Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՌԻ Ընկերութեան Ընդհանուր Ժողով

Մարտ 11, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 9 մարտ 2017-ի երեկոյեան «Արմենիա» պողոտայի ճաշարաններէն «Իթալիըն Փրոճեքթ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ Արցախ ռուց ինվեսթմընթ (ԱՌԻ) ընկերութեան տարեկան ընդհանուր ժողովը:

Խօսք առաւ ընկերութեան նախագահ Սուրէն Սարգիսեան: Ան ողջունեց հին ու նոր շահընկերները` «ԱՌԻ-ական»-ները: Այնուհետեւ ան ընթերցեց Արցախի վարչապետ Արա Յարութիւնեանի հետեւեալ խօսքը` ուղղուած ներկաներուն.

«Սիրելի՛ ԱՌԻ-ական ընկերներ,

Շատ էի ցանկանում ներկայ լինել ձեր տարեկան ժողովին, սակայն ցաւօք, աշխատանքային ծանր բեռնուածութիւնից ելնելով, չկարողացայ այցելել Լիբանան: Ուստի իմ հեռակայ ողջոյններն ու շնորհակալութիւններն եմ յղում ձեզ` յոյս յայտնելով, որ առաջիկայում հանդիպելու հնարաւորութիւն ունենանք: Ուրախութեամբ փաստում եմ,  որ ԱՌԻ-ն լաւ արդիւնքներով է փակել 2016 թուականը, իր ներդրումն ունենալով Արցախի զարգացման գործում եւ վստահ եմ, որ 2017 թուականին դեռ աւելի մեծ են լինելու ձեր ներդրումներն ու յաջողութիւնները: Կ՛ուզէի հաւաստիացնել, որ այդ ճանապարհին Արցախի կառավարութիւնն իր հերթին պատրաստակամ է առաւելագոյն աջակցութիւն ցուցաբերել ԱՌԻ-ի հայրենանուէր ջանքերին: Բարի  ընթացք եմ մաղթում ԱՌԻ-ական այս ժողովի քննարկումներին»:

Ապա խօսք առաւ ԱՌԻ ընկերութեան վարչական խորհուրդի անդամ Մասիս Ալեքսանտրեան, որ սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց ԱՌԻ-ի աշխատանքը:

Ան նախ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց ԱՌԻ-ի ստեղծման պատճառն ու նպատակը: Ան ըսաւ. «Հողը նրան է, ով այնտեղ ապրում է»: Հազարաւոր ազատամարտիկներ իրենց արիւնը թափեցին ազատագրելու համար տարածքներ, որոնք ամայի կը մնան: Եթէ այդ տարածքները չվերաբնակեցուին, ուշ կամ կանուխ զանոնք կը կորսնցնենք: Հետեւաբար ԱՌԻ-ն եկաւ օժանդակելու համար Արցախի ժողովուրդի վերաբնակեցումին: Ան աւելցուց, որ գիւղացիներուն հասանելի չեն դրամատուները: Իսկ Արցախի մէջ ամէն տեսակ ազդակներ կան` բնութիւնը, մարդուժը, առատ ջուրը, սակայն կը պակսէր դրամագլուխը: ԱՌԻ-ն եկաւ այդ բացը գոցելու, գիւղացիին հայթայթեց այն դրամագլուխը, որ պէտք ունէր, որպէսզի զարգացնէ իր աշխատանքը, արտը մեծցնէ եւ կովերը բազմապատկէ:

Մասիս Ալեքսանտրեան նաեւ անդրադարձաւ ԱՌԻ-ի գործունէութեան «Պիզնըս Մոտըլ»-ին: Անհատը անդամ կը դառնայ ԱՌԻ-ին շատ փոքր գումարով մը, որմէ ետք կը կատարէ դրամարկումը, որ կը կատարուի գումարի փոխանցումով մը: Այդ գումարը կը տրուի գիւղացիին` իբրեւ փոխատուութիւն երեք տարուան համար: Իւրաքանչիւր տարուան աւարտին դրամարկողը կը ստանայ տոկոսը: ԱՌԻ-ն իր կարգին այդ գումարները կը փոխանցէ պետութեան պատկանող հիմնադրամի մը, որ կը կոչուի «գիւղ» հիմնադրամ` «Ակրոֆոնտ», որ իր կարգին գումարը կու տայ գիւղացիին: Գիւղացին կը գործածէ այդ գումարը արտը մշակելու, քաղաքը մեծցնելու: Ապա այդ գումարները ետ կը տրուին ԱՌԻ-ին եւ ԱՌԻ-ն ետ կու տայ զանոնք «գիւղ» հիմնադրամին, ապա «գիւղ» հիմնադրամը զանոնք ետ կը փոխանցէ ԱՌԻ-ին եւ վերջապէս ԱՌԻ-ն կը վերադարձնէ զանոնք դրամարկողներուն:

Մասիս Ալեքսանտրեան խօսեցաւ նաեւ 2016-ի ցուցանիշներուն մասին: ԱՌԻ-ին մաս կը կազմէին 16 անհատներ, իսկ այժմ անիկա ունի 187 բաժնետէր: Ընկերութիւնը սկսած է 300.000 տոլար գումարով մը, իսկ այժմ ան բաժնետէրերէն ստացած է 3.700.000 տոլարի վարկ: ԱՌԻ-ն իր կարգին «գիւղ» հիմնադրամին փոխանցած է 4.100.000 տոլար եւ 1.800.000 տոլար յատկացուցած է շինարարութեան: Այսինքն` շուրջ 6.000.000 տոլարի ներդրում կատարած է ԱՌԻ-ն Արցախի Քաշաթաղ եւ Շահումեան շրջաններուն մէջ, որոնք Հայաստանը եւ Արցախը կը շաղկապեն: Ցարդ, 8 տարիներու ընթացքին ԱՌԻ-ն իր բաժնետէրերուն բաժնած է շուրջ 900.000 տոլարի գումար մը: Իր բոլոր պարտաւորութիւնները կատարելէ եւ բաժնետէրերուն տոկոսները վճարելէ ետք, ԱՌԻ-ն տարին կը փակէ 18.000 տոլար շահով մը:

Այժմ ԱՌԻ-ն «գիւղ» հիմնադրամին տուած է 1.600.000 տոլար: Իսկ շինարարական աշխատանքներուն համար տուած է 1.700.000 տոլար եւ բաժնետէրերէն ստացած է 3.700.000 տոլար:

Ապա խօսք առաւ ԱՌԻ-ի վարչական խորհուրդի անդամ Վահան Գասարճեան: Ան խօսելով ժողովի վայրին ընտրութեան մասին ըսաւ, թէ այս ճաշարանը կը գտնուի «Արմենիա» պողոտային վրայ, որ յատկանշական է եւ Պէյրութի ամէնէն հին թաղերէն մէկն է:

Գասարճեան ըսաւ, թէ այժմ Արցախի մասին հարցերու եւ պատերազմի մասին կը լսենք, սակայն երբ անդրադառնանք գետնի վրայ եղող տուեալներու, ուրիշ տարբերակներ կը տեսնենք: Ան խօսեցաւ Արցախի տնտեսութեան մէջ համախառն ներքին արդիւնքի աճին մասին: Անցնող տարի 9,1 առ հարիւր աճ եղած է Արցախի մէջ: Իսկ (մէկ անհատի հաշուով համախառն ներքին արդիւնքը), անցնող տասը տարիներուն նաեւ  աճ արձանագրած է եւ այսօր ան մօտ 3.000 տոլար է: Իսկ այժմ նաեւ Արցախի արտադրութեան վրայ մեծ աշխատանք կը տարուի: Ան նշեց նաեւ, որ Վարդենիս-Մարտակերտ ճամբան աւարտելու վրայ է, որ նաեւ մեծ դեր պիտի ունենայ տնտեսութեան վրայ:

Արցախի մէջ ԱՌԻ-ի ներդրումին մասին խօսելով` Գասարճեան ըսաւ, որ անասնապահութեան եւ երկրագործութեան մէջ մօտ 600.000 ներդրում եղած է: 199 գիւղ օգտուած է ԱՌԻ-ի վարկերէն: Այս տարի 200 նոր ընտանիք օգտուած են ԱՌԻ-ի վարկերէն, այսինքն` մօտ 700 անհատ:

Ժողովի աւարտին ցուցադրուեցաւ Առիաւանի բացումը ներկայացնող ժապաւէնը, որուն յաջորդեց Արցախ փոխադրուած սփիւռքահայ երիտասարդի մը վաւերագրական ժապաւէնը:

 

 

Նախորդը

Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդ. Ուսուցչաց Տօնին Նուիրուած Ընթրիքի Երեկոյ

Յաջորդը

Ուաշինկթըն Մտադիր Է Ռաքքան Ազատագրել Թուրքիոյ Հետ Գործակցաբար

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?