէրները, եւ նուիրատուներուն` Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղականութեան, «Դեղարան Ժաք»-ին, «Սնեք Կարօ»-ին, «Պարլի» հաստատութեան, «Քէօշկերեան» համագործակցականին, որոնց օժանդակութեամբ կարելի եղաւ ձեռնարկը իրականացնել:

Գեղարուեստական յայտագիրի բաժինին մէջ, օրուան մթնոլորտը ճոխացուց «Բարեւ փոքրիկներ» խումբը, որ խաղերով եւ երգ ու պարով ստեղծեց հաճելի պահեր մանուկներուն համար:

Ձեռնարկին աւարտին Կաղանդ պապուկին ժամանումը եւ նուէրներուն բաշխումը տօնակատարութիւնը հասցուց խանդավառութեան գագաթնակէտին եւ փոքրիկները ուրախ մեկնեցան Կաղանդի իրենց վերապահուած նուէրները ստանալէ ետք:

 

Նախորդը

ՄԵԼԻՔԸ… (Մելիք Յակոբ Մելիքսէթեանի Մահուան Ա. Տարելիցին Առիթով)

Յաջորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Այցելեց Իրանի Մէջ Հայաստանի Եւ Լիբանանի Դեսպանատուները

RelatedPosts

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Գաղութային

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յուլիս 9, 2025
Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 8, 2025
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը
Գաղութային

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը

Յուլիս 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?