Շուտով հրատարակութեան պիտի յանձնուի «Ազդակ»-ի բացառիկ թիւը: Շուրջ 300 էջէ բաղկացող այս հրատարակութեան կը մասնակցին Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախի Հանրապետութենէն, Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն, Իրանէն, Կիպրոսէն, Յունաստանէն եւ Սուրիայէն մամուլի 38 աշխատակիցներ:
Աւանդութիւն դարձած «Ազդակ»-ի բացառիկին աշխատանքներուն կը մասնակցին նաեւ թերթի խմբագրակազմին անդամները:
«Ազդակ» բացառիկի գրութիւնները ունին ուսումնասիրական, հրապարակագրական, գրական, խորհրդածական եւ վերլուծական բնոյթ: Անոր էջերուն մէջ կը տողանցեն 2016-ի բոլոր իրադարձութիւնները, յատկապէս լիբանանահայութեան ազգային տարին, ինչպէս նաեւ 2017-ին զուգադիպող տարբեր տարեդարձներու եւ ոգեկոչումներու նուիրուած գրութիւններ:
Այս տարի եւս «Ազդակ»-ի բացառիկին հովանաւորներն են տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանները: