Գաղութային

Ռոլանտ Շառոյեան Այցելեց «Ազդակ»

Ռոլանտ Շառոյեան Այցելեց «Ազդակ»

Երէկ երեկոյեան «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախկին նախարար, Պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի ազգային խորհուրդի անդամ, գրող, հրապարակախօս Ռոլանտ Շառոյեան: Շառոյեան Լիբանան եկած է ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէի հրաւէրով` բանախօսելու համար Կարօ Սասունիի յիշատակի երեկոյին, մեծանուն գործիչին մահուան 40-ամեակին առիթով: Հանդիպումը առիթ էր զրուցելու Կարօ Սասունիի կենսագրութեան, կեանքի տարբեր փուլերուն, ազատագրական շարժման մասնակցութեան եւ իրագործած մտաւորական աշխատանքին...

ԱՌԻ Ընկերութեան Ընդհանուր Ժողով

ԱՌԻ Ընկերութեան Ընդհանուր Ժողով

Հինգշաբթի, 9 մարտ 2017-ի երեկոյեան «Արմենիա» պողոտայի ճաշարաններէն «Իթալիըն Փրոճեքթ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ Արցախ ռուց ինվեսթմընթ (ԱՌԻ) ընկերութեան տարեկան ընդհանուր ժողովը: Խօսք առաւ ընկերութեան նախագահ Սուրէն Սարգիսեան: Ան ողջունեց հին ու նոր շահընկերները` «ԱՌԻ-ական»-ները: Այնուհետեւ ան ընթերցեց Արցախի վարչապետ Արա Յարութիւնեանի հետեւեալ խօսքը` ուղղուած ներկաներուն. «Սիրելի՛ ԱՌԻ-ական ընկերներ, Շատ էի ցանկանում ներկայ լինել ձեր տարեկան ժողովին, սակայն ցաւօք, աշխատանքային ծանր...

Ազգային Իշխանութեան  Ուսումնական Խորհուրդ.  Ուսուցչաց Տօնին Նուիրուած  Ընթրիքի Երեկոյ

Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդ. Ուսուցչաց Տօնին Նուիրուած Ընթրիքի Երեկոյ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երէկ` ուրբաթ, 10 մարտ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ուսուցչաց տօնին նուիրուած ընթրիքի երեկոյ` ներկայութեամբ Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներուն, Ազգային վարժարաններու տնօրէններուն եւ ուսուցչակազմին: Օրուան հանդիսավար, Ուսումնական խորհուրդի անդամ Աքասիա Փոլատեան ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք նկատել տուաւ, որ սոյն ընթրիքը...

Պուրճ Համուտի Մէջ Անշարժ  Գոյքի Սեփականատէրերու Ուշադրութեան

Պուրճ Համուտի Մէջ Անշարժ Գոյքի Սեփականատէրերու Ուշադրութեան

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը շրջանիս կալուածներու եւ անշարժ գոյքի (շէնք, յարկաբաժին, վաճառատուն) սեփականատէրերու ուշադրութեան կը յանձնէ իրենց գոյքը լիբանանցիի կամ օտարահպատակի վարձու տալու օրինական պայմանները յարգելու անհրաժեշտութիւնը: Արդարեւ, կալուածի եւ անշարժ գոյքի վարձքի համաձայնագիրը պէտք է արձանագրուի քաղաքապետարանին մէջ: Այդ արձանագրութեան համար պէտք է ներկայացնել երկու կողմերու ինքնութեան փաստաթուղթերը, ինչպէս նաեւ կալուածի սեփականատիրութիւնը եւ զայն վարձու տալու իրաւասութիւնը հաստատող փաստաթուղթերն ու...

«Այս Հանգրուանին Բոլորէն Կը Պահանջուի  Զգաստ Ըլլալ` Նուազագոյն  Վնասներով Դուրս Գալու Համար»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Բագրատունի Կը Շնորհաւորէ Հայ Ուսուցիչը

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Ուսուցչաց տօնին առիթով, հետեւեալ ուղերձը յղեց Լիբանանի բոլոր հայկական վարժարաններու տնօրէնութեանց եւ ուսուցչական կազմերուն: Սիրելի՛ ուսուցիչներ, Ուսուցչաց տօնին առիթով հաճեցէք ընդունիլ լաւագոյն բարեմաղթութիւններս: Բոլորիս համար անուրանալի արժէք է ուսուցիչին դերակատարութիւնը մարդկային կեանքի զարգացման հոլովոյթին մէջ: Իսկ հայ ուսուցիչը գլխաւոր հիմնաքարն է հայակերտման սրբազան գործին մէջ: Լաւապէս կ՛ըմբռնենք Լիբանանի դժնդակ պայմաններուն մէջ ուսուցիչին դիմագրաւած...

Հաղորդագրութիւն.  Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը Ազգային  Վարժարաններու Միաւորման  Օրակարգով Գումարեց Արտակարգ Նիստ Մը

Հաղորդագրութիւն. Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը Ազգային Վարժարաններու Միաւորման Օրակարգով Գումարեց Արտակարգ Նիստ Մը

Չորեքշաբթի, 8 մարտ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի արտակարգ նիստ մը` ներկայութեամբ Ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային վարչութեան, Ուսումնական խորհուրդի եւ Ազգային միացեալ վարժարանի կրթական խորհուրդի անդամներուն: Նիստի միակ օրակարգն էր Ազգային վարժարաններու միաւորման ծրագիրի ամբողջացումը` միաւորման հոլովոյթին մաս դարձնելով Ազգային...

«Մարտկոց», «Ազատամարտ»  Եւ «Կամք» Թերթերու  Թուայնացումը Շուտով  Կը Սկսի «Ազդակ»-ի Յարկին Տակ

«Մարտկոց», «Ազատամարտ» Եւ «Կամք» Թերթերու Թուայնացումը Շուտով Կը Սկսի «Ազդակ»-ի Յարկին Տակ

Ազգային գրադարանի համապատասխան բաժանմունքին մէջ նկարահանուած, Փարիզի մէջ լոյս տեսած «Մարտկոց» (1932-1933) եւ «Ազատամարտ» շաբաթաթերթի (1928-1929) թիւերը  Աղասի Ազիզեանի միջոցով հասած են «Ազդակ»-ի «Ժ. Պուտագեան» կեդրոն: Իսկ «Կամք» օրաթերթի ամբողջական հաւաքածոն` բնագրային տպագիր տարբերակ (1985-2002) մաս առ մաս կը յանձնուի «Ազդակ»-ին նկարահանուելու եւ թուայնացուելու համար: «Կամք»-ի ամբողջական հաւաքածոն «Ազդակ»-ին նուիրեց մեր ընկերներէն Յակոբ Ենիգոմշեան: Մեր շնորհակալութիւնները:

Դասախօսական Երեկոյ  Եւ Երաժշտական Ունկնդրութիւն.  Պօղոս Ճելալեանը Եւ Իր Նպաստը  Լիբանանեան Երաժշտութեան Մէջ

Դասախօսական Երեկոյ Եւ Երաժշտական Ունկնդրութիւն. Պօղոս Ճելալեանը Եւ Իր Նպաստը Լիբանանեան Երաժշտութեան Մէջ

Հովանաւորութեամբ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, համագործակցաբար ՀԲԸՄ-ի եւ Ֆրանսախօսութեան ամսուան  գործունէութեանց ծիրին մէջ, չորեքշաբթի, 8 մարտ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Պօղոս Ճելալեանը եւ իր նպաստը լիբանանեան երաժշտութեան մէջ» դասախօսութիւնն ու երաժշտութեան ունկնդրութիւնը: Դասախօսութիւնը ներկայացուց եւ մեկնաբանեց լիբանանահայ բարձրասրնգահար (oboe) Էթիեն Քիւփելեան` մասնակցութեամբ հանրածանօթ լիբանանցի երաժիշտ Ղատի Ռահպանիի: Անոնք...

«Էն.Տի.Եու.» Համալսարանի  Կազմակերպած Դաշնակի Մրցանքին.  «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի  Աշակերտներէն Կարօ Գրիգորեան  Արձանագրեց Փայլուն Արդիւնք Մը

«Էն.Տի.Եու.» Համալսարանի Կազմակերպած Դաշնակի Մրցանքին. «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի Աշակերտներէն Կարօ Գրիգորեան Արձանագրեց Փայլուն Արդիւնք Մը

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի աշակերտներէն Կարօ Գրիգորեան «Էն.Տի.Եու.» համալսարանին կազմակերպած Միջդպրոցական 3-րդ մրցումին մասնակցելով տիրացաւ 2-րդ մրցանակին: Լիբանանի երկրորդական վարժարաններու աշակերտներու յատուկ մրցումը տեղի ունեցաւ երկու փուլերով: Առաջին փուլը տեղի ունեցաւ 15 փետրուար 2017-ին` մասնակցութեամբ 30-է աւելի դաշնակահարներու: 21 փետրուարին տեղի ունեցած երկրորդ փուլին մասնակիցներուն թիւը 9 էր: «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի ուսուցիչներէն Մայք Աշճեանի մօտ 8-րդ դասարան եղող...

Շնորհաւորանք

Ուսուցչաց տօնին առիթով «Ազդակ» կը շնորհաւորէ իր ուսուցիչ-աշխատակիցներէն Շուշիկ Մաւիսագալեանը, Սրբուկ Ճենանեանը, Մարինա Համամճեանը, Նայիրի Տաղլեանը, Կարօ Առաքելեանը եւ Կարօ Աղազարեանը:  

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Շնորհաւորած Է  Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ծննդեան 70-Ամեակը

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Շնորհաւորած Է Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ծննդեան 70-Ամեակը

8 մարտին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը շնորհաւորագիր  յղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին` ծննդեան 70-ամեայ յոբելեանին առիթով: Այս մասին կը յայտնեն Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական գրասենեակէն: Նոյն օրը Ամենայն Հայոց հայրապետը նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ ընթացող Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովի մասնակիցներուն անունով շնորհաւորանքներ եւ...

Մեծարանքի Երեկոյ` Նուիրուած Լիբանանահայ  Դպրոցներու Հայոց Լեզուի  Եւ Հայոց Պատմութեան Ուսուցիչներուն

Մեծարանքի Երեկոյ` Նուիրուած Լիբանանահայ Դպրոցներու Հայոց Լեզուի Եւ Հայոց Պատմութեան Ուսուցիչներուն

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի «Նոր սերունդ» մշակութային միութեան, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի ու հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան  եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կողմէ «Մայրենիի օր» հռչակման առիթով երեքշաբթի, 7 մարտ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, ՀԿԲՄ-ի Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան քոլեճին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյ` նուիրուած լիբանանահայ դպրոցներու հայոց լեզուի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչներուն: Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի...

Դատապարտումի Հեռագիր  Ֆրանսայի Պետութեան

Հաղորդագրութիւն

Այսօր 8 մարտն է` Կիներու միջազգային օրը: Հայ իրականութեան մէջ կիները հին ժամանակաշրջաններէն հիմնական դերակատարութիւն ունեցած են ո՛չ միայն ընտանեկան օճախի պահպանման մէջ, այլ նաեւ ազգային ինքնութեան կերտման  եւ հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ: Կիներու դերակատարութիւնը մանաւանդ յատկանշական կարեւորութիւն ունեցած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կազմաւորման հոլովոյթին մէջ, որուն 100-ամեակը ազգովին պիտի նշենք յառաջիկայ տարի: Ունեցած ենք գործունեայ կին դեսպաններ, առաջին անգամ ըլլալով...

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. 8 Մարտ 2017 – Կիներու Միջազգային Օրը

Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը, ձայնակցելով աշխարհի բոլոր կիներուն, իր ընկերակցական մաղթանքները կը յղէ սփիւռքի թէ հայրենի ոստաններու իր աշխարհասփիւռ միաւորներուն, ժրաջան եւ անաղմուկ աշխատանքի լծուած հայ մայրերուն, քոյրերուն եւ դուստրերուն, միաժամանակ մղելով զանոնք մնալու պայքարի դիրքերու վրայ` յանուն անխտրականօրէն համախումբ հայ ժողովուրդին ու անոր պետականութեան նորահաստատ խորհրդարանական համակարգին արդարամէտ ու յառաջադէմ ընթացքին` դէպի բարգաւաճ ապագայ: Անկասկած, անշրջանցելի վերիվայրումներու եւ...

Այնճարի Մէջ.  Հոգեհանգիստ Զաւէն Թաշճեանի  Յիշատակին

Այնճարի Մէջ. Հոգեհանգիստ Զաւէն Թաշճեանի Յիշատակին

31 տարի առաջ հակադաշնակցական անարգ եւ դաւադիր ոճիրի մը պատճառով նահատակուեցաւ Զաւէն Թաշճեան` Այնճարի իր սեփական վաճառատան մէջ: Սակայն Զաւէն Թաշճեանի գաղափարակիցները շարունակեցին եւ տակաւին կը շարունակեն իր երազը իրականացնել` քալելով անոր գծած ուղիէն: Արդարեւ, կիրակի, 5 մարտ 2017-ին, «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` նահատակ Զաւէն Թաշճեանի յիշատակին: Հոգեհանգիստին ներկայ եղան ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի ընկերներ, Այնճարի...

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան»  Թատրոնի Վարչութիւն.  Դասախօսական Երեկոյ` «Յետպատերազմեան  Լիբանանեան Թատրոնը» Նիւթով

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատրոնի Վարչութիւն. Դասախօսական Երեկոյ` «Յետպատերազմեան Լիբանանեան Թատրոնը» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, երէկ` երեքշաբթի, 7 մարտին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Յետպատերազմեան լիբանանեան թատրոնը» նիւթով դասախօսութիւն մը: Օրուան բանախօսն էր Լիբանանեան եւ Սեն Ժոզեֆ համալսարաններու դասախօս, «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեան: «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան անունով  Մարտիկ Տեմիրճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկայացուց բանախօսը: Յակոբ Տէր Ղուկասեան ընդհանուր...

«Ազդակ» Կը Թուայնացնէ «Նիւթեր»-ը

«Ազդակ» Կը Թուայնացնէ «Նիւթեր»-ը

«Ազդակ»-ի «Ժ. Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնը ստացաւ Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկին կողմէ նկարահանուած «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» Ա.-էն ԺԹ. հատորներու ելեկտրոնային տարբերակները: «Ժ. Պուտագեան» կեդրոնին մէջ անոնք պիտի թուայնացուին եւ օժտուին որոնման համակարգով:

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան  Դաստիարակչական Յանձնախումբ.  Կիներու Միջազգային  Օրուան Հանդիսաւոր Նշում

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Դաստիարակչական Յանձնախումբ. Կիներու Միջազգային Օրուան Հանդիսաւոր Նշում

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին, երէկ` երկուշաբթի, 6 մարտ 2017-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ արժանավայել կերպով նշուեցաւ Կիներու միջազգային օրը: Լիբանանեան եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Ազատ Սարգիսեան ողջունեց ներկաները եւ անդրադարձաւ օրուան յայտագիրին ու անոր իմաստին: Կիներու պահանջատիրական շարժման գլխաւոր թուականներու հակիրճ թուումէն...

Մեր Կորուստները.  Ոչ Եւս Է Աշոտ Ճենտերէճեան

Մեր Կորուստները. Ոչ Եւս Է Աշոտ Ճենտերէճեան

Երէկ իր մահկանացուն կնքեց Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի նախկին տնօրէն Աշոտ Ճենտերէճեան: Աշոտ Ճենտերէճեան ծնած է Երեւան: Աւարտած է Չայքովսկիի անուան երաժշտական միջնակարգ դպրոցը: 1976-ին աւարտած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի ջութակի դասարանը, ուսանելով ժամանակի ականաւոր փրոֆեսէօրներու մօտ: Աւելի ուշ վկայուած է նոյն երաժշտանոցի սիմֆոնիք-օփերային բեմադրութեան բաժինէն: 1960-ականներուն, եղբօր` Արմէնի հետ հիմնած է «Ճենտերէճեան տուեթ»-ը, որ համերգներով հանդէս եկած...

Page 272 of 365 1 … 271 272 273 … 365

Արխիւներ