Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. 8 Մարտ 2017 – Կիներու Միջազգային Օրը

March 8, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը, ձայնակցելով աշխարհի բոլոր կիներուն, իր ընկերակցական մաղթանքները կը յղէ սփիւռքի թէ հայրենի ոստաններու իր աշխարհասփիւռ միաւորներուն, ժրաջան եւ անաղմուկ աշխատանքի լծուած հայ մայրերուն, քոյրերուն եւ դուստրերուն, միաժամանակ մղելով զանոնք մնալու պայքարի դիրքերու վրայ` յանուն անխտրականօրէն համախումբ հայ ժողովուրդին ու անոր պետականութեան նորահաստատ խորհրդարանական համակարգին արդարամէտ ու յառաջադէմ ընթացքին` դէպի բարգաւաճ ապագայ:

Անկասկած, անշրջանցելի վերիվայրումներու եւ փոփոխութիւններու շրջանէ մըն է, որ կ՛անցնի այսօր քաղաքակիրթ մարդկութիւնը: Մարդկային յառաջդիմութեան ընթացքը կանգ չէ առած, շնորհիւ ամէն զոհողութեան պատրաստ անհատներու խոր հաւատքին` հանդէպ արդար ու խաղաղ ապագայի մը կարելիութեան, որ մղած է զանոնք պայքարելու յանուն այդ տեսլականի իրականացման: Պայքարի այդ ճամբուն, պատմական խրախուսիչ դէպքեր, դէմքեր ու թուականներ կը վերահաստատեն մարդկութեան հաւատքն ու կորովը մնալու՛ քաղաքակիրթ յառաջդիմութեան ճամբուն վրայ` ի խնդիր ապագայ սերունդներու բարօրութեան:

Այսպիսի յիշատակելի թուական մըն է մարտ ամսու 8-ը, որ աւելի քան մէկ դար առաջ սկսեր էր համախմբել քաղաքակիրթ աշխարհի կիները` լսելի դարձնելու համար կնոջ համահաւասար իրաւունքներու օրինական ճանաչումը` միջազգային միակա՛մ դրօշի մը ներքեւ:

Համաշխարհային Ա. պատերազմէն 6 տարի առաջ,  8 մարտ 1908-ին, այս ուղղութեամբ, Նիւ Եորք քաղաքին մէջ հազարաւոր կիներ, պահանջատիրական ցուցատախտակներ պարզած, իրենց ձայնը կը բարձրացնէին ի խնդիր անբաւարար ռոճիկներու յաւելման, համեստ օրապահիկի մը ի խնդիր, սեւ աշխատանքի երկարատեւ ժամերու կրճատման, ու իրենց (մինչ այդ անարդարօրէն զլացուած) ընտրելո՛ւ եւ ընտրուելո՛ւ քաղաքացիական իրաւունքին:

Մտածել, թէ այս պատմական նշանակութիւն ունեցող երեւոյթը կը պարզուէր նոր աշխարհի նոյ՛ն այդ քաղաքին մէջ, ուր (հազիւ երկու տարի ետք) դաշնակցական գործիչ Ակնունին կեանքի պիտի կոչէր հայ կիներու կո՛ւռ կազմակերպութիւն մը, որուն ներկայ բարեսիրական աշխարհատարած կառոյցը ծանօթ է բոլորին` իբրեւ Հայ օգնութեան միութիւն:

Կարճ ժամանակի մէջ, համայն աշխարհի յառաջադէմ երկիրներու տարածքին, կիներու միջազգային այս «Օր»-ը (համընթաց ընթանալով միջազգային ընկերվարութեան ժողովրդավար յարաճուն շարժման հետ) միջազգային ճանաչում պիտի ստանար, նկրտումներով լի յաջորդական տարիներու ընթացքին սատարելով կիներու եւ այլ փոքրամասնութեանց մարդկային, ընկերային ու քաղաքացիական իրաւունքներու օրինականացման համար մղուող շարունակական պայքարին:

Յետադարձ ակնարկով մը, կարելի՞ է միթէ առանց հպարտութեան նշել, թէ այդ բազմաթիւ քաղաքակիրթ երկիրներէն առաջ, 1918 թուականին, 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան աւերածութենէն ծնունդ առած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը արդէ՛ն իսկ կը հաստատէր սեռերու հաւասարութեան սկզբունքը` քուէարկելու, ընտրելու եւ ընտրուելու անկապտելի իրաւունքներու օրինականացմամբ ու գործադրմամբ:

Իրատեսօրէն մօտենալով ներկայ վերիվայրումներու ստեղծած միջավայրին` հարկ է նշել, թէ հակառակ որոշ մարզերու մէջ ցարդ արձանագրուած յառաջդիմութեան, երկար ճանապարհ կայ կտրելիք` հասնելու համար օրինականացած իրաւունքներու փաստացի ու համատարած գործադրման` ըլլա՛յ ընկերային ու տնտեսական, ըլլա՛յ միջազգային յարաբերութիւններու քաղաքական ու դիւանագիտական մարզերուն մէջ:

Արդարեւ, մինչեւ օրս, կիներու եւ այլ փոքրամասնութեանց մարդկային անկապտելի իրաւունքները կը մնան յաճախ անտեսուած` ժամանակի ընթացքին մղելով Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Կիներու իրավիճակի յանձնաժողովը (CSW) (որուն Տնտեսական եւ ընկերային յանձնաժողովին (ECOSOC) կ՛անդամակցի Հայ օգնութեան միութիւնը), որ շարունակէ ամէ՛ն տարի կազմակերպել Կիներու իրավիճակի քննարկման ու բարելաւման միջազգային համաժողով մը, որուն, պէտք չկայ ըսելու, թէ այլ կնոջական կազմակերպութիւններու կողքին իր գործնական մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայ օգնութեան միութիւնը:

ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

Նախորդը

Այնճարի Մէջ. Հոգեհանգիստ Զաւէն Թաշճեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.