Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը Ազգային Վարժարաններու Միաւորման Օրակարգով Գումարեց Արտակարգ Նիստ Մը

Մարտ 10, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 8 մարտ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի արտակարգ նիստ մը` ներկայութեամբ Ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային վարչութեան, Ուսումնական խորհուրդի եւ Ազգային միացեալ վարժարանի կրթական խորհուրդի անդամներուն: Նիստի միակ օրակարգն էր Ազգային վարժարաններու միաւորման ծրագիրի ամբողջացումը` միաւորման հոլովոյթին մաս դարձնելով Ազգային Ռուբինեան-Սահակ Մեսրոպեան եւ Ազգային Սուրէն Խանամիրեան վարժարանները:

Սրբազան հօր բացման աղօթքէն ետք, Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեան բացուած յայտարարեց ժողովը: Ապա, Ազգային վարչութեան անունով պատրաստուած գրաւոր տեղեկագիր- ուսումնասիրութիւն մը ներկայացուց Յակոբ Հաւաթեան: Ան դիտել տուաւ, որ Ազգային միացեալ վարժարանի պաշտօնական բացման հանդիսութենէն ետք, 2017-2018 կրթական տարեշրջանի սկզբնաւորման, դպրոցներու միաւորման, անձնակազմի եւ ուսուցչական կազմի պատրաստութեան, կահաւորումի եւ լրացուցիչ այլ աշխատանքները կ՛ընթանան գոհացուցիչ թափով, եւ տնօրէնութեան կողքին գործող կրթական խորհուրդը մօտէն կը հետեւի ծրագիրներու մշակման եւ ընդհանուր աշխատանքներու գործադրութեան: Յակոբ Հաւաթեան ուրախութեամբ նշեց, որ ժողովուրդին մօտ Ազգային միացեալ վարժարանին շուրջ ստեղծուած է դրական ու խանդավառ մթնոլորտ եւ նշեց, որ նախնական արձանագրութիւնները սկսած են եւ միաւորուող վարժարաններու ծնողներուն հետ տեղի կ’ունենան ծանօթացման հանդիպումներ: Յակոբ Հաւաթեան յոյս յայտնեց, որ մինչեւ մարտ ամսուան վերջաւորութիւն, գրեթէ իրականացած ըլլայ ուսուցչակազմի ամբողջացումը: Ան աւելցուց, որ կրթական ծրագիրի պատրաստութեան եւ ուսուցիչներու վերաորակաւորման իմաստով կրթական խորհուրդն ու տնօրէնութիւնը նախատեսած են նախապատրաստական փուլ մը, իսկ քարոզչական աշխատանքներու ծիրին մէջ յատուկ ծրագիրով դպրոցը պիտի ծանօթացուի բոլոր ծնողներուն:

Անդրադառնալով Ազգային Ռուբինեան վարժարանին` Ազգային վարչութեան ատենապետը ըսաւ, որ հայ աշակերտութեան թիւի նուազումին եւ վարժարանին մէջ տեղացի աշակերտներու նկատառելի ներկայութեան պատճառով, Ռուբինեան վարժարանը դժուարութեամբ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, հետեւաբար, անհրաժեշտ նկատուեցաւ հոն յաճախող հայ աշակերտները եւս համախմբել Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ, որպէսզի անոնց ուսումնառութիւնը տեղի ունենայ  աւելի բարենպաստ պայմաններու մէջ: Այնուհետեւ, Յակոբ Հաւաթեան թիւերով ներկայացուց վարժարանի աշակերտութեան վերջին քանի մը տարիներու պատկերն ու պիւտճէական տուեալները, որոնք Ազգային վարչութեան որդեգրած որոշումին հիմքը կը կազմէին:

Անդրադառնալով Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի վիճակին` Յակոբ Հաւաթեան ներկայացուց վարժարանի աշակերտական պատկերը, որ տարուէ տարի անկումի մէջ ըլլալով, կը բարդացնէ վարժարանին տնտեսական վիճակը: Ան նաեւ յայտնեց, որ Միացեալ վարժարանի բացման հանդիսութենէն ի վեր, Ֆանարի եւ մօտակայ շրջաններուն մէջ, ծնողներուն մօտ սկսած է տեսանելի դառնալ իրենց զաւակները նոր վարժարան ուղարկելու յստակ վիճակ: Հետեւաբար, մէկ կամ երկու տարի ետք հարկադրաբար վարժարանը փակելու փոխարէն, այսօր միացումը բնական ձեւով եւ խանդավառութեան մթնոլորտի մէջ կարելի գտնելով եւ ի մտի ունենալով հայ աշակերտին կարիքները, Ազգային վարչութիւնը կ’առաջարկէ Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճը եւս միաւորել: Ան ընդգծեց, որ «Ազգային վարչութիւնը կը հաւատայ, որ իւրաքանչիւր հայ աշակերտի իրաւունքն է իր կազմաւորումը ստանալ արդիական եւ գեղեցիկ կառոյցի մէջ, որով, թելադրելի է, որ  հայ աշակերտութիւնը համախմբենք արդիական բոլոր կարելիութիւններով օժտուած նոր կրթօճախին մէջ եւ յանձնառու դառնանք ազգային կրթութեան համակարգը օժտելու ժամանակակից պայմանները բաւարարող անհրաժեշտ բոլոր գործօններով, որոնց ծիրին մէջ որակաւոր վկայեալ եւ երիտասարդ մարդուժը պէտք է կազմէ գործի յաջողութեան բանալին: Ան դիտել տուաւ, որ վարժարաններու միաւորումով կրնայ նոր որակ ստանալ մեր կրթական աշխատանքը եւ այդպիսով նաեւ կ’երաշխաւորուի հինէն եկող ու դէպի ապագայ ընթացող հայ մարդու պատրաստութեան առաքելութիւնը: Յակոբ Հաւաթեան եզրակացուց նշելով, որ Ազգային առաջնորդարանի վարժարաններու այս նոր ցանցը կոչուած է մաքուր նկարագիրով, ազգային ու կրօնական շունչով, հայութեամբ հպարտ, պատկանելիութեամբ գիտակից եւ ազգային կեանքի ծառայութեան պատրաստակամ ներուժ մատակարարելու մեր կեանքին»:

Իր կարգին, առաջնորդ սրբազան հայրը նշեց, որ թէեւ Ազգային Ռուբինեան վարժարանը արդէն իսկ վարժարաններու միաւորման հոլովոյթին մաս կը կազմէր, մինչեւ վերջերս Ազգային վարչութեան օրակարգին վրայ չէր ներկայացած Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի պարագան: Սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ երբ հարցը դրուեցաւ Ազգային վարչութեան քննարկելիք օրակարգին վրայ, ընդհանուր տուեալները սերտելով կողմնորոշուելու համար, Ազգային վարչութիւնը դարձեալ նկատի ունեցաւ հայ աշակերտին համար լաւագոյն կրթական պայմաններ տրամադրելու պահանջը: Հետեւաբար, այս փուլին եւ ընդհանուր խանդավառութեան մթնոլորտի մէջ Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի միաւորումը բարենպաստ նկատելով, սրբազան հայրը եւս Ազգային երեսփոխանական ժողովին առաջարկեց որդեգրել Ազգային վարչութեան տեսակէտը:

Զոյգ կրթական կառոյցներու միաւորման մասին Ազգային երեսփոխանները արտայայտելով իրենց տեսակէտները, յայտնեցին, որ անհրաժեշտ է Ազգային միացեալ վարժարանը օժտել արդի կրթական ծրագիրով, որպէսզի յաջողութիւն գտած այլ կրթական հաստատութիւններու մակարդակով եւ մրցունակ ոգիով կարելի ըլլայ աւելի մեծ թիւով աշակերտութիւն ներգրաւել վարժարանին մէջ: Առաջարկուեցաւ վերամուտի առիթով ծաւալել քարոզչական ընդարձակ աշխատանք եւ այդ ծիրին մէջ ստեղծել կարելիութիւններ` նաեւ շրջանցելու նիւթական անցուկ պայմաններու մէջ գտնուող ծնողներու դժուարութիւնները: Առաջարկուեցաւ սկզբնական շրջանին համար տարբեր շրջաններէ եկող աշակերտներու փոխադրութիւնը դարձնել անվճար:

Աւարտին, քուէարկութեան դնելով Ազգային վարչութեան ներկայացուցած բանաձեւը, Ազգային երեսփոխանական ժողովը որդեգրեց Ազգային Ռուբինեան եւ Ազգային Սուրէն Խանամիրեան վարժարանները Ազգային միացեալ վարժարանին միաւորելու Ազգային վարչութեան ներկայացուցած առաջարկը:

Նախորդը

«Մարտկոց», «Ազատամարտ» Եւ «Կամք» Թերթերու Թուայնացումը Շուտով Կը Սկսի «Ազդակ»-ի Յարկին Տակ

Յաջորդը

Բագրատունի Կը Շնորհաւորէ Հայ Ուսուցիչը

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 15, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Հալէպի Հայ Կեանքին Մէջ Համաճարակի  Ստեղծած Կացութեան
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Ռայի Պատրիարքին

Մայիս 15, 2025
«Echoes Of A Classroom» Հատորի Շնորհահանդէս
Գաղութային

«Echoes Of A Classroom» Հատորի Շնորհահանդէս

Մայիս 15, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?