Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի աշակերտներէն Կարօ Գրիգորեան «Էն.Տի.Եու.» համալսարանին կազմակերպած Միջդպրոցական 3-րդ մրցումին մասնակցելով տիրացաւ 2-րդ մրցանակին:
Լիբանանի երկրորդական վարժարաններու աշակերտներու յատուկ մրցումը տեղի ունեցաւ երկու փուլերով: Առաջին փուլը տեղի ունեցաւ 15 փետրուար 2017-ին` մասնակցութեամբ 30-է աւելի դաշնակահարներու: 21 փետրուարին տեղի ունեցած երկրորդ փուլին մասնակիցներուն թիւը 9 էր:
«Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի ուսուցիչներէն Մայք Աշճեանի մօտ 8-րդ դասարան եղող Կարօ Գրիգորեան մրցանքին ընթացքին կը ներկայացնէր Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը: