Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կոկիկեան» Հիմնարկի Նախաձեռնութեամբ Արաբերէնի Հինգերորդ Շարադրական Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւն

December 17, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

gogig-1_121616

Կազմակերպութեամբ «Կոկիկեան» հիմնարկին, ուրբաթ, 16 դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վարժարաններու երկրորդական դասարաններու աշակերտութեան արաբերէն շարադրական մրցումի մրցանակաբաշխութիւնը: «Կոկիկեան» հիմնարկը սոյն մրցանքը կը կազմակերպէ հինգերորդ տարին ըլլալով:

Ձեռնարկը վարեց Արամ Գարատաղլեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, հրաւիրեց «Կոկիկեան» հիմնարկի տնօրէն խորհուրդի անդամ Զիատ Հայեքը, որ ներկայացնէ հիմնարկին խօսքը:

Զիատ Հայեք շեշտեց, թէ այս աշակերտները, որոնք գերազանցիկ էին արաբերէնին մէջ եւ որոնք պիտի պարգեւատրուին, իրենց նպաստը բերած եղան «Կոկիկեան» հիմնարկի նպատակին` լիբանանահայ համայնքին համարկումը լիբանանեան ընկերութեան մէջ: Ան աւելցուց, թէ «Կոկիկեան» հիմնարկին նպատակն է, որ լիբանանհայութիւնը իր մասնակցութիւնը բերէ Լիբանանի քաղաքական, ընկերային եւ հասարակական կեանքին մէջ, որպէսզի հայ համայնքը կարենայ ստանալ իր ամբողջական իրաւունքները:

«Կոկիկեան» արաբերէն շարադրական մրցանակը փոխանցուող մրցանակ մը ըլլալով, 2015 տարուան մրցանակակիր, Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանի աշակերտ Լիւսի Թապաքեան մրցանակը վերադարձնելէ ետք Զիատ Հայեքի, բեմ բարձրանալով ուղղեց իր սրտի խօսքը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Կոկիկեան» հիմնարկին, որ կը քաջալերէ արաբերէնի մէջ գերազանց արդիւնքներ արձանագրած աշակերտները, եւ այս աշխատանքը, որ կը տանի, մեծ պատիւ է,որովհետեւ այդ աշակերտներն են Լիբանանի մտաւոր եւ մշակութային արժէքը, անոնք են այն ուժը, որուն վրայ հիմնուելով է, որ կը կերտուի Լիբանանի լուսաւոր ապագան: Ան շեշտեց, թէ Կոկիկեան հիմնարկի աշխատանքները չեն բաւարարուիր միայն պարգեւատրելով արաբերէնի գերազանցիկները, այլ նաեւ անիկա քաջալեր կը հանդիսանայ եւ կ՛ուղղէ հայ երիտասարդները ստանձնելու պետական, հանրային պաշտօններ:

«Կոկիկեան» հիմնարկը նիւթապէս կ՛օգնէ նաեւ դպրոցներուն մէջ գերազանցիկ այն աշակերտներուն, որոնք փափաք ունին համալսարան յաճախելու` անոնց համալսարանական թոշակը վճարելով: «Կոկիկեան» հիմնարկի օժանդակութեամբ համալսարանաւարտ Մելքոն Էլեճեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց «Կոկիկեան» հիմնարկին` զինք դարձնելով այդ մեծ ընտանիքի անդամներէն մէկը եւ իր փափաքը իրականացնելով յաճախելու իր նախընտրած համալսարանը:

Ապա լիբանանահայ երկրորդական վարժարաններու արաբերէնի մէջ գերազանցիկ աշակերտները մրցանակներ ստացան «Կոկիկեան» հիմնարկի յանձնախումբին կողմէ:

Օրուան հիւր բանախօսն էր «Սոտեթել» ընկերութեան տնօրէն Փաթրիք Ֆարաճեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց «Կոկիկեան» հիմնարկին եւ Լիբանանի ու հայութեան ի նպաստ կատարած անոր ներդրումներուն: Ան շնորհաւորեց հոն ներկայ գտնուող աշակերտները: Ան շեշտեց, թէ արաբերէնի հանդէպ տածած սէրն ու կառչածութիւնը ինքնին մեծ ձեռքբերում մըն է ո՛չ միայն լիբանանահայ աշակերտին, այլեւ լիբանանցի աշակերտին համար: Ֆարաճեան ըսաւ, թէ պատիւ է իրեն համար այդ հանդիպման ներկայ գտնուիլ, որովհետեւ այս ձեռնարկը զուտ լիբանանեան ազգային ձեռնարկ է, որուն նիւթը արաբերէնն է, որ լիբանանեան պետութեան ու ինքնութեան հիմքերէն մէկը կը կազմէ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի սահմանադրութեան նախաբանին գլխաւոր կէտերէն է: Ան շեշտեց, թէ այս հանդիպումը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս հայկական մշակութային արժէքներու պահպանումն ու լիբանանեան հայրենիքի եւ անոր լեզուին նկատմամբ հաւատարմութիւնը կրնան հաւասարապէս եւ ներդաշնակ ընթանալ:

Գեղարուեստական յայտագիրով «Պհըպպաք եա լըպնան» երգով հանդէս եկաւ Նժդեհ Պոտրումեան:

Հանդիսութեան աւարտին Արամ Գարատաղլեան յայտարարեց արաբերէն շարադրական մրցումի երեք մրցանակակիրներուն անունները: Երրորդ մրցանակը ստացաւ Փերլա Պասեթ (Հայ աւետարանական քոլէճ), երկրորդ մրցանակը ստացաւ Վահագն Չլտըրեան (Դարուհի- Յովակիմեան), իսկ գլխաւոր մրցանակը ստացաւ Լէա Հապիպեան (Հռիփսիմեանց վարժարան):

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Լէա Հապիպեանի շարադրութեան ընթերցումով, որուն համար ան դարձաւ գլխաւոր դափնեկիր:

 

Նախորդը

Դաշնակցական Նուիրեալ Գործիչ Արա Տեմիրճեանի Յուղարկաւորութեան ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Բենիամին Պչաքճեանի Արտասանած Դամբանականը

Յաջորդը

Ս. Ծննդեան Եւ Նոր Տարուան Նշում «Նարեկի Տիրամօր» Ընկերային-Բժշկական Կեդրոնին Մէջ

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.